­Հո­լան­տա­յի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ պա­հան­ջա­գիր ներ­կա­յա­ցու­ցած են ­Հո­լան­տա­յի խորհրդա­րա­նին: ­Խորհր­դա­րա­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գա­հին հետ հան­դի­պու­մէն դուրս գա­լէ ետք, այս մա­սին «Ար­մէնփ­րես»ին յայտ­նած է Հ.Յ.Դ. ­Հո­լան­տա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ­Մա­սիս Աբ­րա­հա­մեան: «­Մեզ ըն­դու­նեց ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գա­հի ժա­մա­նա­կա­ւոր պաշ­տօ­նա­կա­տար ­Փի­թըր Օմթ­զիխթ, որ յա­ճախ հան­դէս կու գայ ի նպաստ մեր շա­հե­րու պաշտ­պա­նու­թեան: ­Հան­դի­պու­մին բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ կա­յին: ­Մենք ներ­կա­յա­ցու­ցինք մեր պա­հան­ջա­գի­րը: ­Մեր հիմ­նա­կան խնդի­րը այն է, որ ­Հո­լան­տա վեր­ջին շրջա­նին որ­դեգ­րած է մե­զի հա­մար տա­րօ­րի­նակ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը` «ցե­ղաս­պա­նու­թեան» փո­խա­րէն օգ­տա­գոր­ծե­լով «ցե­ղաս­պա­նու­թեան խնդիր» եզ­րը: Ա­տի­կա մե­զի ցաւ կը պատ­ճա­ռէ: ­Մենք նշե­ցինք, թէ որ­քա՛ն սխալ է այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը: Այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան պատ­ճա­ռով է, որ ­Թուր­քիան այ­սօր շատ ա­ւե­լի կարծր դիր­քո­րո­շում ու­նի ­Հո­լան­տա­յի նկատ­մամբ: Այն, որ հո­լան­տա­ցի­նե­րը կ­՛ը­սէին` չնե­ղաց­նենք թուր­քե­րը, չը­սենք ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը, մեր հա­մո­զու­մով, հա­կա­ռակ ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ»,- ը­սած է ­Մա­սիս Աբ­րա­հա­մեան: ­Ներ­կա­յա­ցո­ւած պա­հան­ջա­գի­րը պի­տի քննար­կո­ւի եւ յա­ռա­ջի­կա­յին ա­նոր գծով պի­տի տրո­ւի պա­տաս­խան: ­Մա­սիս Աբ­րա­հա­մեան լիա­յոյս է, որ նոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը շրջա­դարձ պի­տի կա­տա­րէ եւ ի­րե­րը կո­չէ ի­րենց ա­նու­նով: