Մարտ 6ի այս օրը, 113 տարի առաջ, 49 տարեկան հասակին վախճանեցաւ հայ երաժշտութեան մեծավաստակ արժէքներէն Մակար Եկմալեան։
Մ. Եկմալեան կը հանդիսանայ հայ ազգային-ժողովրդական եւ հոգեւոր երաժշտութեան ինքնուրոյն ոճին եւ բարձրարուեստ արժէքներուն արհեստավարժ մշակման ու կատարելագործման յառաջապահներէն մէկը՝ Տիգրան Չուխաճեանի եւ Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի հետ։
Ինչպէս որ Եկմալեանի սաներէն եւ իր կարգին հայ երաժշտութեան մեծատաղանդ վարպետներէն Ռոմանոս Մելիքեան վկայած է՝ իր սիրուած ուսուցիչին մահուան 10րդ տարելիցին առիթով, 1915ի Մարտ 6ին «Թատրոն եւ Երաժշտութիւն» հանդէսի էջերուն՝
«Անմահ է Մակար Եկմալեանը, ինչպէս անմահ յաւիտենական է գեղեցիկը միայն»։
Իսկ երաժշտագէտ փրոֆ. Ռ.Ա.Աթայեան, որ հիմնական ներդրում ունեցած է երկար տասնամեակներ, յատկապէս խորհրդային դարաշրջանին, անիրաւօրէն թերագնահատուած եւ լիարժէք չճանչցուած Եկմալեանի ժառանգութիւնն ու տաղանդը մոռացման փոշիներէն փրկելու եւ ըստ արժանւոյն գնահատելու գործին մէջ, հետեւեալ վկայութեամբ կը խտացնէ Եկմալեանի տեղն ու արժէքը հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան մէջ.-
Մակար Եկմալեանի ստեղծագործական ժառանգութիւնը անցեալի հայ ազգային արհեստավարժ (պրոֆեսիոնալ) երաժշտութեան մէկ ամբողջական ու նշանակալից բաժինը կը կազմէ։ Այդ ժառանգութիւնը ունի ոչ միայն խոշոր պատմական, այլեւ մնայուն գեղարուեստական արժէք։ Անիկա հարուստ է իր իմաստային (թեմատիկ)-գաղափարական բովանդակութեամբ։ Անոր մէջ դրուած եւ նորարարական լուծում են ստացած հայկական երգահանական (կոմպոզիտորական) ոճի ու վարպետութեան կարեւոր խնդիրներ։
Կարա-Մուրզայէն յետոյ Եկմալեանի ստեղծագործութիւնը հայ արհեստավարժ երաժշտութիւնը բարձրացուց նոր մակարդակի մը, կարեւոր դեր խաղաց ազգային երգահանական դպրոցի ձեւաւորման գործին մէջ եւ նախապատրաստեց Կոմիտասի երեւան գալը։ Եկմալեանի գործունէութիւնը հաւասարապէս էական նշանակութիւն ունեցաւ նաեւ հայ երաժշտական մանկավարժութեան եւ կատարողական արուեստի զարգացման բնագաւառէն ներս։
Հայ ազգային, ժողովրդական ու հոգեւոր երաժշտութեան մեծավաստակ վարպետը ծնած է 2 Փետրուար 1856ին Վաղարշապատի մէջ (Էջմիածին), Գրիգոր Եկմալեանի գիւղական համեստ յարկին տակ։
1872ին, աւարտելով Ս. Էջմիածնի Ժառանգաւորացը, Եկմալեան անվարան նուիրուեցաւ հայ հոգիին ձայնային խորագոյն լարերն ու թրթռացումները յայտնագործելու եւ վերծանելու առաքելութեան։
1873էն սկսեալ, Ն. Թաշճեանի ղեկավարութամբ, ընտելացաւ հայկական նոթագրութեան եւ մասնակցեցաւ հայ հոգեւոր երգերու ձայնագրութեան ու ժողովածուներու պատրաստութեան։
1874ին արդէն սկսաւ երգեցողութիւն եւ հայ եկեղեցւոյ երաժշտութեան տեսութիւն դասաւանդել Էջմիածինի «Գէորգեան» Ճեմարանի մէջ՝ միաժամանակ մշակելով իր սեփական երաժշտական ընդունակութիւնները։
