«­Փա­նար­մի­նիըն» լրա­տո­ւա­կան կայ­քը կը հա­ղոր­դէ, որ «­Սի.Այ.Էյ.»ը գաղտ­նա­զեր­ծած է շուրջ 13 մի­լիոն փաս­տա­թուղթ, ո­րոնց մէկ մա­սը կը վե­րա­բե­րի հա­յե­րուն, ­Հա­յաս­տա­նին եւ սփիւռ­քին:
1 Օ­գոս­տոս 1988ին հրա­պա­րա­կո­ւած «Խժդ­ժու­թիւն­ներ ­Կով­կա­սի մէջ եւ ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան մար­տահ­րա­ւէ­րը» զե­կու­ցու­մին մէջ ման­րա­մասն կեր­պով կը նկա­րագ­րո­ւին Ե­րե­ւա­նի, ­Պա­քո­ւի, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ցոյ­ցե­րը, ժո­ղովրդագ­րա­կան ի­րա­վի­ճա­կը, ­Սում­կա­յի­թի ջար­դը, եր­կու հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րուն ու ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ տի­րող տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը, անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւած է ­Մե­ծա­մո­րի հիւ­լէա­կան կա­յա­նին, «­Նա­յի­րիտ»ի ու ­Քա­նա­քե­ռի գոր­ծա­րան­նե­րը փա­կե­լու պա­հանջ­նե­րուն, ա­ւե­լի կա­նուխ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­խում­նե­րուն:
Ն­շո­ւած է, որ շրջա­նի խորհր­դայ­նաց­ման պա­հուն ­Մոս­կո­ւան հա­կո­ւած էր ­Ղա­րա­բա­ղը միաց­նե­լու ­Հա­յաս­տա­նին, սա­կայն այ­նու­հե­տեւ` ­Թուր­քիոյ ճնշման ներ­քեւ, զայն յանձ­նեց Ատր­պէյ­ճա­նին:
«­Թուր­քիան չէր ու­զեր սահ­մա­նին վրայ հայ­կա­կան մեծ պե­տու­թիւն տես­նել»,- նշո­ւած է նա­մա­կին մէջ:
1921 թո­ւա­կա­նին ­Լե­նի­նը հա­մա­ձայն գտնո­ւած է «փոք­րաց­նե­լու ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քը», իսկ 1923ին Ս­տա­լի­նի ո­րո­շու­մով՝ ­Նա­խի­ջե­ւանն ու ­Ղա­րա­բա­ղը վերջ­նա­կա­նա­պէս կը յանձ­նո­ւին Ատր­պէյ­ճա­նին:
­Հա­յե­րը կը վախ­նա­յին, որ ­Ղա­րա­բա­ղը կը կրկնէ ­Նա­խի­ջե­ւա­նի ճա­կա­տա­գի­րը. զե­կու­ցու­մին մէջ նշո­ւած է, որ 1914-1979 թո­ւա­կա­նին հայ­կա­կան բնակ­չու­թիւ­նը ­Նա­խի­ջե­ւա­նի մէջ 52 տո­կո­սէն մին­չեւ 1,4 տո­կո­սի նո­ւա­զած է:
Երբ 1988 թո­ւա­կա­նի ­Փետ­րո­ւա­րին ճգնա­ժա­մը թափ ա­ռաւ, թուրք պաշ­տօ­նեա­նե­րը յայ­տա­րա­րե­ցին, որ «ձայ­նի ի­րա­ւունք» ու­նին հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան տա­րած­քա­յին վէ­ճե­րու հար­ցին մէջ` յղում կա­տա­րե­լով 1921 թո­ւա­կա­նի ­Մոս­կո­ւա­յի ու ­Կար­սի պայ­մա­նա­գիր­նե­րուն: Ն­շո­ւած է, թէ թուր­քե­րը կը վախ­նա­յին, որ ­Ղա­րա­բա­ղի միա­ցու­մը կրնար մեծց­նել հա­յե­րուն «ա­խոր­ժա­կը» եւ դրդել զա­նոնք` ­Թուր­քիոյ տա­րած­քա­յին պա­հանջ­ներ ներ­կա­յաց­նե­լու: Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, ­Կեդ­րո­նա­կան ­Հե­տա­խու­զա­կան ­Վար­չու­թեան (­Սի.Այ.Էյ.) մաս­նա­գէտ­նե­րուն հա­մա­ձայն, ­Թուր­քիան վեր­ջա­ւո­րու­թեան էա­կան դեր չէր խա­ղար 1988ի տագ­նա­պին մէջ:
­Ղա­րա­բա­ղը կը նկա­րագ­րո­ւի իբ­րեւ «հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին եւ կրօ­նա­կան կեդ­րոն»: ­Զե­կու­ցու­մին հե­ղի­նակ­նե­րը կը յի­շեց­նեն, որ շրջա­նը դա­րեր շա­րու­նակ կը գտնո­ւէր հայ­կա­կան իշ­խա­նու­թեան տակ, նոյ­նիսկ այն ա­տեն, երբ հայ­կա­կան մնա­ցեալ տա­րածք­նե­րը ­Թուր­քիոյ ու ­Պարս­կաս­տա­նի տի­րա­պե­տու­թեան տակ էին: ­Միա­ժա­մա­նակ՝ նշո­ւած է, որ ա­նի­կա բազ­մա­թիւ ատր­պէյ­ճան­ցի եր­գա­հան­նե­րու ու գրող­նե­րու հայ­րե­նիքն է:
­Հա­յե­րուն նկատ­մամբ ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րուն թշնա­մա­կան վե­րա­բեր­մուն­քը կը շեշ­տո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի ու Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ տնտե­սա­կան զար­գաց­ման տար­բե­րու­թեան ա­ճին զու­գա­հեռ: Իբ­րեւ թշնա­ման­քի մէկ այլ պատ­ճառ զե­կու­ցու­մին հե­ղի­նակ­նե­րը կը նշեն, որ Ազտ­պէյ­ճա­նի մէջ բարձր ծնե­լիու­թիւն կար, սա­կայն ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ըն­դու­նե­լի աշ­խա­տանք ու ապ­րուստ չէին կրնար ա­պա­հո­վել: ­Կեան­քէն հիաս­թա­փու­թիւ­նը պատ­ճառ կը դառ­նար հա­յե­րուն նկատ­մամբ թշնա­մու­թեան յա­ւել­ման:
Ն­շո­ւած է նաեւ, որ 1980ա­կան­նե­րու ա­ւար­տին, ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րուն իշ­խա­նու­թիւ­նը կը նո­ւա­զի, ա­նոնք կը զրկո­ւին բարձր պաշ­տօն­նե­րէ, հա­յե­րուն կշի­ռը կ­՛ա­ւել­նայ բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան մէջ, ինչ որ ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րուն մօտ մտա­հո­գու­թեան պատ­ճառ կը դառ­նայ: