ԵԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
ՍԱՄՑԽԷ-ՋԱՒԱԽՔԻ ՄԵՏԻԱ ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

­Տա­կա­ւին դպրո­ցա­կան դա­սա­գիր­քե­րէն հայ ժո­ղո­վուր­դը լսած է «­Մեծ ­Թու­րան» ծրա­գի­րին մա­սին, ո­րուն պատ­ճա­ռով այդ­քան տու­ժեր է հայ ժո­ղո­վուր­դը:
­Բո­լորս ալ գի­տենք, թէ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ի՛նչ նպա­տա­կով գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ կող­մէ: ­Հիմ­նա­կան նպա­տա­կը այն էր, որ օս­ման­ցի թուր­քե­րը կա­րե­նան միա­ւո­րո­ւիլ մնա­ցած թրքա­լե­զու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հետ։ Ա­տոր հիմ­նա­կան խո­չըն­դո­տը կը հան­դի­սա­նար հայ ժո­ղո­վուր­դը:
Ն­պա­տա­կը չէր փո­խո­ւած նաեւ 1988-1994 թո­ւա­կա­նե­րու Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն, երբ նոյն ­Թուր­քիան յոյ­սեր կը փայ­փա­յէր՝ ի նպաստ Ատր­պէյ­ճա­նի լու­ծե­լու Ար­ցա­խեան խնդի­րը եւ, այդ­պի­սով, ստա­նա­լու ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Մեղ­րիի հա­տո­ւա­ծը, միա­ւո­րո­ւե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճա­նի հետ: ­Կար­ծես նպա­տակ­նե­րը այ­սօր ալ չեն փո­խո­ւած, եւ ա­մէն վայր­կեան կրնայ նոր պա­տե­րազմ սկսիլ Ար­ցա­խի մէջ, ինչ որ ցոյց տո­ւին 2016 թո­ւա­կա­նի Ապ­րի­լեան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը:
Եւ այս պայ­ման­նե­րուն մէջ աշ­խար­հի հա­մայն հա­յու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը սե­ւե­ռած է հա­յոց Ար­ցա­խին վրայ, սա­կայն տո­ւեալ լա­րո­ւած ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ար­դէն եր­կար տա­րի­ներ է, որ ­Թուր­քիան ու Ատր­պէյ­ճա­նը կ­՛ի­րա­կա­նաց­նեն մէկ այլ մեծ ծրա­գիր, ո­րուն մի­ջո­ցով կը կա­ռու­ցո­ւի այ­լընտ­րան­քա­յին ու­ղի՝ «­Մեծ ­Թու­րան» ծրա­գի­րը ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար:
­Տո­ւեալ փան-թուր­քիզ­մեան (հա­մաթր­քա­կան) ծրա­գի­րը, ցա­ւօք, կ­՛իյ­նայ մէկ այլ հա­յաբ­նակ տա­րած­քի վրայ, որ հիւ­սի­սէն սահ­մա­նա­կից է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան:
­Տա­կա­ւին 1918 թո­ւա­կա­նին, թրքա­կան բա­նա­կը փոր­ձեց գրա­ւել ­Ջա­ւախ­քի շրջա­նը, սա­կայն հան­դի­պե­ցաւ հոն ապ­րող հայ ժո­ղո­վուր­դին, նաեւ՝ տե­ղա­ցի վրա­ցի­նե­րուն կա­տա­ղի դի­մադ­րու­թեան:
­Բո­լորս լաւ գի­տենք Ա­խալց­խա­յի յայտ­նի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան մա­սին, լաւ գի­տենք, թէ թրքա­կան ներ­խուժ­ման պատ­ճա­ռով որ­քան մեծ զո­հեր ու­նե­ցանք ­Ջա­ւախ­քի հա­տո­ւա­ծին մէջ: ­Սա­կայն պէտք է խոս­տո­վա­նիլ, որ այս բո­լո­րէն ոչ միայն դա­սեր չենք քա­ղած, այ­լեւ չենք վե­րա­փո­խո­ւած՝ ըն­կա­լե­լու հա­մար այ­սօ­րո­ւան նոր տե­սա­կի տնտե­սա­կան ու ժո­ղովր­դագ­րա­կան պա­տե­րազ­մի վտան­գը: ­Թուր­քե­րուն հա­մար ­Պա­թումն ու Ա­խալց­խան ու­նին մեծ ռազ­մա­գի­տա­կան նշա­նա­կու­թիւն: Ա­նոնք Ա­խալց­խա քա­ղա­քը կ­՛ա­նո­ւա­նեն «Ա­խիս­խա» եւ կը հա­մա­րեն ի­րենց պատ­մա­կան տա­րած­քը, ուր կը ցան­կան վերս­տեղ­ծել ի­րենց եր­բեմ­նի ազ­դե­ցու­թեան լծակ­նե­րը:
­Վեր­ջերս պար­զա­բա­նո­ւե­ցաւ, որ Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը, ո­րոնք ազ­գու­թեամբ թուրք-մես­խեթ­ցի­ներ են, թի­ւով շուրջ 30 հո­գի, ե­կեր են Ատր­պէյ­ճա­նէն եւ ըն­դու­նո­ւեր Ա­խալց­խա­յի Ի­ւա­նէ ­Ջա­ւա­խիշ­վի­լիի ա­նո­ւան պե­տա­կան հա­մալ­սա­րան: Ա­նոնք ընտ­րած են հիմ­նա­կա­նօ­րէն հա­մալ­սա­րա­նի գոր­ծա­ռոյ­թի բա­ժի­նը: ­Կը սպա­սո­ւի, որ ա­նոնց թի­ւը հա­մալ­րո­ւի եւս 45 հո­գիով։ Այս բա­նը դժգո­հու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած է հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րուն մօտ: ­Յայտ­նա­բե­րո­ւած է, որ միա՛յն Ա­խալց­խա­յի շրջա­նին մէջ շու­տով կ­՛ու­նե­նանք շուրջ 70 ատր­պէյ­ճան­ցի ու­սա­նող:
Ա­միս­ներ ա­ռաջ բա­ցա­յայ­տո­ւե­ցաւ, որ Ա­խալց­խա­յի ­Տա­ւառ­նի կո­չո­ւող թա­ղա­մա­սին մէջ, ուր կը բնա­կին հիմ­նա­կա­նօ­րէն թուրք-մես­խեթ­ցի­նե­րը, մես­խեթ­ցի­նե­րուն բաշ­խո­ւած են մեծ թի­ւով մե­ղո­ւա­պա­հու­թեան հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած փե­թակ­ներ, ո­րոնց վրայ կա­րե­լի է տես­նել թրքա­կան դրօշ­նե­րով կո­ճակ­ներ:
Եւ այդ միայն սա­ռոյ­ցին տե­սա­նե­լի մա­սը կը հան­դի­սա­նայ:
Ա­խալց­խա­յէն դէ­պի ա­րեւ­մուտք Ա­դի­գե­նի շրջա­նը եւս հան­գիստ չէ: Ար­դէն ե­րեք տա­րիէն ա­ւե­լի է, որ Ա­դի­գե­նի շրջա­նի մահ­մե­տա­կան­նե­րը աշ­խու­ժօ­րէն կը պայ­քա­րին ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար: Ս­կիզ­բը ­Ճե­լա գիւղն էր, ուր ա­ռանց վրա­ցի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն գի­տու­թեան տե­ղադ­րո­ւե­ցաւ մի­նա­րէթ: ­Ճիշդ է, որ մի­նա­րէ­թը քան­դո­ւե­ցաւ, սա­կայն ժա­մա­նակ մը ետք կրկին տե­ղադ­րո­ւե­ցաւ իր նախ­կին տե­ղը: ­Պայ­քա­րը այն­քան սաս­տիկ էր, որ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ձեր­բա­կա­լո­ւած մահ­մե­տա­կան­նե­րը ստի­պո­ւած ա­զատ ար­ձա­կե­ցին՝ ա­նոնց փոք­րիկ տու­գանք­ներ վճա­րել տա­լով:
­Շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ­Մո­խէ գիւղն էր, որ եր­կու տա­րի պայ­քա­րե­ցաւ իր մզկի­թին հա­մար, ո­րուն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը վեր­ջերս տո­ւին վի­ճե­լի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին յու­շար­ձա­նի կար­գա­վի­ճակ, իսկ մահ­մե­տա­կան­նե­րուն հա­մար գիւ­ղի կեդ­րո­նը նոր մզկիթ պի­տի կա­ռու­ցո­ւի: ­Մօտ օ­րէն կը յստա­կա­նայ, թէ ինչ­պէ՛ս կը պա­տաս­խա­նեն տո­ւեալ ո­րո­շու­մին տե­ղի մահ­մե­տա­կան­նե­րը։
­Նոյն­պէս վեր­ջերս, Ա­դի­գե­նի մահ­մե­տա­կան հա­մայն­քին տրո­ւե­ցաւ ե­րեք մզկիթ, որ­մէ ետք ա­նոնց պի­տի տրո­ւի նաեւ 12 մզկիթ:
­Հի­մա վե­րա­դառ­նանք Ա­խալց­խա: Ա­խալց­խա­յի մէջ քա­լե­լով ա­մէն վայր­կեան կա­րե­լի է հան­դի­պիլ բազ­մա­թիւ թուրք քա­ղա­քա­ցի­նե­րու, ո­րոնք յա­ճախ կը պտը­տին խում­բե­րով: ­Քա­ղա­քի սրճա­րան­նե­րը եւս լե­ցուն են ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­ցի­նե­րով:
