Շաբաթ՝ 18 եւ Կիրակի՝ 19 Մայիս 2019ին, Վիրոնայի քաղաքապետութիւնը կազմապերպեց «Գարէայի փառատօնը», որուն մասնակցեցան Գարէա շրջանի մշակութային, ազգագրական եւ հասարակական միութիւնները։
Հ.Յ.Դ. Աթէնքի «Գ. Լազեան» Կոմիտէի եւ Վիրոնայի քաղաքապետութեան միջեւ սերտ կապերուն շնորհիւ, սոյն փառատօնին ապահովուեցաւ նաեւ հայկական մասնակցութիւն, որ առիթը տուաւ տեղացի ժողովուրդին մօտէն ճանչնալու հայկական մշակոյթը։ Փառատօնի առաջին օրուան տեւողութեան, յատուկ կրպակի մը մէջ, Հ.Յ.Դ. «Գ. Լազեան» Կոմիտէն պատրաստեց յունալեզու գիրքերու ցուցադրութիւն՝ առաւելաբար Հայ Դատի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթերով։ Նաեւ՝ պաստառներու վրայ ցուցադրուեցան նկարներ Ցեղասպանութենէն, հայկական մշակութային կոթողներէն եւ Հայաստանի տեսարժան վայրերէն։ Նոյն օրը, Վիրոնայի քաղաքապետը եւ քաղաքապետական խորհուրդի թեկնածուներ այցելեցին հայկական կրպակը եւ մտերմիկ զրոյց ունեցան Կոմիտէի ընկերներուն հետ։
Կիրակի՝ 19 Մայիսի երեկոյեան, Գարէայի մարզամշակութային կեդրոնի դաշտին մէջ, կազմակերպուեցաւ ազգագրական պարերու երեկոյ, որուն մասնակցեցաւ «Համազգային»ի «Մարալօ» խումբը, ուսուցութեամբ ընկ. Ռոզինա Մարտիրոսեանի։
Տպաւորիչ տարազներով եւ ժողովուրդի հոծ ներկայութեամբ՝ պարախումբի երկսեռ անդամները ներկայացուցին հայկական երեք ժողովրդային պարեր եւ արժանացան ներկաներու խանդավառ ծափահարութեան ու գնահատանքին։
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