Հ. Կ.­ Խա­չի «­Լե­ւոն եւ Սո­ֆիա Յա­կո­բեան» ազ­գա­յին նա­խակր­թա­րա­նի Ծ­նո­ղա­կան Միու­թիւ­նը, վար­ժա­րա­նի սրա­հէն ներս կազ­մա­կեր­պեց մար­դա­մե­քե­նա­կան «Ρομποτική»ի հնգօ­րեայ ա­մառ­նա­յին դա­սըն­թացք-սե­մի­նար մը, գոր­ծակ­ցու­թեամբ հռչա­կա­ւոր «STEM» Մար­դա­մե­քե­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան։
Դա­սըն­թաց­քը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ դպրո­ցա­կան տա­րեշր­ջա­նի ա­ւար­տէն ան­մի­ջա­պէս ետք՝ 17-21 Յու­նի­սէն ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն։
Ա­շա­կերտ­նե­րը, ի­րենց տա­րի­քին հա­մե­մատ, բաժ­նո­ւե­ցան ե­րեք դա­սա­կար­գե­րու-խում­բե­րու ու հե­տե­ւե­ցան ի­րենց տա­րի­քին յար­մար մե­քե­նա­գի­տա­կան եւ մար­դա­մե­քե­նա­կան յայ­տա­գիր­նե­րու։ Մաս­նակ­ցող ա­շա­կերտ­նե­րուն թի­ւը հա­սաւ 51ի։
Դա­սըն­թաց­քի ա­ւար­տին, մաս­նակ­ցող ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­ցին վար­ժա­րա­նի Ծ­նո­ղա­կան Միու­թեան ան­դամ­նե­րուն ի­րենց նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մար ու ի­րենց­մէ խնդրե­ցին, որ այս տե­սա­կի աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւե­լի յա­ճախ կրկնո­ւին, խոս­տա­նա­լով, որ ի­րենք ալ ի­րենց կող­մէ, նե­ցուկ պի­տի կանգ­նին նման ծրա­գիր­նե­րու։
Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին։

Հ.Կ.­Խա­չի «Լ. եւ Ս. Յա­կո­բեան»
ազ­գա­յին նա­խակր­թա­րա­նի Ծ­նո­ղա­կան Միու­թիւն