1877ին երաժիշտի կոչումը զինք առաջնորդեց դէպի Ս. Փեթերսպուրկ, որ ժամանակաշրջանի հոգեմտաւոր պատրաստութեան եւ գեղարուեստի զարգացման միջազգային մեծագոյն կեդրոններէն կը հանդիսանար։ Մինչեւ 1891 Եկմալեան ապրեցաւ Փեթերսպուրկի մէջ. 1879ին ընդունուեցաւ Երաժշտանոց ու 1888ին աւարտեց Ն.Կ. Սոլովչովի երաժշտական դասարանը։
Եկմալեանի երաժշտական ստեղծագործութեան վրայ մեծ դեր ունեցաւ՝ ժամանակի չափանիշերուն համապատասխան միջազգային արհեստավարժ երաժիշտի ուսումնառութիւնը։
Բարձրագոյն իր ուսման եւ երաժշտական ընդունակութիւններու մշակման վրայ հիմնական ու բարերար ազդեցութիւն գործեցին յատկապէս Ն. Ռիմսկի Կորսակովի երաժշտական դասարանի իր պարապմունքները։
Միաժամանակ՝ ուսումնառութեան եւ ստեղծագործական կազմաւորման այդ ամբողջ շրջանին, Եկմալեան հայ հոգեւոր երաժշտութեան խմբերգային մշակումներ կատարեց եւ վարեց ղեկավարութիւնը Փեթերսպուրկի հայոց եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբին։ Նոյն այդ տարիներուն էր, որ երեսնամեայ երաժիշտը լծուեցաւ իր գլուխ-գործոցը հանդիսացող Ս. Պատարագի իր ուրոյն մշակումին։
Մինչեւ իր ուսման աւարտը Եկմալեանի ստեղծած գործերուն մեծ մասը, սակայն, որ ձեռագիր վիճակի մէջ էր, այսօր անհետ կորսուած են։ Իսկ փրկուած մասը երկար ժամանակ սպասեց հրատարակութեան եւ ինչպէս երաժշտասէր հասարակութիւնը, այնպէս ալ քննադատները երկար տասնամեակներ ընդհանրապէս պատկերացում չունեցան Եկմալեանի մշակած եւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման նուիրուած գործերուն ու ժողովրդային, գաւառական եւ սիրային ստեղծագործութիւններուն մասին։
Բախտաւոր ճակատագիր ունեցաւ 1891ին արդէն աւարտած Եկմալեանի Ս.Պատարագը, որ կորուստէ փրկուեցաւ՝ շնորհիւ Թիֆլիսի մէջ հայ մշակոյթի եւ երաժշտութեան ջերմ պաշտպաններու նախաձեռնութեան (կատարուեցաւ հանգանակութիւն եւ հրատարակուեցաւ ձեռագիր վիճակի մէջ գտնուող ստեղծագործութիւնը)։
Հետեւաբար, յատկապէս խորհրդահայ եւ ընդհանրապէս հայ իրականութեան մէջ, մինչեւ 1960ականները Եկմալեան կը նկատուէր բացառապէս հայ եկեղեցական երաժշտութեան վարպետը։
Ս.Փեթերսպուրկի երաժշտանոցէն շրջանաւարտ՝ Եկմալեան 1891ին հրաւիրուեցաւ Թիֆլիսի «Ներսիսեան» դպրոցը, իբրեւ երաժշտութեան դասատու եւ երգեցիկ խումբի ղեկավար: Եկմալեանի պահանջով՝ երաժշտութեան դասերը բոլոր դասարաններուն մէջ սկսան դառնալ պարտադիր, շաբաթական երկու ժամ:
Եկմալեան հիմնովին վերակազմեց եւ ընդլայնեց դպրոցի արական երգեցիկ խումբն ու անոր փորձերուն ժամերը բարձրացուց շաբաթական վեց ժամի:
Եկմալեանի առաջին գործերէն մէկը եղաւ ընտրել երաժշտականօրէն առաւել ընդունակ տղաները եւ առանձին խնամքով ու հոգատարութեամբ հետեւիլ անոնց՝ յատուկ ծրագրով արտադասարանային փորձեր կատարելով եւ առհասարակ ուղղութիւն տալով անոնց։
«Ներսիսեան» դպրոցի քառաձայն երգչախումբը արագօրէն ձեռք բերաւ արհեստավարժ բարձր մակարդակ, որուն հռչակը 1894-1895 թուականներուն տարածուեցաւ Անդրկովկասի տարածքին եւ անոր սահմաններէն անդին: «Հայութիւնը իր բովանդակ կեանքին մէջ,- ինչպէս որ հետագային պիտի վկայէր համաշխարհային հռչակի տիրացած հայ երգիչը՝ «Տարօնի սոխակ» Արմենակ Շահմուրատեանը,- Եկմալեանի «Ներսիսեան» վարժարանի խումբին պէս նմանը ունեցած չէ: Ռուս քրիթիկները (քննադատները) գրած են, թէ «Եկմալեանի խումբը ամբողջ մայր կայսրութեան եկեղեցական խումբերէն է՛ն աղէկներէն է»: Ամէն Կիրակի, Թիֆլիս, վանքի եկեղեցին ու բակը խռնուած էր ամէն ազգի երկսեռ բազմութեամբ, երբ իր՝ Եկմալեանի քառաձայն խումբը կ’երգէր»:
Մակար Եկմալեան մինչեւ 1902 հայոց երաժշտութիւն դասաւանդեց Ներսիսեան վարժարանի մէջ, արական երգչախումբ կազմեց ու ղեկավարեց, հայ երաժիշտներու սերունդ հասցուց, այդ շարքին՝ Կոմիտասին հայ հոգեւոր երաժշտութեան տեսութիւն սորվեցուց եւ, միաժամանակ, մեծ եռանդով ստեղծագործեց։
Պատահականօրէն չէ, որ հայ երաժշտութեան ճառագայթող հանճարը՝ Կոմիտաս Վարդապետ, իր ուսուցիչին նուիրուած առանձին աշխատութեան մը մէջ, կը վկայէ՝
«Հայոց երաժշտական անդաստանին մէջ Մակար Եկմալեանն անդրանիկ տունկը տնկեց»:
Մակար Եկմալեան երկար կեանք չունեցաւ, բայց հայ ժողովուրդին ժառանգ թողուց ազգային, ժողովրդական ու հոգեւոր երաժշտութեան մեծ հարստութիւն մը, որուն կոթողական նուաճումը հանդիսացաւ «Ս. Պատարագ»ը։ Անիկա մշակուած է երեք տարբեր երգչախումբային կազմերու համար.- եռաձայն՝ արական, քառաձայն՝ արական եւ քառաձայն՝ երկսեռ:
Հանրագիտական ծանօթագրութիւն է, որ 1895ին՝ Գէորգ Արքեպիսկոպոս Սուրէնեանցի (1911-1930ին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե.) միջնորդութեամբ, օրուան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Մկրտիչ Ա. Վանեցիի (Խրիմեան Հայրիկ) հայրապետական կոնդակով` Հայաստանեայց եկեղեցին պաշտօնապէս ընդունեց Մ. Եկմալեանի «Սուրբ Պատարագը» եւ այդպէ՛ս սկիզբ դրուեցաւ անոր բազմաձայն կատարումին:
Աւելի՛ն. Հայ Հոգիին ամէնէն թովիչ երգերը կը պարտինք Եկմալեանի՝ վաղ-գիւղական «Քելէ, քելէ խորոտ աղջիկ»ի օրինակով մշակումներէն մինչեւ քաղաքային «Սիրուհիս քեզ համար» եւ «Աղջիկ դու սիրուն»ը, աշուղական «Վարդ կօշիկս»ը, ազգային-ազատագրական «Ազնիւ ընկեր»ը, «Ձայնը հնչեց»ը, «Քաջ Զէյթուն»ը եւ մեր օրերուն անգամ այնքան լայն ժողովրդականութիւն վայելող «Ով Հայոց Աշխարհ»ն ու «Թաղումն քաջորդոյն» երգերը։
Հայոց հոգեւոր, ժողովրդական եւ ազգային երգերու բարձրարժէք մշակման մեծ վարպետն ու, միաժամանակ, հայ երաժիշտներու սերունդ կերտող բազմավաստակ Ուսուցիչը հանդիսացաւ Եկմալեան, որուն աշակերտեցին Ա. Շահմուրադեանի, Շ. Տալեանի, Մ. Աղայեանի, Ա. Տէր-Յովհաննիսեանի, Ա. Մայիլեանի, Ա. Մանուկեանի, Ա. Տիգրանեանի, Կոմիտասի եւ այլ մեծանուն տաղանդներու օրինակով հայկական երաժշտութեան անմահ արժէքներ։
Մակար Եկմալեան աչքերը առյաւէտ փակեց Թիֆլիսի մէջ՝ նիւթական անձուկ պայմաններու հետեւանքով քայքայուած առողջութեամբ։
Մակար Եկմալեան (1856-1905).
Մակար Եկմալեան (1856-1905). Հայ ազգային եւ հոգեւոր երաժշտութեան բարձրարժէք վարպետը եւ ուսուցիչը Ն.