20 ­Փետ­րո­ւա­րի այս օ­րը, 108 տա­րի ա­ռաջ, Ալ­վա­րի (­Թաւ­րիզ) մէջ, յա­նուն ­Պարս­կա­կան ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման յաղ­թա­նա­կին, ե­րի­տա­սարդ իր կեան­քը զո­հա­բե­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ե­զա­կի դէմ­քե­րէն ­Մար­տի­րոս ­Չա­րուխ­ճեան։
­Հա­զիւ 25 տա­րի ապ­րե­ցաւ ար­դա­րա­դատ ա­հա­բե­կի­չի ու յան­դուգն մար­տի­կի դաշ­նակ­ցա­կան կեր­պա­րը մարմ­նա­ւո­րած ­Մար­տի­րո­սը։ Ք­սան տա­րի­քը նոր թե­ւա­կո­խած էր, երբ ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան տակ նե­տո­ւե­ցաւ կռո­ւի դաշտ, հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րու շրջա­նին, իր ա­նու­նին կա­պե­լով մար­տա­կան քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­ներ։ Մրր­կա­ծին Դ­րո­յի ան­բա­ժան ըն­կերն էր եւ ա­նոր հետ միա­սին ստա­ցած էր կրա­կի իր մկրտու­թիւ­նը, 1905ին, տխրահռ­չակ ­Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բեկ­ման հա­մար­ձակ գոր­ծո­ղու­թեամբ։
Այ­նու­հե­տեւ՝ ան­բա­ժա­նե­լի ըն­կեր­նե­րու նոյն եր­կեա­կին վստա­հո­ւած էր ­Պա­քո­ւի, ­Նա­խի­ջե­ւա­նի եւ Վ­րաս­տա­նի ջար­դա­րար Ա­լի­խա­նո­վի ա­հա­բե­կու­մը, որ նոյն­քան հա­մար­ձակ քայլ էր եւ իր օ­րին զգաս­տա­ցուց ան­զէն հա­յու­թիւ­նը կո­տո­րե­լու ե­լած ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի իշ­խա­նա­ւոր­ներն ու ա­նոնց թա­թար գոր­ծա­կա­տար­նե­րը։
­Յան­դուգն մար­տի­կի իր բա­ցա­ռիկ ար­ժա­նի­քին հա­մար ալ ­Մար­տի­րոս մաս կազ­մեց դաշ­նակ­ցա­կան մար­տիկ­նե­րու այն փոք­րա­թիւ խում­բին, որ ան­զու­գա­կան ­Քե­ռիի գլխա­ւո­րու­թեամբ ըն­կե­րա­ցաւ ­Ռոս­տո­մին, 1908ին, երբ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը փու­թաց Ատր­պա­տա­կան՝ Ի­րա­նեան յե­ղա­փո­խու­թեան իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու հա­մար։
­Շա­հի բռնա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գը վճռած էր բիրտ ու­ժով խեղ­դել ­Պարս­կաս­տա­նի ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շար­ժու­մը եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ո­րո­շած էր իր գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րել ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման պաշտ­պա­նու­թեան, ո­րուն մար­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ստանձ­նած էր ան­զու­գա­կան Եփ­րե­մը։
Ալ­վա­րի կռի­ւը ­Պարս­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան յաղ­թա­նա­կը կեր­տող ճա­կա­տա­մարտ­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ եւ այդ կռո­ւին էր, որ ­Մար­տի­րոս, իր եր­կու ըն­կեր­նե­րով՝ ­Կա­րո­յի եւ ­Սե­դո­յի հետ, խի­զա­խօ­րէն յա­ռաջ մղեց սահ­մա­նադ­րա­կան ու­ժե­րը եւ իր կեան­քի գնով նո­ւա­ճեց յաղ­թա­նա­կը։
Ա­ւե­լի քան հա­րիւր տա­րո­ւան հե­ռա­ւո­րու­թեամբ յե­տա­դարձ ակ­նարկ մը նե­տո­ղը բնա­կա­նա­բար հարց կու տայ, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ի՛նչ գործ ու­նէր ­Պարս­կաս­տա­նի մէջ՝ ­Շա­հի միա­պե­տա­կան զօր­քե­րուն եւ պար­սիկ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան­նե­րու մի­ջեւ ծա­ւա­լած այդ կռո­ւին մաս­նակ­ցե­լով։ ­Մա­նա­ւանդ ին­չո՛ւ այդ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ղե­կա­վա­րո­ւե­ցաւ ­Ռոս­տո­մի տա­րո­ղու­թեամբ գոր­ծի­չի մը կող­մէ, ո­րուն ա­ջա­կից­նե­րը ե­ղան ­Խա­նի տիտ­ղո­սին ար­ժա­նա­ցած Եփ­րե­մը, ­Քե­ռին, ­Մար­տի­րո­սը եւ ա­նո­ւա­նի միւս դաշ­նակ­ցա­կան մար­տիկ­նե­րը։
­Միայն յե­ղա­փո­խա­կան զօ­րակ­ցու­թեան մղու­մով չի բա­ցատ­րո­ւիր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ­Պարս­կաս­տա­նի ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման մղած ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան կռո­ւին։ Ան­շուշտ կար այդ մղու­մը եւ հիմ­նա­ւոր պատ­ճառ­ներ ու­նէր։ 1906ին բռնկած եւ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կո­ւած ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շար­ժու­մը իր բա­րե­րար անդ­րա­դար­ձը ու­նե­ցած էր ­Շա­հի բռնա­տի­րա­կան եւ խա­ւա­րա­միտ իշ­խա­նու­թեան տակ տա­ռա­պող ոչ միայն պար­սիկ ժո­ղո­վուր­դին, այ­լեւ ա­ւե­լի քան ութ­սուն հա­զար հա­շո­ւող հա­յու­թեան կեան­քի պայ­ման­նե­րուն վրայ։ Այդ­քանն իսկ բա­ւա­րար էր, որ­պէս­զի ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ըն­դա­ռա­ջէր պար­սիկ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան­նե­րու զօ­րակ­ցու­թեան դի­մու­մին՝ ընդ­դէմ ­Շա­հի միա­պե­տա­կան զօր­քե­րու շղթա­յա­զեր­ծած հա­կա­հա­րո­ւա­ծին։
­Բայց ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան շատ ա­ւե­լի խո­րունկ պատ­ճառ­ներ ու­նէր ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը՝ Ի­րա­նեան յե­ղա­փո­խու­թեան ա­ջա­կի­ցի իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու հա­մար։ Ատր­պա­տա­կա­նը ե­ղած էր ու կը շա­րու­նա­կէր մնալ հայ ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ան­փո­խա­րի­նե­լի խա­րիս­խը՝ թէ՛ զէն­քի ու զի­նամ­թեր­քի պատ­րաս­տու­թեան ու դէ­պի Եր­կիր փո­խադ­րու­թեան եւ թէ զի­նա­տար խում­բե­րու Եր­կիր մուտ­քի ա­մէ­նէն վստա­հե­լի անց­քը հան­դի­սա­նա­լու ա­ռում­նե­րով։
Օս­մա­նեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը 1890ա­կան­նե­րէն ար­դէն կ­’ո­րո­ճա­յին Ատր­պա­տա­կա­նի վրայ յար­ձա­կե­լու եւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու բոյն դար­ձած ­Թաւ­րի­զը գրա­ւե­լու դա­ւա­դիր ծրա­գիր­ներ։ Իր կար­գին ­Շա­հը՝ տես­նե­լով, որ իր ու­ժե­րէն վեր է ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման դի­մագ­րա­ւու­մը, իսկ Ատր­պա­տա­կա­նը կը հան­դի­սա­նար միջ­նա­բեր­դը պար­սիկ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան­նե­րուն, չա­րեաց փոք­րա­գոյ­նը կը նկա­տէր Օս­մա­նեան իշ­խա­նու­թեանց ձեռ­քով ատր­պա­տա­կա­նի մաք­րա­գոր­ծու­մը հայ եւ պար­սիկ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րէն։
Ազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րու­թեան այս դի­տան­կիւ­նէն, ա­հա՛, ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը՝ երբ ­Ռոս­տո­մի գլխա­ւո­րու­թեամբ դէ­պի Ատր­պա­տա­կան ուղ­ղեց իր ա­մէ­նէն փոր­ձա­ռու եւ յան­դուգն զի­նո­ւոր­նե­րը, ո­րոնք վճռո­րոշ դեր խա­ղա­ցին թուր­քեւ­պար­սիկ դա­ւա­դիր իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու սադ­րանք­նե­րը ձա­խո­ղու­թեան մատ­նե­լու եւ ­Պարս­կա­կան ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման յաղ­թա­նա­կը ա­պա­հո­վե­լու կռո­ւին մէջ։
Այդ յաղ­թա­նա­կին հա­մար ծանր գին վճա­րեց ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը՝ ­Մար­տի­րոս ­Չա­րուխ­ճեա­նի մե­ծու­թեամբ յան­դուգն մար­տի­կի զո­հա­բե­րու­մով։
Կ’ար­ժէ ­Ռոս­տո­մի վկա­յու­թեամբ ա­ւար­տել ­Մար­տի­րո­սի հե­րո­սա­կան ան­մո­ռա­նա­լի կեր­պա­րին ո­գե­կո­չու­մը.
— «­Մար­տի­րո­սը, ո­րը գնում էր գոր­ծի այն­քան ե­ռան­դով ու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ, որ­քան ա­ւե­լի մեծ էր նրա հետ կա­պո­ւած վտան­գը, չէր կա­րող չուղ­ղուել, ա­ռանց իսկ հրա­մա­նա­տա­րին լուր տա­լու, դէ­պի ա­մե­նավ­տան­գա­ւոր դիր­քը, չէր կա­րող չու­զե­նալ չա­փո­ւե­լու թշնա­մու բազ­մու­թեան հետ մօ­տի­կից, ան­պատ­րաստ դիր­քի մէջ՝ գլու­խը վեր բարձ­րաց­նե­լով նրանց գնդակ­նե­րի դէմ։
«­Նա յե­ղա­փո­խա­կան խո­յան­քի մարմ­նա­ցումն էր»։
Ա­նոր մար­տի­րո­սա­ցու­մը ի­րա­ւամբ ե­ղաւ «ամ­փո­փու­մը մեր յե­ղա­փո­խա­կան պատ­մու­թեան հո­գուն»,- ինչ­պէս կ­’ընդգ­ծէ ­Ռոս­տոմ։