Խմբագրական — «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»
Միջին Արեւելքի քաղաքական պայթուցիկ կացութիւնը կը սուրայ դէպի անդունդ, դուռ բանալով բազմաթիւ հարցադրումներու:
Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ շարունակուող ռմբակոծումներուն եւ ընդհարումներուն վրայ աւելցաւ քաղաքական այլ տագնապալի եւ սուր ճգնաժամային կացութիւն մը, երբ արաբական բազմաթիւ երկիրներ խզեցին իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները Քաթարի հետ, որպէս ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ գործակցողի:
Այս իրավիճակը ոչ մէկ ժխտական հետեւանք ձգած է Պաքուի վրայ, որ ընդհակառակը՝ այս կացութիւնէն օգտուելով, շատ աւելի կը շարունակէ ազատօրէն գործել, այդ ալ յանձին ղեկավար, մեծամոլութեան մոլուցքի տէր՝ Իլհամ Ալիեւի եւ իր անմիջական ընտանեկան պարագաներուն, որոնց կարգին՝ իր կողակից եւ միեւնոյն ժամանակ փոխ-նախագահ Մեհրիպանն ու իրենց զաւակներ Հէյտարը, Լէյլան եւ Արզուն:
Վերջերս շատ մելան հոսեցաւ անոնց դիզած բազմամիլիառ եկամուտներուն մասին, Մալթայի դրամատուներուն մէջ:
Ալիեւ եւ իր մօտ գտնուող ու իր հետ գործող նեղ շրջապատը կը շարունակեն շահագործել, նոյնիսկ կողոպտել բնիկ տեղացին, որուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կ՛ապրի թշուառութեան մէջ:
Հետեւողական հալածանքի տակ է Ատրպէյճանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը եւ այլախոհ շարժումին կողմէ ամենադոյզն գործունէութիւն առիթ կ՛ընծայէ ներքին ապահովութեան ուժերուն, որպէսզի կոպտութեամբ միջամտեն եւ մեկուսացնեն որեւէ ցոյց, հաւաք կամ նոյնիսկ քաղաքական բնոյթ ունեցող ձեռնարկ:
Ալիեւեան այս մեծամոլութեան մոլուցքը ոչ թէ միայն Ատրպէյճանի մէջ, այլեւ նոյնիսկ արտասահմանեան բնոյթ ունի եւ նոյնքան ուժգնութեամբ կը գործէ, թէ՛ ազերիին եւ թէ՛ օտարին դէմ:
Դեռ թարմ է ամիսներ առաջ, Մինսքի մէջ ուքրայինացի լրագրող Լափշինի ձերբակալութիւնն ու Պաքու փոխադրութիւնը:
Իսկ վերջերս քանի մը այլախոհ ազերիներ, որոնք խոյս տուած են իրենց հայրենիքէն եւ հաստատուած մօտակայ Վրաստանի Թիֆլիս քաղաքը՝ հետապնդուած, ձերբակալուած եւ գաղտնաբար Պաքու փոխադրուած են:
Ասոնց կարգին են Լէյլա Մուսթաֆայեւան, Թաշքըն Աղալարլըն եւ յատկապէս ընդդիմադիր «Մէյտան» հեռատեսիլի ընկերութեան աշխատակից Աֆղան Մուխթարլին:
Տեղին է հարցադրել, թէ բաղդատած Մինսքի մէջ Լափշինի դէմ արձակուած վճիռին, Թիֆլիսի մէջ պատահածները մութ պայմաններու տակ կատարուած են եւ տեղւոյն վրացական պատասխանատու մարմինները երբեք չեն ուզեր պատասխանատուութիւն կամ…մեղսակցութիւն ստանձնել: Հաւանաբար, պարզ հետապնդում մը եւ կարելի է յայտնաբերել, թէ Ալիեւի կամակատարները որքա՞ն գումար մսխած են:
Վերոյիշեալ ընդդիմադիրները կը գտնուին պետական սահմանապահ ծառայութեան կեդրոնին մէջ եւ հետեւողականօրէն կ՛ենթարկուին դաժան ծեծի եւ բռնութեան:
Միջազգային իրաւապաշտպան հեղինակաւոր կառոյցներ կը պահանջեն ազատ արձակումը այս լրագրողներուն եւ, յատկապէս, Աֆղան Մուխթարլիին, որ իր շուրջ հաւաքած է շօշափելի թիւով գաղափարակիցներ:
Ո՞ւր պիտի հասնի Ալիեւեան այս մեծամոլութեան մոլուցքը:
Դժբախտաբար, կատարուած իրողութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ներկայ թոհուբոհը յաւելեալ թեւեր ընծայած է Ալիեւին եւ խրտուիլակներուն, որպէսզի զեղծարարութեամբ, թալանով եւ կաշառակերութեամբ շարունակեն իրենց գործելաձեւը: