Յունիսի 4ին, 177 տարի առաջ, հայ ժողովուրդն ու մեր գրականութիւնը լուսաւորուեցան ծնունդովը հայոց նորահաս սերունդներուն գիր ու գրականութիւն, ազգային պատմութիւն եւ հայ մշակոյթ ու, ընդհանրապէս, հոգեմտաւոր լոյս ջամբելու կոչուած մեծարժէք գրողի մը՝ Ղազարոս Աղայեանի։
Հայ մանկական գրականութեան արժանաւոր ռահվիրան է Ղազարոս Աղայեան, որ ոչ միայն բանիւ, այլեւ՝ գործով ամբողջապէս նուիրուեցաւ հայ նորահաս սերունդներու բազմակողմանի զարգացման եւ անոնց՝ իբրեւ գիտակից մարդու եւ հայու լիարժէք կազմաւորման։
Իր դարու յառաջադէմ մտածողներէն եղաւ Ղ. Աղայեան, որ համալսարանական յատուկ ուսում չունեցաւ, բայց ինքնաշխատութեամբ եւ ինքնազարգացումով՝ յաջողեցաւ ոչ միայն հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան ներհուն ճանաչողութիւնը խորացնել, այլեւ՝ իր ժամանակի հասարակագիտական եւ մանկավարժական նորարար շարժումներուն հետ գաղափարական խոր կապ հաստատել եւ, այդ բոլորի լոյսին տակ, նորոգման հորիզոններու բանալ հայ կեանքը, յատկապէս նորահաս սերունդներու հայեցի կրթութիւնը։
Իբրեւ մանկավարժ-տեսաբանի՝ Ղազարոս Աղայեան ամբողջ փիլիսոփայութիւն մը կտակեց մեր ժողովուրդին։ Գրքունակ չեղաւ բնաւ, այլ կենսափորձով բիւրեղացուց նորահաս հայորդիներու դաստիարակութեան ծայր աստիճան պատասխանատու գործը։ Պատգամեց, որ՝
— Յաճախ շատ գիտուն պրոֆեսորը պիտանի չէ որպէս ուսուցիչ:
— Դաստիարակելու համար ոչ թէ երկար ժամանակ է հարկաւոր, այլ կարճ ժամանակի խելացի օգտագործում:
— Աշակերտը պիտի հասկանայ, մարսէ ամէն բան, ինչ որ սովորում է վարժապետից, որպէսզի նա ոչ թէ մի անշունչ բառագիրք դառնայ, այլ նախապատրաստուի լինել կենդանի եւ առողջ դատողութիւն ունեցող խելօք մարդ:
Ղ. Աղայեան իրաւամբ կը մարմնաւորէ մոմի պէս լոյս բաշխող եւ անձնուիրաբար հալող արժանաւոր Հայ Ուսուցիչի դասական կերպարը, որ ոչ միայն կը տիրապետէ գիտելիքին եւ զայն փոխանցելու մանկավարժական վարպետութեան, այլեւ՝ անհուն սէր ունի ու զայն անմնացորդ կը տածէ դէպի իր խնամքին վստահուած հայ մանուկն ու պատանին։ Պաշտամունքի աստիճան խորունկ սէր՝ որ կը ներշնչուի սեփական ժողովուրդին անմեռ արժէքները նորերուն փոխանցելու եւ, այդ ճամբով, ազգային մեր մեծ ժառանգութիւնը վերանորոգելու գաղափարական յանձնառութենէն։ Որոշապէս իր ժամանակի հայոց Ազգային Զարթօնքը յառաջ մղելու յանձնառութիւնը եղաւ Ղ. Աղայեանի մղիչ ուժն ու առաջնորդող սկզբունքը։ Հաւատաց իր ժողովուրդի աշխատասիրութեան եւ անոր վրայ խարսխեց մանկավարժական իր ողջ փիլիսոփայութիւնը՝ շարունակ ուսուցանելով, որ
— Աշխատութիւնը բոլոր առաքինութիւնների մայրն է, ինչպէս ծուլութիւնը ծնող է ամենայն մոլութեան: Անգործ մնացած հողի վրա բուսնում են ամէն տեսակի անպիտան խոտեր, իսկ մշակուող հողը, որը նպատակ ունի շատերին սնունդ տալու, զարդարւում է ամէն տեսակի բարիքով:
Աշխատասիրութիւնը միայն խօսք եւ քարոզ չէր այս մեծ հայուն համար։ Իր անձին ու կեանքին կենդանի օրինակով դաստիարակեց սերունդները, որոնց շարունակ յիշեցուց, թէ լիարժէք մարդ դառնալու համար նախապայման են երկու հիմնական սկզբունքներ. Նախ՝ մայրենի լեզուի պաշտամունքը, ապա՝ մարդուն տրուած աստուածային գերագոյն պարգեւը, որ սէրն է դէպի մարդն ու մարդկայինը։ Ինչպէս Աղայեան կը գրէ՝
— Բաւական չէ ազգասէր եւ հայրենասէր ըլլալը, պէտք է քիչ մըն ալ լեզուասէր ըլլալ. պէտք է սիրել, պաշտել, գգուել հարազատ մօր հարազատ լեզուն: Այս սերմը միայն կը բանայ մեր առջեւ լեզուի անհատնում ճոխութիւնը, անոր նրբութիւնը եւ քաղցրութիւնը:
— Տէ՜ր Աստուած, ինչե՜ր ես դրել մարդու հոգում քո մի եռատառ բառովդ, որ է՝ Սէր:
Ղ. Աղայեան ծնած է 1840ին, Ապրիլ 4ին, Բոլնիս-Խաչէն (այժմ՝ Վրաստանի մէջ) հայաբնակ գիւղը։
Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Շամշուլդա գիւղի քահանայ Տէր Պետրոսի մօտ։ 1853ին ընդունուած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը. բայց մէկ տարի յետոյ՝ ինքնակամ հեռացած է դպրոցէն։ Այնուհետեւ՝ իր գիտելիքները լրացուցած է ինքնակրթութեամբ։
Աշխատանքի ասպարէզ մտած է իբրեւ գրաշար՝ Թիֆլիսի մէջ, ապա՝ Մոսկուա եւ Ս. Փեթերսպուրկ։ 1867ին վերադարձած է Անդրկովկաս. նշանակուած է Ս. Էջմիածնի տպարանի կառավարիչ եւ խմբագրած է «Արարատ» ամսագիրը (1869-70)։
Այնուհետեւ, իբրեւ ուսուցիչ, դասաւանդած է Ախալցխայի, Ալեքսանդրապոլի, Երեւանի եւ Շուշիի թեմական դպրոցներուն մէջ (1870–1882)։ Շրջան մը նաեւ եղած է Վրաստանի եւ Իմերեթիայի հայկական դպրոցներու թեմական տեսուչ։
Իբրեւ հրապարակագիրի՝ նախ աշխատած է «Փորձ» հանդէսի խմբագրութեան մէջ իբրեւ քարտուղար։ Գործուն մասնակցութիւն ունեցած է «Աղբիւր» մանկական պատկերազարդ ամսագիրի խմբագրումին մէջ։
1880ականներէն աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած է նաեւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման մէջ։ 1895ին ցարական իշխանութեանց կողմէ ձերբակալուած է Հնչակեան կուսակցութեան պատկանելու մեղադրանքով. աքսորուած է Նոր Նախիջեւան, ապա՝ Ղրիմ (1898-1900)։ Այնուհետեւ, մինչեւ կեանքին վախճանը, գտնուած է ցարական ոստիկանութեան հսկողութեան տակ։
1902ի Մայիսին, մեծ շուքով տօնուած է Ղ. Աղայեանի գրական գործունէութեան 40ամեակը
Վախճանած է 1911 թուականի Յունիս 20ին, Թիֆլիս։
Ղ. Աղայեան մեր ժողովուրդին կտակած է հարուստ եւ բազմազան գրական ժառանգութիւն։
Աղայեանի առաջին տպագիր գործն է՝ «Հարկաւոր է օգնել չքաւորներին» բանաստեղծութիւնը, որ լոյս տեսած է «Մեղու Հայաստանի» օրաթերթին մէջ, 1862ին։
Իր «Արութիւն եւ Մանուէլ» գործով (1867)՝ Աղայեան կը հանդիսանայ հիմնադիրը հայ իրականութեան մէջ ինքնակենսագրական վէպին՝ արդի հայ գրականութեան առջեւ ուղի բանալով։ Վէպը անողոք պայքարի կոչ է խաւարին ու յետամնացութեան դէմ՝ ընթանալով Աբովեանի բացած ուղիէն։ Աղայեանի գեղարուեստական արձակի ուշագրաւ նմոյշներէն են «Երկու քոյր» վիպակը, «Բաժանութիւն»ը, «Սէրը՝ արտաքսուած» գործը։ Մշակած է «Քէօրօղլի» վիպերգութեան երեք դրուագներ։ Մարդկային յարաբերութիւններու մասին Աղայեանի իտէալն աւելի ամբողջականօրէն արտայայտուած է «Տորք Անգեղ» երկարաշունչ բանաստեղծութեան մէջ (1888), որուն ատաղձը Մ. Խորենացիի «Հայոց պատմութեան» մէջ եղած առասպելն է Անգեղեան Տորքի մասին։
Բայց Աղայեան յատկապէս մանկական գրականութեան ասպարէզին մէջ արժանացաւ մեծ ժողովրդականութեան։ Մանկական բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուն՝ «Սրինգ հովուական»ը լոյս տեսաւ 1882ին, յաջորդը՝ «Բանաստեղծութիւններ»ը, 1890ին։ Հեքիաթները մեծ կշիռ ունեցան Աղայեանի ստեղծագործական վաստակին մէջ։ Ան հեքիաթը կը համարէր իրական աշխարհի ու կեանքի ճշմարտացի պատկերման, մանուկներու դաստիարակութեան կարեւորագոյն միջոց եւ հետեւողականօրէն կը պաշտպանէր չարին կռուով յաղթելու սկզբունքը։ Աղայեանի հեքիաթներուն հերոսները անձնական բարօրութիւնը կը ստորադասեն հանրային երջանկութեան գաղափարին։ Իր «Անահիտ» հեքիաթը (1881) կը նկատուի հայ հեքիաթագրութեան լաւագոյն նմոյշներէն մէկը։
Իսկ մանկավարժական իր գործերու շարքին առանձին յիշատակութեան արժանի է Աղայեանի «Ուսումն մայրենի լեզուի» դասագիրքերու շարքը՝ նախակրթարանի Ա, Բ, Գ, Դ. դասարաններու համար։ Շուրջ 40 տարի (1875-1916) Աղայեանի այս դասագիրքը եղաւ ամենատարածուած այբբենարանը ատենի հայ դպրոցներուն մէջ։
Մեծ մանկագիրի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած յուշատետրի այս էջը կ՚արժէ փակել Ղ. Աղայեանի «Արեւ» բանաստեղծութեամբ.
Արե՛ւ, արե՛ւ, դու մեզնից
Երբ հեռացար դէպ հարաւ,
Ձմեռն եկաւ եւ ամէն ինչ
Յափշտակեց ու տարաւ։
Աստուած սիրես, էլ մի՛ գնար,
Մի՛ թողնիր մեզ քեզ կարօտ,
Քեզ կը պատուենք, քեզ կը գովենք
Միշտ՝ իրիկուն, առաւօտ։
Որքան գոհ ենք, որ դու բերիր
Գարնան անուշ եղանակ,
Ա՜խ, երանի գարուն լինի
Տարին բոլոր ժամանակ։
Տես թէ ինչպէ՜ս փթըթել են
Ծառ ու ծաղիկ, կանաչ խոտ,
Տես թէ ինչպէս տարածուել է
Ամենայն տեղ անուշ հոտ։
Քեզ են գովում թռչնիկները
Իրանց քաղցր դայլայլով,
Հովիւը իր մեղմ սրինգով,
Հողատն անուշ հոլովով։
Չէ՛, արեւ ջան, էլ չը գնաս,
Էլ չը թողնես մեզ կարօտ,
Գնայ քնի՛ր գիշերները,
Առաւօտը եկ մեզ մօտ։