­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Ա­թէնք հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ եւ «­Մայ­րե­րու Օր»ո­ւան նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նար­կին ե­լոյթ ու­նե­ցաւ «­Մեծ ­Մայրս» գիր­քի հե­ղի­նակ, ­­Պո­լի­սի Ի­րա­ւա­բան­նե­րու ­Միու­թեան ­Մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ­Գոր­ծա­դիր ­Մարմ­նի ան­դամ ­եւ Փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան Աշ­խա­տան­քա­յին խմբի խօս­նա­կը, ինչ­պէս նաեւ Հ­րանդ ­Տին­քի ըն­տա­նի­քի փաս­տա­բա­նու­հին՝ գրա­գէտ եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ տիկ. ­Ֆէթ­հիէ ­Չէ­թին։ Ա­նոր կ­’ըն­կե­րակ­ցէր եւ թարգ­մա­նի­չի պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ստանձ­նած էր Հ­րանդ ­Տինք ­Հաս­տա­տու­թեան գոր­ծա­վար-քար­տու­ղար տիկ. ­Հեր­մի­նէ ­Սա­յեան:
­Կի­րա­կի՝ 14 ­Մա­յիս 2017ին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ­Կեդ­րո­նի զոյգ սրահ­նե­րը բա­ռին իս­կա­կան ա­ռու­մով ո­ղո­ղո­ւե­ցան մեր հայ­րե­նակ­ցի­նե­րով, ո­րոնք ե­կած էին յար­գե­լու հայ մայ­րը։ ­Ձեռ­նար­կը յատ­կա­պէս նո­ւի­րո­ւած էր այն հայ մայ­րե­րուն, ո­րոնք ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն ետք ապ­րե­ցան տաս­նեակ տա­րի­ներ ­Թուր­քիոյ մէջ բարձ­րա­ցո­ւած լռու­թեան պա­տին պար­տադ­րան­քին ու ճնշո­ւա­ծու­թեան տակ:
Ս­րա­հի կեդ­րո­նա­կան մա­սին վրայ զե­տե­ղո­ւած էին մեր ազ­գա­յին ե­ռա­գոյ­նը եւ Հ.Օ.Մ.ի խորհր­դա­նիշ դրօ­շը։
­Ձեռ­նար­կը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին ­Յու­նա­հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ­Փո­խա­նորդ ­Կո­մի­տաս Արք. Օ­հա­նեան, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, հայ յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց հո­գե­ւոր պե­տե­րը եւ շրջան­նե­րու հո­գե­ւոր հայ­րե­րը, տի­կին ­Չէ­թի­նի գիր­քին յու­նա­րէ­նի թարգ­մա­նիչ տիկ. Ֆ­րան­կօ ­Գա­րաօղ­լան, գա­ղու­թի միու­թե­նա­կան գոր­ծօն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­նե­ր։ ­Ներ­կայ էին նաեւ ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ան­դա­մու­հին եւ ­Հա­մազ­գա­յին ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը։
­Ձեռ­նար­կին կը նա­խա­գա­հէր ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. ­Նո­րա ­Քիւր­տօղ­լեան-­Գու­յում­ճեան, ո­րու ամ­բող­ջա­կան խօս­քը կը հրա­տա­րա­կենք կող­քին։
Ըն­կե­րու­հին իր խօս­քին ա­ւար­տին բեմ հրա­ւի­րեց ­Ֆիք­սի «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ Ա­րիս ­Գար­ճեա­նը, որ եր­գեց ­Ֆէթ­հիէ ­Չէ­թի­նի մեծ մօ­րը սի­րած եր­գը «­Հին­գա­լա»ն։ ­Փոք­րիկն Ա­րի­սի եր­գը մեծ յուզ­մունք պատ­ճա­ռեց տի­կին ­Չէ­թի­նին, որ իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց փոք­րի­կին՝ համ­բու­րե­լով զայն։
Ա­պա՝ ընկ. Ա­րաք­սի ­Մի­քա­յէ­լեան ապ­րու­մով աս­մուն­քեց ­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կի «­Մօր ձեռ­քե­րը» եւ ­Յով­հան­նէս ­Շի­րա­զէն առ­նո­ւած քա­նի մը քեր­թուած­նե­րու փունջ մը, նո­ւի­րո­ւած՝ հայ մօր եւ հայ­րե­նի­քին, ե­րաժշ­տու­թեան ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։
Ընկ. Ար­շա­լոյս ­Սափ­րի­չեան իր քաղցր ձայ­նով եր­գեց «­Մար­տի­կի եր­գը» («Թռ­չէի մտքով տուն») եւ «Իմ ա­նուշ մայ­րիկ» եր­գե­րը, կի­թա­ռի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ ­Յով­սէփ ­Թո­փա­լեա­նի։ ­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բաժ­նէն ետք, որ յու­զիչ եւ ջերմ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծած էր սրա­հէն ներս, ըն­կե­րու­հի նա­խա­գա­հու­հին բեմ հրա­ւի­րեց տի­կին ­Ֆէթ­հիէ ­Չէ­թի­նը՝ իր խօս­քը ուղ­ղե­լու (տի­կին ­Հեր­մի­նէ ­Սա­յեա­նի զու­գա­հեռ թարգ­մա­նու­թեամբ)։ ­Խօս­քը լրիւ կը հրա­տա­րա­կենք մեր վա­ղո­ւան թի­ւով։ ­Հե­ղի­նա­կը իր խօս­քը ա­ւար­տե­լէ ետք, ա­ռիթ տրո­ւե­ցաւ ներ­կա­նե­րուն՝ ուղ­ղա­կի հար­ցում­ներ յղե­լու տի­կին ­Չէ­թի­նին։
Ա­ւար­տին, ան վստա­հե­ցուց, թէ ­Թուր­քիոյ նոր սե­րուն­դը սկսած է հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ընդ­հան­րա­պէս ­Թուր­քիոյ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու պատ­մու­թեան, ո­րուն ան­տե­ղեակ մնա­ցած էր տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, քա­նի ա­նոր վրայ ծած­կո­ւած էր լռու­թեան ան­թա­փան­ցե­լի վա­րա­գոյ­րը։ Ան իր խօս­քը ամ­բող­ջա­ցուց՝ ը­սե­լով, թէ դեռ շատ աշ­խա­տանք եւ ջանք պէտք է թա­փուի այս ուղ­ղու­թեամբ։
Այ­նու­հե­տեւ, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Լի­զէթ ­Գի­րա­զեան վար­չու­թեան ա­նու­նով յու­շա­նո­ւէր մը փո­խան­ցեց տի­կին ­Չէ­թի­նին՝ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով միու­թեանս հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջած ըլ­լա­լուն եւ իր ներ­կա­յու­թեան հա­մար։
­Յու­շա­նո­ւէ­րը կը խորհր­դան­շէր մօր գուր­գու­րոտ կեր­պա­րան­քը, որ ա­մուր գրկած է թե­ւե­րուն մէջ իր զա­ւա­կը։
­Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին, բո­լոր ներ­կա­նե­րը փա­փա­քե­ցան մօ­տէն խօ­սիլ տի­կին ­Չէ­թի­նին հետ ու ա­նոր ձեռ­քը սեղ­մե­լով յա­ջո­ղու­թեան սրտա­կից մաղ­թանք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին։
­Տի­կին ­Չէ­թին մա­կագ­րեց «­Մեծ ­Մայրս» գիր­քէն օ­րի­նակ­ներ՝ փա­փա­քող­նե­րուն հա­մար ու զրու­ցեց ա­նոնց հետ, ո­րոնք իր հետ իր լե­զո­ւով հա­ղոր­դակ­ցե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նէին։ ­Վա­ճա­ռո­ւող գիր­քե­րը կը տրա­մադ­րո­ւէին Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կար­գադ­րու­թեամբ:
­Յա­ջոր­դեց ճոխ հիւ­րա­սի­րու­թիւն՝ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մէջ։