­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ՝ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նի, նա­խա­գա­հու­թեամբ՝ փրոֆ. ­Ռի­չըրտ ­Յով­հան­նէ­սեա­նի, փրոֆ. Ա­շոտ ­Մել­քո­նեա­նի եւ դոկտ. Ե­րո­ւանդ ­Փամ­պու­քեա­նի, Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վան­քի վե­հա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ ­Մարտ 21-23ին տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­ռօ­րեայ հա­մա­ժո­ղով` նո­ւի­րո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 100ա­մեա­կին:
­Հա­մա­ժո­ղո­վի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ի­րենց խօս­քը ուղ­ղե­ցին Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետն ու Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան։ Ըն­թեր­ցո­ւե­ցան ող­ջոյ­նի ու­ղերձ­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի, Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կո­սի, ինչ­պէս եւ հայ կա­թո­ղի­կէ ու հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր պե­տե­րուն։
­Դահ­լի­ճին մէջ հա­մախմ­բո­ւած ա­կա­դե­մա­կան­ներն ու պատ­մա­բան­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ պե­տա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­նե­րը ե­րեք օ­րե­րու ըն­թաց­քին գու­մա­րե­ցին 10 նիս­տեր, հե­տե­ւեալ օ­րա­կարգ­նե­րով եւ զե­կու­ցա­բեր­նե­րով.-

Չո­րեք­շաբ­թի՝ ­Մարտ 21

— ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը (դա­սա­խօս­ներ` փրոֆ. ­Ռի­չըրտ ­Յով­հան­նէ­սեան, փրոֆ. Ա­շոտ ­Մել­քո­նեան եւ Ե­րուանդ ­Փամ­պու­քեան)։
— ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման պատ­մա­քա­ղա­քա­կան են­թա­հո­ղը (զե­կու­ցա­բեր­ներ` փրոֆ. ­Վա­հան ­Մե­լի­քեան, փրոֆ. ­Ռու­բէն ­Սա­հա­կեան եւ փրոֆ. ­Գէորգ Ս­տե­փա­նեան, ա­տե­նա­պետ` ­Շա­հան արք. ­Սար­գի­սեան)։
— ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տաի­րա­ւա­կան կա­ռու­ցո­ւած­քը եւ ներ­քին դրու­թիւ­նը (զե­կու­ցա­բեր­ներ` փրոֆ. Ա­րա­րատ ­Յա­կո­բեան, փրոֆ. ­Վահ­րամ ­Բա­լա­յեան, դոկտ. ­Սու­րէն ­Սարգ­սեան, ա­տե­նա­պետ` ա­կա­դե­մա­կան Եու­րի ­Սու­վա­րեան)։
­Չո­րեք­շաբ­թի օ­րո­ւան նիս­տե­րու ա­ւար­տին, ժո­ղո­վա­կան­նե­րը ներ­կայ գտնո­ւե­ցան մայ­րա­վան­քի շրջա­փա­կին մէջ նո­րա­կա­ռոյց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան նո­ւի­րուած յու­շա­կո­թո­ղի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տե­ցին Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս եւ Ա.Հ. նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան։

­Հինգ­շաբ­թի՝ ­Մարտ 22

— ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը (զե­կու­ցա­բեր­ներ` փրոֆ. ­Գե­ղամ ­Պետ­րո­սեան, դոկտ. Ար­մե­նու­հի ­Ղամ­բա­րեան, դոկտ. ­Վար­դան Ոս­կա­նեան, ա­տե­նա­պետ` ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան)։
— ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դայ­նա­ցու­մը (զե­կու­ցա­բեր­ներ` փրոֆ. ­Ռու­բէն ­Սաֆ­րաս­տեան, փրոֆ. ­Կա­րէն ­Խա­չատ­րեան, փրոֆ. ­Սի­մոն ­Փա­յաս­լեան, ա­տե­նա­պետ` դոկտ. ­Կա­րէն ­Խան­լա­րեան)։
— ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դե­րը հայ­կա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու հե­տապնդ­ման գոր­ծին մէջ (զե­կու­ցա­բեր­ներ` դոկտ. Վ­լա­տի­միր ­Վար­դա­նեան, դոկտ. Ար­մէն ­Մա­րու­քեան, դոկտ. Ար­ման ­Կի­րա­կո­սեան, ա­տե­նա­պետ՝ փրոֆ. ­Համ­լեթ ­Յա­րու­թիւ­նեան):
­Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը ­Հինգ­շաբ­թի կէ­սօ­րին ուղ­ղո­ւե­ցան ­Ճի­պէյլ եւ այ­ցե­լե­ցին «Թռչ­նոց բոյն» ու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան որ­բե­րու «Ա­րամ ­Պէ­զի­քեան» թան­գա­րան: ­Հոն ա­նոնք ծա­նօ­թա­ցան «Թռչ­նոց բոյն»ի հիմ­նադ­րու­թեան պատ­մու­թեան եւ ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ լսե­ցին թան­գա­րա­նի շի­նու­թեան հո­լո­վոյ­թին ու ա­պա­գայ ծրա­գիր­նե­րուն մա­սին:

Ուր­բաթ՝ ­Մարտ 23

— Ան­կա­խու­թե­նէն՝ ան­կա­խու­թիւն. 28 ­Մա­յիս 1918էն 21 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991 (զե­կու­ցա­բեր­ներ՝ դոկտ. ­Զա­ւէն Մ­սըր­լեան, դոկտ. Ա­մա­տու­նի ­Վի­րա­պեան, տիար ­Մի­քա­յէլ ­Հա­ճեան, ա­տե­նա­պետ՝ դոկտ. ­Խա­չիկ ­Տէր-­Ղու­կա­սեան)։
— ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան պահ­պա­նու­մը ­Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռ­քի մէջ (զե­կու­ցա­բեր­ներ՝ տոքթ. Ե­ղիկ ­Ճե­րէ­ճեան, տիար ­Նա­զա­րէթ ­Պէր­պէ­րեան, փրոֆ. Է­դիկ ­Մի­նա­սեան, դո­ցենտ ­Խա­չա­տուր Ս­տե­փա­նեան, ա­տե­նա­պետ՝ տիար ­Շա­հան ­Գան­տա­հա­րեան)։
— Ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան պահ­պա­նու­մը հայ մշա­կոյ­թին մէջ (զե­կու­ցա­բեր­ներ՝ դոկտ. ­Գուր­գէն ­Վար­դա­նեան, փրոֆ. Ե­րո­ւանդ ­Տէր-­Խա­չա­տու­րեան, դոկտ. ­Մով­սէս ­Հեր­կէ­լեան, տիար ­Կա­րօ ­Յով­հան­նէ­սեան, դոկտ. ­Ռու­բի­նա ­Փի­րու­մեան, ա­տե­նա­պետ՝ տիար ­Ժի­րայր ­Դա­նիէ­լեան)։
— ­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կերտ­ման, պահ­պան­ման ու հզօ­րաց­ման մէջ (զե­կու­ցա­բեր­ներ՝ դոկտ. ­Վար­դան ­Դեւ­րի­կեան, ­Սե­պուհ Արք. ­Սար­գի­սեան, ­Մես­րոպ Ծ. Վրդ. ­Թո­փա­լեան, ա­տե­նա­պետ՝ ­Վեր. դոկտ. ­Փօլ ­Հայ­տոս­թեան)։
­Հա­մա­ժո­ղո­վի ա­ւար­տին Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը փակ­ման խօսք կա­տա­րեց եւ բարձր գնա­հա­տեց ժո­ղո­վի զե­կոյց­նե­րուն եւ քննար­կում­նե­րուն լուրջ, ո­րա­կեալ ու հե­տաքրք­րա­կան մա­կար­դա­կը։ Ա­պա՝ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի յա­տուկ գնա­հա­տա­կան խօս­քի ար­ժա­նա­ցուց բազ­մա­մեայ վաս­տակն ու ներդ­րու­մը հա­մա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ­նե­րէն դոկտ. Ե­րո­ւանդ ­Փամ­պու­քեանն ու փրոֆ. ­Ռի­չըրտ ­Յով­հան­նէ­սեա­նը՝ վե­թե­րան պատ­մա­գէտ­նե­րը պար­գե­ւատ­րե­լով ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան բարձ­րա­գոյն՝ «­Կի­լի­կիոյ Իշ­խան» կար­գի շքան­շան­նե­րով։
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած հա­մա­ժո­ղո­վի փա­կու­մէն ետք, ժո­ղո­վա­կան­նե­րը ­Վե­հա­փառ ­Հօր ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ բարձ­րա­ցան ­Պիք­ֆա­յա­յի դպրե­վան­քը, ուր նախ ծա­նօ­թա­ցան շրջա­փա­կը զար­դա­րող եւ հա­յոց պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնն ու ազ­գա­յին վե­րած­նուն­դը խորհր­դան­շող յու­շա­կո­թող­նե­րուն: