­Մա­յիս 2019ի երկ­րորդ շա­բա­թա­վեր­ջի այս եւ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րը յա­գե­ցած պի­տի ըլ­լան հա­մա­հայ­կա­կան, այ­լեւ ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան մեր եր­թը վե­րա­նո­րո­գե­լու կո­չո­ւած զոյգ հա­ւաք­նե­րու ող­ջու­նե­լի նշա­նա­կու­թեամբ եւ կա­րե­ւո­րու­թեամբ։
­Հայ ­Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր ­Միու­թիւ­նը (Հ.Մ.Ը.Մ) Ա­թէն­քի մէջ, 10 եւ 11 ­Մա­յիս 2019ին, պի­տի գու­մա­րէ իր Ե­րի­տա­սար­դա­կան Ա. ­Հա­մա­գու­մա­րը։
Իսկ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Գ­րա­սե­նեա­կը, 10-12 ­Մա­յի­սին, ի մի պի­տի բե­րէ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին գոր­ծող Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին խորհր­դա­ժո­ղո­վի մը այժ­մէա­կան օ­րա­կար­գով։
Ո­րո­շա­պէս մեր ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին ուղ­ղո­ւած եւ առն­չո­ւած ըլ­լա­լով՝ զոյգ հա­ւաք­ներն ալ ա­ռա­ջին հեր­թին կու գան շեշ­տե­լու հա­յու­թեան վա­ղո­ւան օ­րո­ւան ի խնդիր նո­րա­հաս մեր ու­ժե­րը կազ­մա­կեր­պա­կա­նօ­րէն լա­րե­լու, գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն աշ­խու­ժաց­նե­լու եւ ­Հայ ­Դա­տի ուղ­ղու­թեամբ զօ­րա­շարժ յա­ռա­ջաց­նե­լու հա­ւա­քա­կան նա­խան­ձախնդրու­թիւնն ու մար­տու­նա­կու­թիւ­նը։
­Պա­տա­հա­կա­նօ­րէն կամ սոսկ զու­գա­դի­պու­թեամբ չէ, որ Հ.Յ.Դ. եւ Հ.Մ.Ը.Մ. հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թեամբ դար­ձու­ցած են ի­րենց ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տը։
Ինչ­պէս ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը իր ստեղծ­ման ա­ռա­ջին իսկ օ­րե­րէն հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան վրայ դրաւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի յաղ­թա­նա­կին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մին մեծ գրա­ւը, այն­պէս եւ Հ.Յ.Դ. գա­ղա­փա­րա­կան ներշն­չու­մով կեան­քի կո­չո­ւած եւ ար­դէն 100ա­մեայ ու­ղի նուա­ճած Հ.Մ.Ը.Մ.ը, իր կար­գին, հա­յոց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու մարդ­կա­յին եւ ազ­գա­յին ա­ռողջ կազ­մա­ւոր­ման ու վե­րաս­լաց թռիչ­քին մէջ գտաւ ու ամ­րագ­րեց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած մեր ժո­ղո­վուր­դին վե­րա­կանգ­նու­մի ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­րաշ­խիքն ու ան­պար­տե­լի զէն­քը։
­Թէ´ Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կան­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վը եւ թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ե­րի­տա­սար­դա­կան անդ­րա­նիկ հա­մա­հայ­կա­կան հա­մա­գու­մա­րը, վստա­հա­բար, ի­րենց օ­րա­կար­գին վրայ պի­տի ու­նե­նան այժ­մէա­կան այն բո­լոր խնդիր­նե­րը, ո­րոնք ա­ղերս ու­նին կազ­մա­կերպ հա­յու­թեան ներ­կա­յիս դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն հետ՝ ­Հայ ­Դա­տի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րին առն­չո­ւած ըլ­լան ա­նոնք, թէ հա­յոց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու նո­րո­վի աշ­խու­ժաց­ման՝ մե­րօ­րեայ ժա­մա­նակ­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խան ո­գիով եւ ո­գե­ւո­րու­թեամբ փա­րե­լու հա­մար այ­սօ­րո­ւան մեր եր­թը յա­ռաջ մղե­լու եւ վա­ղո­ւան մեր օ­րը նո­ւա­ճե­լու կո­չո­ւած սե­րուն­դի ի­րենց հիմ­նա­րար դե­րա­կա­տա­րու­թեան, ա­ռա­քե­լու­թեան եւ կազ­մա­կեր­պա­կան յաղ­թար­շա­ւին։
­Քա­ղա­քակր­թա­կան օ­րի­նա­չա­փու­թիւն է, որ ա­րե­ւուն տակ ի­րենց ար­ժա­նի տե­ղը գրա­ւե­լու ըն­դու­նակ են յատ­կա­պէս այն ազ­գերն ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, ո­րոնք օժ­տո­ւած են ժա­մա­նա­կին հետ քայլ պա­հե­լու կո­չո­ւած սերն­դա­փո­խու­թեան եւ, այդ ճամ­բով, հա­ւա­քա­կան վե­րա­նո­րո­գու­մի բնա­տուր կեն­սու­նա­կու­թեամբ։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դը ոչ միայն բա­ցա­ռու­թիւն չի կազ­մեր ընդ­հա­նուր այդ օ­րէն­քէն, այ­լեւ ա­ռա­ւե­լա­գոյն խտու­թեամբ եւ ճա­ռա­գայ­թու­մով կը հաս­տա­տէ զայն։
­Խօս­քը չի վե­րա­բե­րիր սոսկ վե­րար­տադ­րու­թեան՝ տա­րի­քը առ­նող եւ ծե­րա­ցող ազ­գե­րուն եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն կեան­քը վե­րա­նո­րո­գե­լու եւ շա­րու­նա­կե­լու կո­չո­ւած բնա­կան սերն­դա­փո­խու­թեան։
­Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի էա­պէս ու ըստ ա­մե­նայ­նի վե­րա­նո­րո­գու­մի կեն­սու­նա­կու­թեամբ յատ­կո­րո­շո­ւող սերն­դա­փո­խու­թեան, որ ա­հա ա­ւե­լի քան հա­րիւր տա­րիէ ի վեր՝ ի­րե­րա­յա­ջորդ ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րու տո­գո­րու­մով եւ մար­տու­նա­կու­թեամբ, կը հու­նա­ւո­րէ եր­թը ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած հայ ժո­ղո­վուր­դի ­Փոքր Ա­ծո­ւին։
Որ­քան ալ փո­խո­ւին ժա­մա­նակ­նե­րը եւ որ­քան ալ քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հը տագ­նա­պեց­նող հա­մընդ­հա­նուր նիւ­թա­պաշ­տու­թիւ­նը եւ ե­սա­կեդ­րո­նու­թիւ­նը, ան­տար­բե­րու­թիւնն ու մեղ­կու­թիւ­նը վա­րա­կեն նոյ­նիսկ ա­մէ­նէն կեն­սու­նակ ազ­գե­րու ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րը, այ­դու­հան­դերձ՝ հո­սանքն ի վեր թիա­վա­րե­լու յանձ­նա­ռու­թիւնն ու վճռա­կա­նու­թիւ­նը վերս­տին կը յա­ջո­ղին շունչ ու կո­րով ներշն­չել նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն։
Ո­րո­շա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­րա­գա­յին սերն­դա­փո­խու­թեան այդ օրհ­նա­բեր կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը ինք­նավստա­հու­թեամբ եւ հպար­տու­թեամբ կը լեց­նէ միտքն ու սիր­տը աշ­խար­հաց­րիւ ու պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թեան։
­Շա­բա­թա­վեր­ջի այս քա­նի մը օ­րե­րը ինք­նաքն­նար­կու­մի եւ կազ­մա­կեր­պա­կան վե­րաշ­խու­ժաց­ման աշ­խոյժ մթնո­լորտ մը պի­տի ստեղ­ծեն Հ.Յ.Դ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շուրջ բո­լո­րո­ւած հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մար։
­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի հզօ­րաց­ման ու ընդ­հան­րա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-քա­ղա­քակր­թա­կան ինք­նա­հաս­տատ­ման մեծ օ­րա­կար­գը, իր­մէ ճիւ­ղա­ւո­րո­ւած բո­լոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով, այս օ­րե­րուն հա­մա­ժո­ղո­վի բե­րած է աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան, յատ­կա­պէս Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին գոր­ծող ե­րի­տա­սարդ ու­ժե­րը։ Ե´ւ Հ.Յ.Դ.ի, ե´ւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շուն­չով եւ ո­գիով թրծո­ւած մեր ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ա­հա ոտ­քի կանգ­նած է՝ թէ´ իր սե­րուն­դին առ­ջեւ աշ­խա­տան­քի ու­ղի բա­նա­լու, թէ´ հա­յոց ամ­բողջ ազ­գի եւ հայ­րե­նի­քի պայ­ծառ գա­լի­քին հաշ­ւոյն ու­ժե­րու կազ­մա­կերպ լա­րում ա­ռա­ջաց­նե­լու յանձ­նա­ռու­թեամբ եւ վճռա­կա­նու­թեամբ։
­Ճամ­բայ բա­ցէ´ք։