Միհրան Քիւրտօղլեան
Ըսինք արդէն, որ Ղարաբաղը իբրեւ Հայաստանի անբաժան մաս՝ պատմութեան մէջ կազմած է անոր 15 նահանգներէն մէկը, որու տարածութիւնը լեռնային ու դաշտային շրջաններով 8.100 քառ. քլմ. է: Ժամանակի ընթացքին թշնամի յարձակումներէն պաշտպանուելու համար բնակչութիւնը ամրացաւ լեռնային շրջանները, ուր շատ աւելի ապահով կը զգար, իսկ դաշտային բաժնին մէջ բնակութիւն հաստատեցին եկուոր ցեղերը, այսինքն այդ ցեղերու խառնուրդ՝ այսօրուան ազերի-թաթարները:
Ղարաբաղ (սեւ այգի) թրքերէն անունը գործածական դարձած է 15րդ դարէն, թուրք-թաթարական ցեղերու յարձակումներէն ետք: Թէ ինչո՞ւ այդպէս կոչուած է, բացատրութիւնը երկուք է: Ըստ Ղարաբաղի հայերուն՝ յարձակողները այնքան շատ զոհեր տուած են, որ ի նշան սուգի շրջանը անուանած՝ Սեւ այգի: Կայ նաեւ տեսակէտ, որ հայկական Արցախ անունը կազմուած է «ար» եւ «ցախ» բառերէ, որ կը նշանակէ լեռ (ար-ար-ատ), որ ցախերով, այսինքն թուփերով (թերեւս՝ սեւ մորմենի) լեցուն է: Ըստ այս բացատրութեան կարելի է համարել, որ «Ղարաբաղ» թրքերէն անունը հայերէնին գրեթէ բառացի թարգմանութիւնն է: Յամենայնդէպս, Լեռնային Ղարաբաղի հայկական անունը Արցախ է, որ կը տարածուի Հայաստանի հիւսիս արեւելքը՝ Կովկասեան լեռներու մէջ բլուրներով շրջապատուած եւ անտառներով հարուստ շրջան մը՝ 4400 քառ.քլմ. տարածութեամբ: Կեդրոն մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտ, համայնավար գործիչ՝ Ստեփան Շահումեանի անունով: Իսկ գլխաւոր քաղաքը՝ Շուշի, որ կառուցուած է լերան մը կողին եւ որ անցեալին երկար ժամանակ եղած է մշակութային կեդրոն: Արցախի պատմական ճակատագիրը բնականաբար կազմած է անբաժան մասը Հայաստանի ճակատագրին: Պատմութեան ընթացքին, արտաքին յարձակումներու պատճառով՝ երկրին տարբեր շրջանները կրած են սահմանային ու ազգագրական փոփոխութիւններ, բայց եւ այնպէս Արցախն ու արցախցին միշտ պահած են հայկական իրենց էութիւնը, հակառակ սելճուքներու, մոնկոլ-թաթար-թիւրքմէն ցեղերու եւ ուրիշներու վայրագ յարձակումներուն: Արցախը գլխաւորներէն մէկն է Հայաստանի այն շրջաններէն, որ թրքական ու պարսկական յարձակումներու ենթակայ ըլլալով եւ օտարի տիրապետութեան տակ գտնուելով հանդերձ՝ կառչած մնացած է իր հողին, ազգային աւանդութիւններուն, ազատութեան ձգտումին:
17րդ դարուն, պարսկական տիրապետութեան շրջանին, Արցախի մէջ գոյաւորուեցան հինգ «մելիքութիւններ»՝ իշխանական ընտանիքներ, որոնց ղեկավարութեան տակ հայութիւնը դիմադրելով պարսկական ու թրքական յարձակումներուն ոչ միայն ունեցած է կիսանկախ կեանք, այլեւ սկիզբը դրած հայկական ազատագրական շարժումին, ձգտելով անկախութեան, որ Հայաստան կորսնցուցած էր 1045 թուականէն ի վեր, Բագրատունեաց թագաւորութեան կործանումէն ետք:
Պատմական ակնարկ (հպանցիկ)
Ինչպէս Հայաստանը, նոյնպէս եւ Արցախը յաջորդաբար ինկաւ արաբներու (8-րդ դար), սելճուք թուրքերու (11-րդ դար), ապա մոնկոլ-թաթարներու տիրապետութեան տակ (13-15 դար): Հետագային, օսմանեան թուրքերու երեւումով փոխն ի փոխ եւ ժամանակ առ ժամանակ շրջանին տիրեցին Թուրքիան ու Պարսկաստանը՝ մինչեւ 1805 թուականը, երբ ցարական Ռուսիան քաղաքական բեմ գալով գրաւումներու սկսաւ: Այդ երկուքի տիրապետութեան շրջանին՝ 17րդ դարու երկրորդ կէսին, հարեւան երկու նահանգներէն՝ Արցախէն եւ Սիւնիքէն ծայր առաւ ազատագրական շարժում մը, որուն ամէնէն եռանդուն գործիչը հանդիսացաւ Արցախի իշխանական ընտանիքէն երիտասարդ մը՝ Իսրայէլ Օրի: Հետագային, Ռուսիոյ քաջալերանքով եւ Դաւիթ պէկի ղեկավարութեամբ այդ շարժումը վերածուեցաւ զինեալ յաջող ապստամբութեան եւ Արցախը կարճ ժամանակով մը (1723-28) անկախացաւ: Ամէն պարագայի, Հայաստանի տիրապետութեան համար ռուսական յառաջխաղացքը դուռ բացաւ ռուս-պարսկական եւ ռուս-թրքական պատերազմներու, որու հետեւանքով մեր հայրենիքը երեքի բաժնուեցաւ՝ վերոնշեալ երեք պետութիւններու միջեւ եւ անոնց տիրապետութեան տակ:
Ռուսիա, իրեն դաշնակից ունենալով հայերն ու վրացիները, կը փորձէր գրաւել Անդրկովկասը եւ միացնել իր կայսրութեան: Յաղթական պատերազմներէ ետք, ի վերջոյ Պարսկական Թիւքմենչա գիւղին մէջ 1828ին կնքուած դաշնագրով Ռուսիա Պարսկաստանէն կը խլէր Արեւելեան Հայաստանը եւ տէր կը դառնար անոր: Ատկէ առաջ իր կայսրութեան միացուցած էր արդէն Արցախը, Սիւնիքը եւ Պաքուի խանութիւնը՝ կարգ մը այլ շրջաններով միասին: Արեւմտեան Հայաստանը կը շարունակէր մնալ օսմանեան տիրապետութեան տակ:
Պէտք է խոստովանիլ, որ ռուսական տիրապետութեան տակ Արեւելեան Հայաստանը յարաբերաբար ունեցաւ կեանքի ու ստացուածքի ապահովութիւն եւ դարձաւ ազգահաւաքման ու գոյատեւման հաստատուն կայք, բայց եւ այնպէս կրեց նաեւ գաղութատիրութեան դառնութիւնները:
(Շարունակելի)