Երկուշաբթի՝ 24 Ապրիլի կէսօրէ ետք ժամը 5ին, Նէա Զմիռնիի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակաց յուշարձանին շուրջ համախմբուեցաւ հոծ թիւով հայութիւն՝ հոգեւորական արարողութեամբ եւ պաշտօնական շուքով ոգեկոչելու համար սրբադասուած մեր բիւրաւոր նահատակներուն անմահ յիշատակը։
Ոգեկոչման արարողութեան հանդիսապետեց յունահայոց թեմակալ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կոմիտաս Արք. Օհանեան՝ իր կողքին ունենալով հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդները՝ Յովսէփ Ծայրագոյն Վարդապետ Պէզազեան եւ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, ինչպէս նաեւ՝ հոգեւոր հայրեր Խորէն Վարդապետ Առաքելեան, Վահրիճ Վարդապետ Ղարախանեան եւ Նարեկ Քահանայ Շահինեան։
Պաշտօնական անձնաւորութեանց շարքին ներկայ գտնուեցան Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան պրն. Ֆադէյ Չարչօղլեան՝ Հ.Հ. հիւպատոսի, Հ.Հ. զինուորական կցորդի եւ Յունաստանի մէջ Հ.Հ. ուսանող սպաներու պատուիրակութիւնը։ Ներկայ եղան Նէա Զմիռնիի մեթրոպոլիտ Սիմէոն եւ Խրիսոսթոմոս Հայրերը, ինչպէս նաեւ՝ Աթէնքի հրեայ համայնքի Րավինոս Րաբբին։ Պետական-քաղաքական անձնաւորութեանց շարքին պատուոյ կարգը գրաւած էին Մարզպետարանի ներկայացուցիչ Ակելիքի Լեվենտի, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ. Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Քերովփէ Էքիզեան, յունահայոց թեմի Ազգային Վարչութեան ատենադպիր ընկ. Թագւոր Յովակիմեան։ Նոյնպէս՝ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Ստաւրոս Ծուլաքիս, փոխ-քաղաքապետներ պարոններ Վակելիս Խաչատուրեան, Եորեոս Քրիքրիս, Իոաննիս Տիմաքիս, տիկ. Իոաննա Քարիոֆիլի եւ քաղաքապետարանի խորհրդական տիկ. Նորա Ղալանոփուլու։ Ներկայ եղան նաեւ Նէա Տիմոքրաթիայի ներկայացուցիչ պրն. Սաքիս Իոաննիտիս եւ Էվէլփիտոն դպրոցի փոխ-գնդապետ ներկայացուցիչ Խարալամպոս Քանաթաս։
Ոգեկոչման հանդիսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետարանի նուագախումբը՝ պրն. Փսարիանոսի ղեկավարութեամբ։
Ոգեկոչումի հոգեւորական արարողութենէն ետք, օրուան հանդիսավար ընկ. Սերգօ Գափլանեան ներկաներուն ուղղեց հանդիսութեան նախագահի իր խօսքը՝ շեշտելով.
«Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարուան ոգեկոչական մեր ձեռնարկներու շարքը այսօր մեզ կը համախմբէ հոս՝ Նէա Զմիռնիի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին առջեւ։
«Արդէն երկու տարի է, որ բոլորած ենք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը, որ Հայ Դատի պայքարը նորովի իմաստաւորեց, քանի որ մենք արդէն թեւակոխած ենք հայոց իրաւունքներու վերատիրացման նոր ու աշխոյժ փուլ։ Յայտնի է, թէ այս նոր սահմանը, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման պահանջէն կ’անցնի հատուցման պահանջատիրութեան։
«Ազգային դատ ունինք, եւ այս ուղղութեամբ՝ հայ ժողովուրդը իր առաքելութեան կը գիտակցի եւ իր ներկայութեամբ ու գործօն մասնակցութեամբ, այսօր, հաւաք կը կատարէ, ցոյց կը կազմակերպէ, դէպի թրքական դեսպանատուն կ’ուղղուի, ամբողջ աշխարհի մէջ, մեր բոլորին ազգային պայքարը յառաջ տանելով։
«Մենք իրաւատէր կը մնանք, վճռական ու մարտունակ, Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններով, Սփիւռքի գաղութներով, միասնական ձայնով ու կը պահանջենք մեր իրաւունքն ու արդարութիւնը:
«- Որովհետեւ, հաւատացէ՛ք, մեր մշակութային Եղեռնը կը շարունակուի ու պիտի շարունակուի, քանի որ ցեղասպանը անպատիժ կը մնայ:
«- Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, երբ քաղաքակիրթ հասարակութեան կողմէ այդ քանդումին հանդէպ լուռ հանդուրժողութիւն կը ցուցաբերուի:
«- Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, երբ ազգի մը հաւաքական յուշը, յիշողութիւնը սպաննելու, ոչնչացնելու փորձ կը կատարուի:
«- Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, երբ Արցախի հերոսական ժողովուրդը ռազմային յարձակումներու կ’ենթարկուի։
«- Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, երբ ժխտողականութիւնը կ’աւելնայ:
«Հայաստանն ու հայութիւնը իրենց ներկան ու ապագան մեծ յոյսի ակնկալութեամբ ապրելու իրաւունք ունին: Այդ յոյսն ու արդարութեան հանդէպ հաւատքն է, որ մեզ կ’առաջնորդեն դէպի պայքարի նոր ուղիներ։
«Մենք ներկա՛յ ենք կ’ըսենք»։ Այնուհետեւ Մարզպետարանի կողմէ հակիրճ ելոյթ ունեցաւ տիկին Ակելիքի Լեվենտի, որ շեշտեց ցեղասպանութեան օրինակով ծանրակշիռ յանցագործութիւնները մոռացութեան չտալու եւ արդար դատաստանի ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի նման ոճիրներ չկրկնուին այլեւս։
Հայոց Ցեղասպանութեան մեծ ոճիրը եւ թրքական պետութեան կրած անժամանցելի պատասխանատուութիւնը շեշտող բանախօսութեամբ իր խօսքը ուղղեց Կոմիտաս Արք. Օհանեան։ Յունահայոց թեմակալ Կաթողիկոսական Փոխանորդին խօսքը ամբողջութեամբ լոյս կ՚ընծայենք յաջորդիւ։
Ոգեկոչման աւարտին՝ Նէա Զմիռնիի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակաց յուշարձանին դափնեպսակներ զետեղեցին՝
— Յանուն յունահայութեան՝ պրն. Յովիկ Ներսէսեան։
— Հ.Հ. դեսպան պրն. Ֆադէյ Չարչօղլեան։
— Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Ստաւրոս Ծուլաքիս։
— Մարզպետարանի ներկայացուցիչ տիկ. Ակելիքի Լեվենտի։