Նէոս Գոզմոս-Ֆիքսի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը կը հաղորդէ, որ ընդառաջելով Նէա Զմիռնիի քաղաքապետարանի պաշտօնական հրաւէրին՝ շրջանի հոգեւոր հովիւ Նարեկ Քհնյ. Շահինեան Շաբաթ օր՝ 25 Մարտ 2017ի առաւօտեան ժամը 9:45ին, ներկայ գտնուած է Նէա Զմիռնիի յունաց «Այիա Ֆոթինի» մայր եկեղեցին եւ մասնակից դարձած Յունաստանի Անկախութեան «Մարտ 25»ի ազգային տօնին առթիւ կատարուող Գոհաբանական արարողութեան, նախագահութեամբ Նէա Զմիռնիի Յունաց Մետրոպոլիտ Սիմէոն Եպիսկոպոսին եւ ներկայութեամբ Նէա Զմիռնիի Քաղաքապետ պրն. Սթավրոս Ծուլաքիսի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ-անդամուհիներուն։
Եկեղեցական արարողութիւնէն ետք, պրն. քաղաքապետի գլխաւորութեամբ եւ դրօշակիրներու եւ քաղաքապետարանի նուագախումբի առաջնորդութեամբ՝ պաշտօնական թափօրը ուղղուած է դէպի քաղաքապետարանի «Էսթիա» հրապարակը։ «Անծանօթ Զինուորի» յուշարձանին առջեւ հոգեհանգստեան արարողութիւնէն ետք, տեղի ունեցած է դափնեպսակներու զետեղում, որոնց կարգին Նէոս Գոզմոս-Ֆիքսի եւ Նէա Զմիռնիի հայ համայնքին անունով դափնեպսակ զետեղած է Թաղային Խորհուրդի անդամ պրն. Տիոնիկ Քիւրէքճեան:
Յաջորդած է աշակերտական եւ սկաուտական տողանցք, որուն մասնակից եղած են նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աթէնքի մասնաճիւղի սկաուտները։ Աւարտին, Նարեկ Քահամայ Հայրը, յանուն շրջանի հայութեան հոգեւոր եւ ազգային կառոյցներուն, շնորհաւորած է Սիմէոն Սրբազան Հայրը, քաղաքապետն ու քաղաքապետական խորհուրդի անդամ-անդամուհիները, իրենց հոգեւոր եւ ազգային տօնին առիթով:
Մարտ 25ի տօնը
Մասնակցութիւն՝ Մարտ 25ի տօնին նուիրուած Նէա Զմիռնիի արարողութեանց