Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը (Մ.Ի.Ե.Դ.) Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ կառավարութիւնները ճանչցած է իբրեւ պատասխանող կողմ՝ ատրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ Պուտափեշտի մէջ 2004ին կացինահարուած հայկական բանակի սպայ Գուրգէն Մարգարեանի գործով, ինչ որ արդէն դրական տեղաշարժ է: Այս մասին «Թերթ»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Մարգարեանի հարազատները ներկայացնող փաստաբան Նազելի Վարդանեան:
«Մենք պահանջած ենք, որ Հունգարիոյ որոշումը անվաւեր հռչակուի, եւ Սաֆարով վերադարձուի Հունգարիա: Մ.Ի.Ե.Դ.ին որեւէ նիւթական պահանջ չէ ներկայացուած: Կ՛ակնկալուի, որ այս տարի մեր պահանջին վերաբերեալ Մ.Ի.Ե.Դ.ի որոշում ըլլայ»,- ըսած է փաստաբանը` աւելցնելով, որ որեւէ մէկը չի կրնար նախատեսել, թէ դատարանը ի՛նչ որոշում պիտի կայացնէ: Նազելի Վարդանեան նաեւ աւելցուցած է, որ 12 Յունուար 2016ին, եւրոպական դատարանը երեքական հարցում ուղղած է Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն, եւ կողմերը պատասխանած են անոնց:
«Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարան»
«Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը կրնայ Սաֆարովը Հունգարիա վերադարձնելու պահանջին վերաբերեալ որոշում կայացնել»,- կ՚ըսէ փաստաբանը