­Հա­ւա­նա­բար նման կամ ա­ւե­լի վատ վի­ճակ կը սպա­սո­ւի Ա­խալ­քա­լա­քին ու ­Նի­նոծ­մին­տա­յին, երբ շա­հա­գոր­ծո­ւի ­Պա­քու-­Թիֆ­լիս-­Կարս եր­կա­թու­ղին: Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէ­ջէն միայն մէկ ելք կայ. ըն­դու­նիլ թա­քուն խառ­նա­ծին պա­տե­րազ­մի կա­նոն­նե­րը եւ պայ­քա­րիլ նոյն ո­ճով, ամ­րաց­նե­լով մեր եր­կու եղ­բայր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն՝ հա­յե­րուն եւ վրա­ցի­նե­րուն հիմ­քե­րը, ի­րենց իսկ հայ­րե­նի տա­րածք­նե­րուն մէջ:
Ատր­պէյ­ճա­նի լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն ո­ճը միշտ ե­ղած է սեպ խրել մեր եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ,ինչ որ պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն է մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն նկատ­մամբ: Ն­պա­տա­կը բաժ­նել եւ տի­րելն է, կամ՝ դրա­մով գնե­լը վրա­ցի խմբա­գիր­ներ, քա­ղա­քա­գէտ­ներ եւ ո­րոշ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ, ո­րոնք հա­յե­րու օ­րի­նա­կան պա­հանջ­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն որ­պէս ան­ջա­տո­ղա­կա­նու­թիւն: SOCAR ըն­կե­րու­թեան տնտե­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը Վ­րաս­տա­նի տնտե­սու­թեան վրայ յստակ է գրե­թէ բո­լո­րին: ­Գաղտ­նիք չեն նաեւ ըն­կե­րու­թեան կա­պե­րը նախ­կին իշ­խա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, ո­րոնք հիմք նա­խա­պատ­րաս­տե­ցին այ­սօ­րո­ւան թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան ներ­խուժ­ման:
Այ­սօր, ի հար­կէ, ­Սամց­խէ-­Ջա­ւախ­քի մէջ ապ­րող հա­յե­րը ու­նին բազ­մա­թիւ խնդիր­ներ, ո­րոնք ա­րո­ւես­տա­կա­նօ­րէն ստեղ­ծո­ւած են նա­խորդ թրքա­մէտ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ եւ մա­սամբ կը շա­րու­նա­կո­ւին ներ­կա­յիս ան­հե­ռա­տես, իշ­խա­նու­թեան մէջ ոչ-պա­տա­հա­կա­նօ­րէն յայտ­նո­ւած մար­դոց կող­մէ:
­Սա­կայն այս­տեղ եւս հարկ է խե­լա­միտ մօ­տե­ցում ցու­ցա­բե­րել՝ չվնա­սե­լու հայ-վրա­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ, մի­ջո­ցին, փու­լե­րով լու­ծե­լու կու­տա­կո­ւած խնդիր­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին պի­տի տու­ժեն թէ՛ հա­յե­րը եւ թէ վրա­ցի­նե­րը ու պի­տի յաղ­թէ «­Մեծ ­Թու­րան»ի ծրա­գի­րը, որ ու­նի մեծ ֆի­նան­սա­կան ու մարդ­կա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ:
­Պէտք է օր-ա­ռաջ բա­ցատ­րենք մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­ւա­նա­կան վտանգ­նե­րուն մա­սին, ա­պա ­Հա­յաս­տա­նի, Վ­րաս­տա­նի ու Ս­փիւռ­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ մշա­կենք աշ­խա­տանք­նե­րու ծրա­գիր, ըլ­լա՛յ ըն­կե­րա­յին, հա­սա­րա­կա­կան, տե­ղե­կա­տո­ւա­կան թէ այլ ո­լորտ­նե­րուն՝ հա­կազ­դե­լու, կանգ­նեց­նե­լու այն մեծ ու­ժը, որ ար­դէն մէկ դար է եր­կիր­նե­րու եւ ազ­գե­րու ճա­կա­տա­գիր­ներ կոր­ծա­նե­լով՝ կ­՛ու­զէ միա­ւո­րո­ւիլ իր բա­րե­կամ պե­տու­թիւն­նե­րուն հետ, ստեղ­ծե­լու հա­մար ­Մեծ ­Թու­րա­նի ի­րենց ե­րա­զած պե­տու­թիւ­նը: