Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Հա­մազ­գա­յին»ի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղին վար­չու­թիւ­նը կու գայ տե­ղե­կաց­նե­լու մեր շատ սի­րե­լի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րուն ու յատ­կա­պէս մեր մշա­կու­թա­սէր­նե­րուն, որ մաս­նա­ճիւ­ղին հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ գոր­ծող «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բը ան­գամ մը եւս իր դռնե­րը լայն կը բա­նայ՝ նոր ան­դամ-ան­դա­մու­հի­ներ հա­ւա­քե­լով։
­Հե­տե­ւա­բար ա­նոնք, ո­րոնք կ’ու­զեն եւ պատ­րաստ են մաս կազ­մե­լու պա­րա­խում­բին, կրնան ան­մի­ջա­պէս կապ հաս­տա­տել ­Սա­թե­նիկ ­Սի­մո­նեա­նի (հեռ. 694-511-2055), ­Ռա­ֆա­յէլ ­Վար­դա­զա­րեա­նի (հեռ. 697-068-9211) կամ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւին՝ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի (հեռ. 698-341-5025) հետ եւ ան­դա­մագ­րո­ւիլ, որ­պէս­զի մեր ե­րի­տա­սարդ ու­ժե­րով շա­րու­նա­կենք մեր եր­թը դէ­պի յաղ­թա­նակ, դէ­պի նոր վե­րելք՝ ա­պա­գա­յա­տե­սիլ սլաց­քով Ա­րա­րա­տի լան­ջե­րուն պա­րե­լու հե­ռան­կա­րով։ ­Փոր­ձե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան ա­մէն Ե­րեք­շաբ­թի եւ Ուր­բաթ օ­րե­րը, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8։30էն 10։30, ե­կե­ղեց­ւոյ կից գտնո­ւող «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս։