ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Կայ այն տպաւորութիւնը, որ վերջին օրերու Ցեղասպանութեան տարելիցը նշող բազմաթիւ ու աշխարհատարած ձեռնարկներու թոհուբոհին մէջ, Մեծ Եղեռնին առնչուող բաւական կարեւոր իրադարձութիւն մը բոլորովին աննկատ անցաւ:
Արդարեւ, 21 Ապրիլ 2017ին Մարսէյլի թաղամասերէն մէկուն մէջ, փոքր տարածութեամբ պուրակ մը պաշտօնապէս մկրտուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի անունով:
Բացման հանդիսութեան ընթացքին նշանատախտակի մը վրայ Ֆրանսայի քաղաքային խորհուրդներու որդեգրած յատուկ ոճով գրուած է`
«6րդ շրջան
Սողոմոն Թեհլիրեան պուրակ
Հայ ժողովուրդի պաշտպան
(1897-1960)»
Իսկ անոր կողքին զետեղուած վահանակի մը վրայ տրուած են աւելի լայն բացատրութիւններ: Այդտեղ կ՛ըսուի, թէ Թեհլիրեան հայ արդարամարտիկ է. ան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Նեմեսիս» գործողութեան ծիրին մէջ 15 Մարտ 1921ին Պերլինի մէջ մահապատիժի ենթարկած է 1915ին Օսմանեան Կայսրութեան Երիտասարդ Թուրքերու կառավարութեան կողմէ իրագործուած ու 1.500.000 միլիոն զոհ պատճառած Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն` Թալէաթ փաշան, որ իր երկրին կողմէ ի բացակայութեան մահուան դատապարտուած էր մարդկութեան դէմ գործած իր ոճիրներուն համար: Նաեւ, որ Սողոմոն Թեհլիրեան անպարտ արձակուած էր Պերլինի մէջ կայացած դատավարութեան աւարտին:
Ճիշդ է, որ պուրակի մկրտութեան աքթը (արարքը) կը կարօտի միայն քաղաքապետարանի մը խորհուրդի վաւերացման: Ֆրանսայի պէս ժողովրդավար երկրի մը մէջ, սակայն, քաղաքապետարան մը, յատկապէս Մարսէյլի նման մեծ քաղաքի մը քաղաքապետարանը, նկատառելի պետական կառոյց է: Մանաւանդ որ կոկիկ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցած բացման արարողութեան հիմնական կնքահայրը Ժան-Քլոտ Կոտենն է, աւելի քան քսան տարիներէ ի վեր Մարսէյլի քաղաքապետը. Ժ.-Ք. Կոտեն ներկայիս նաեւ Էքս-Մարսէյ-Փրովանս նորաստեղծ ոստանի (մետրոպոլիս) նախագահն է եւ Ֆրանսայի ծերակոյտի փոխ-նախագահը (ատեն մը` նախագահը): Ան հանդիսութեան ընթացքին կը պախարակէ ժխտողականութիւնը, իսկ Մարսէյլի 4րդ հատուածի քաղաքապետ Իվ Մորեն ժխտողականութեամբ անուանապէս կը մեղադրէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Ալիեւն ու Էրտողանը:
Անշուշտ հայկական միջավայրին մէջ` Հայաստան եւ այլուր, Սողոմոն Թեհլիրեանին ի պատիւ կան բազմաթիւ մեծ ու փոքր յուշարձաններ: Հասարակ տեղիք է ըսելը, թէ Սողոմոն Թեհլիրեան յուշարձան մը ունի իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ` անկախ անոր քաղաքական արեւելումէն, կուսակցական պատկանելիութենէն կամ համակրանքէն: Սակայն Մարսէյլի ոչ-հայկական պետական կառոյցի մը նման քայլը կը պարունակէ խորհրդանշական լուրջ իմաստ, մանաւանդ մեր օրերուն եւ յատկապէս Ֆրանսայի՛ նման երկրի մը պարագային, որ վերջին տարիներուն բազմաթիւ անգամներ զոհը դարձաւ ծայրայեղականներու կողմէ գործադրուած անմեղներ հնձող ահաբեկչական արարքներու: Մարսէյլը ուրեմն լուրջ տարբերութիւն կը դնէ արիւնարբու ահաբեկչութեան եւ իրաւացի պատժական արարքին միջեւ:
Արդարեւ, Սողոմոն Թեհլիրեանի անուան հանդէպ այս յարգալիր վերաբերումը բացառութիւն մըն է վերջին տասնամեակներու քաղաքական միջազգային բեմի ընկալեալ սովորութեան եւ գործածուող բառամթերքի ծիրին մէջ: Մեր օրերուն որեւէ հաւաքականութեան ազատամարտիկը, ինչքան ալ յարգէ քաղաքական ու մարտական գործին մէջ ընդունուած բարոյական չափանիշները, նոյնիսկ մարդակերպ հրէշի մը դէմ գործողութենէ մը ետք, կ՛արժանանայ ահաբեկիչի համբաւին, որ մեր օրերուն թերեւս անվերադարձ կերպով ստացած է խիստ ժխտական իմաստ: Այլեւս ահաբեկիչ անունը վերապահուած է կնոջ ու երեխայի, փողոցի մէջ անմեղօրէն պտտող անցորդներու, սրճարանի մը մէջ խաղաղօրէն իրենց սուրճը խմողներու, մեթրոյի մը մէջ ամբողջ օրուան մը աշխատանքէն տուն վերադարձող մարդոց դահիճը հանդիսացողին: Նոյն անուան ու միջազգային հասարակութեան ժխտական վերաբերումին կ՛արժանանայ նաեւ իր հաւաքականութեան համար ինքզինքը զոհելու գնով բազմաց դժբախտութեան ու մահուան պատճառ դարձած, անոնց տուայտանքներուն գլխաւոր պատասխանատու բռնատէրը պատուհասողը: Երկուքն ալ ահաբեկիչ կը համարուին եւ երկուքն ալ կը դատապարտուին աշխարհի մեծերուն կողմէ: Անոնք նոյն օրէնքին ենթակայ են՝ աջ ու ձախ անխտիր մահ սփռողն ու դժբախտ մարդոց առնուազն մարդկային տարրական արժանապատուութեան պաշտպանը հանդիսացողը:
Ընթացող տարուան Ապրիլ 21ին պաշտօնական Մարսէյլը համաձայն չեղաւ այս նոյնացումին` գէթ Սողոմոն Թեհլիրեանի պարագային: Գերմանական յետ-պատերազմեան դատարանի վճիռին հետ շատ կապ չունի Մարսէյլի կեցուածքը: Այսօր յայտնի է, թէ հապճեպ ձեւով տեղի ունեցած, բայց եւ այնպէս ճիշդ ու արդար որոշում կայացուցած գերմանական դատարանի հիմնական մտահոգութիւնը արդարութեան յաղթանակը չէ եղած, այլ` հայկական ողջակիզման արարքէն գերմանական պատասխանատուութեան վրայ լռութեան վերարկու անցընելը: Պատերազմի աւարտէն բազմաթիւ տասնամեակներ ետք, ժողովրդավար Գերմանիան ու իր քաղաքացիներէն ոմանք աւելի ազատօրէն իրե՛նք բացայայտեցին եւ ընդունեցին այդ պատասխանատուութիւնը` առնուազն իրենց բարոյական պարտքը հատուցելով հայութեան եւ մարդկութեան:
Իսկ Մարսէյլը հայութեան պարտք չունի: Հակառա՛կը ճիշդ է. ան ատենին իր կեդրոնական «Դրախտ» փողոցին վրայ հայ զանգուածները հաւաքելով զայն շուտով Հայաստանի վերածեց: Իսկ այսօր քաղաքը կը փառաբանէ հայ արդարահատոյցը: Թուրքիա անշուշտ դեռ շատ հեռու է այսպիսի մթնոլորտէ. Մարսէյլի արարքը իրե՛ն ալ զգաստութեան կոչ մըն է: Ինչ ալ ըլլայ, արդարութիւնը վերջաւորութեան կը յաղթանակէ: Փախուստ տալու ճամբաները փակ են: