ՄԱՆՆԻԿ ՊԷՕՐԷՔՃԵԱՆ-ԱՇՐԵԱՆ

Դպ­րոց­նե­րու վե­րա­մու­տի օ­րե­րուն, իւ­րա­յա­տուկ ապ­րում­ներ կ­՚ո­ղո­ղեն միտքս ու հո­գիս ա­մէն տա­րի: Մ­տա­ծում­ներս հա­ւա­նա­բար կը բխին ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէ­զիս յու­շե­րէն, բայց օ­տար լե­զո­ւի դա­սա­տու ըլ­լա­լով հան­դերձ, միշտ ալ մտո­րում­նե­րուս կի­զա­կէ­տը կը մնայ հա­յակր­թու­թիւ­նը, քա­նի իբր ազգ մեր գո­յա­տեւ­ման հիմ­նա­կան ե­րաշ­խի­քը մեր լե­զուն է: Ինչ­պէս կը գրէ ֆին­լան­տա­ցի բա­նաս­տեղծ ­Մա­յի­լա ­Թալ­վիօ, «լե­զու մը երբ կը մեռ­նի իր գոյ­նե­րով ու նրբե­րանք­նե­րով, ազգն ալ կը մեռ­նի»:
­Մենք կ­՚ու­զե՞նք որ մեր ազ­գը մեռ­նի:
­Կը հա­ւա­տամ, թէ ա­մէն հա­յու պա­տաս­խա­նը ու­ժեղ «ո՛չ» մըն է: ­Հե­տե­ւա­բար, իր պար­տա­ւո­րու­թիւնն ալ է «մայ­րե­նիի պա­հա­պան» դառ­նալ:
­Ծա­նօթ է, թէ «Unesco»ն­ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը վտան­գո­ւած լե­զու­նե­րու շար­քին կը նկա­տէ:
Ո՞վ, ու­րեմն, պի­տի պա­հէ մեր մայ­րե­նին, ե­թէ ոչ մենք ա­մէն գնով, ե­թէ կը հա­ւա­տանք մեր ազ­գի գո­յա­պայ­քա­րին ու յա­ւեր­ժու­թեան:
Ան­տա­րա­կոյս, սփիւռ­քի տա­րած­քին, չոր­րորդ, հին­գե­րորդ սե­րունդ­նե­րուն մօտ հա­յե­րէ­նը պա­հել իբր մայ­րե­նի լե­զու չա­փա­զանց դժո­ւար է: Ե­թէ կ­‘ու­զենք, սա­կայն, գո­յա­տե­ւել իբր ազգ եւ ոչ իբր հա­յա­նուն բազ­մու­թիւն­ներ, այ­լընտ­րանք չու­նինք:
­Հայ ըն­տա­նիք, հայ վար­ժա­րան, հա­յաս­տա­նեայց ե­կե­ղե­ցի, ազ­գա­յին կա­ռոյց­ներ, բո­լո­րը կը պար­տինք, բա­րո­յա­կան թէ նիւ­թա­կան ա­մէն զո­հո­ղու­թեան գնով, դարձ­նել հա­յակր­թու­թեան ա­նա­ռիկ բեր­դեր, այն խոր գի­տակ­ցու­թեամբ, թէ լե­զո­ւի պահ­պա­նու­մը մա­հու կե­նաց խնդիր է ազ­գին հա­մար:
­Միշտ ի մտի ու­նե­նանք ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի խո­րի­մաստ պատ­գա­մը՝
«Ա՜խ լե­զուն, լե­զուն… լե­զուն որ չըլ­լայ, մարդ ին­չի՞ նման կ’ըլ­լայ:
Ով հայ նոր սե­րունդ, տա­սը լե­զու սոր­վիր, սա­կայն քու լե­զուդ հաս­տատ պա­հիր: Ո­րով­հե­տեւ ազգ մը պա­հո­ղը, ի­րար միաց­նո­ղը՝ լե­զուն է ու հա­ւատ­քը: ­Լե­զուդ փո­խիր, հա­ւատքդ ու­րա­ցիր, ալ ինչ­պէ՞ս կրնաս ը­սել, թէ որ ազ­գի կը պատ­կա­նիս»:
­Սի­րե­լի սփիւռ­քա­հա­յեր, մենք որ ա­ւե­լի քան մէկ դար օ­տա­րու­թեան մէջ յա­ջո­ղած ենք պա­հել մեր ինք­նու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րե­լով բո­լոր տե­սա­կի դժուա­րու­թիւն­նե­րը, ե­կէ՛ք այս վե­րա­մու­տի ա­ռի­թով, ուխ­տենք «մայ­րե­նիի պա­հա­պան» դառ­նալ իւ­րա­քան­չիւրս իր ձե­ւով, որ­պէս­զի օր մը հաս­նինք մեր ազ­գա­յին իղ­ձե­րու ի­րա­կա­նաց­ման:
Ա­մէն ան­գամ, որ օ­տար ա­փե­րու վրայ հա­յոր­դի մը աշ­խարհ կու­գայ, ­Սիլ­վա ­Կա­պու­տի­կեա­նի ներշն­չու­մով կա­րո­ղա­նանք բա­ցա­գան­չել՝ «­Տե՛ս թո­թո­վեց բառ մը ան­գին ­Հայ­կեան լե­զո­ւից մեր սրբա­զան, ա­սես, մա­սունք հա­ղոր­դու­թեան դի­պաւ ման­կանս շրթուն­քին»:
Ան­շուշտ լե­զո­ւի պահ­պան­ման հար­ցը կը վե­րա­բե­րի հայ­րե­նա­զուրկ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան: Իսկ հայ­րե­նի հո­ղին վրայ շնչող ու հայ­կա­կան մթնո­լոր­տով յա­գե­ցած բախ­տա­ւոր ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը բնա­կան է նման խնդիր­ներ չի դի­մագ­րա­ւեր: ­Կա­րե­լի չէ, սա­կայն, չնշել լե­զո­ւի ա­ղա­ւա­ղու­մը հայ­րե­նի­քէն ներս բազ­մա­թիւ օ­տար բա­ռե­րով:
Ի սէր Աս­տու­ծոյ, թո՛ղ բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու կա­ռոյց­նե­րը լրջօ­րէն զբա­ղին այս հար­ցով:
­Չէ կա­րե­լի հայ­րե­նի պաշ­տօ­նա­տար ան­ձե­րու բեր­նէն լսել՝ «­Հա­յաս­տա­նի ֆի­նան­սա­կան ա­ճը ֆան­թաս­տի­կա­յի ժան­րին չի պատ­կա­նիր, փո­խա­նակ՝ «­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան ա­ճը ե­րե­ւա­կա­յա­կան ո­լոր­տին չի պատ­կա­նիր»: ­Յա­ճախ նաեւ՝ «օպ­յեք­թիւ մօ­տե­ցում», փո­խա­նակ «ա­ռար­կա­յա­կան մօ­տե­ցու­մի» կամ «ե­մո­ցեա» փո­խա­նակ՝ «յու­զու­մի», ե­ւայլն:
­Հա­կա­ռակ այս բո­լո­րին վստահ եմ, որ կը հա­ւա­տանք ցե­ղաս­պա­նո­ւած, բայց յա­րու­ցեալ մեր ազ­գի բա­ցա­ռիկ տո­կու­նու­թեան ու վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կին:
­Թո՛ղ, ու­րեմն, շա­րու­նա­կենք ազ­գա­յին մեր եր­թը, կառ­չած մեր փրկա­րար հա­յե­րէ­նին, մեր հո­գի­նե­րու խո­րէն եր­գե­լով՝ «իմ մայ­րե­նի քաղցր լե­զու, կեա՛ց ան­սա­սան, կեա՛ց յա­ւէտ»: