«­Հիւ­սի­սա­փայլ»

13 Յունուար 1858. Լոյս տեսաւ «Հիւսիսափայլ»ի՝ արեւելահայ զարթօնքի փարոսին առաջին թիւը Ն.

0
1632

159 տա­րի ա­ռաջ, 13 ­Յու­նո­ւար 1858ին, ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ իր ա­ռա­ջին հա­մա­րը լոյս ըն­ծա­յեց «­Հիւ­սի­սա­փայլ» ա­նու­նով հա­յե­րէն թերթ մը, որ կո­չո­ւած էր դառ­նա­լու 19րդ ­դա­րու մեր Ազ­գա­յին ­Զար­թօն­քին ա­րե­ւե­լա­հայ յա­ռա­ջա­մար­տի­կը եւ հայ մտքի ու գրա­կա­նու­թեան լու­սա­բաշխ փա­րոս մը։
Ո՛չ պա­տա­հա­կա­նօ­րէն ը­սո­ւած խօսք է, ոչ ալ այդ­պէս՝ շռայ­լան­քով տրո­ւած գնա­հա­տա­կան է շա­րու­նակ շեշ­տուած այն հաս­տա­տու­մը, ո­րուն հա­մա­ձայն՝ հայ մա­մու­լը հիմ­նա­կան դեր խա­ղա­ցած է մեր ժո­ղո­վուր­դին լե­զո­ւամ­տա­ծո­ղու­թեան ար­դիա­կա­նա­ցու­մը, քա­ղա­քակր­թա­կան ինք­նա­հաս­տա­տու­մը եւ մշա­կու­թա­յին կեն­սա­գոր­ծու­մը յա­ռաջ մղե­լու, մշտա­նո­րոգ պա­հե­լու եւ նպա­տա­կաս­լաց հու­նով ա­ռաջ­նոր­դե­լու մեծ գոր­ծին մէջ։
«­Հիւ­սի­սա­փայլ»ի ա­նու­նին կցո­ւած «Օ­րա­գիր ընդ­հա­նուր ազ­գա­յին լու­սա­ւո­րու­թեան եւ դաս­տիա­րա­կու­թեան» տիտ­ղո­սը ինք­նին կը խտաց­նէ բնա­բա­նը, ա­ռա­ջադ­րանքն ու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած այս ամ­սա­թեր­թին։
1858էն մին­չեւ 1862 ան­խա­փան հրա­տա­րա­կո­ւե­լէ ետք, «­Հիւ­սի­սա­փայլ» եր­կու տա­րի լոյս չէ տե­սած, 1864ին մէկ տա­րի վե­րահ­րա­տա­րա­կո­ւած է եւ այ­նու­հե­տեւ վերջ­նա­կա­նա­պէս դադ­րած է։
­Բայց հինգ տա­րո­ւան իր հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը բա­ւա­րար ե­ղաւ, որ­պէս­զի «­Հիւ­սի­սա­փայլ»ը ա­ռա­ջաց­նէր այն­քա՜ն վա­րար ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան շար­ժում եւ այն­պի­սի՛ գա­ղա­փա­րա­կան եր­կունք, որ բա­ռին ե՛ւ փո­խա­բե­րա­կան, ե՛ւ քա­ղա­քա­կան ի­մաստ­նե­րով՝ ա­նի­կա հիւ­սի­սէն փայ­լող լոյ­սի աղ­բիւր դար­ձաւ ա­րե­ւե­լա­հայ գրա­կա­նու­թեան եւ, ընդ­հան­րա­պէս, քա­ղա­քա­կան լե­զո­ւամ­տա­ծո­ղու­թեան հա­մար։
«­Հիւ­սի­սա­փայլ»ի հրա­տա­րա­կու­թեան նա­խա­ձեռ­նեց Ս­տե­փա­նոս ­Նա­զա­րեանց, որ փայ­լուն հրա­պա­րա­կա­գիր էր եւ հան­դի­սա­ցաւ ոչ միայն ա­րե­ւե­լա­հայ աշ­խար­հա­բա­րի մշակ­ման եւ կա­տա­րե­լա­գործ­ման դրօ­շա­կի­րը, այ­լեւ՝ ան­վե­հեր պաշտ­պա­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին մէջ «հո­գե­ղէն շար­ժո­ղու­թիւն» ա­ռա­ջաց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քին՝ իր հիմ­նած թեր­թին գլխա­ւոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը հռչա­կե­լով՝ «իւ­րաց­նել եւ­րո­պա­կան մշա­կոյ­թը եւ զայն տա­րա­ծել Ա­սիոյ մէջ, լի­նել Ա­սիա­յի հա­մար մի լու­սա­ւոր ճրագ»։
Ս. ­Նա­զա­րեանց ա­ռան­ձին չէր, իր կող­քին ու­նէր յա­ռաջ­դի­մա­կան մտա­ծո­ղու­թեան եւ տես­լա­կա­նի տէր ե­րի­տա­սարդ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու կեն­սու­նակ խումբ մը, յատ­կա­պէս ­Մի­քա­յէլ ­Նալ­բան­դեա­նի օ­րի­նա­կով նո­րա­րար հե­ղի­նակ­ներ, ո­րոնք «­Հիւ­սի­սա­փայլ»ը վե­րա­ծե­ցին գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եւ ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան ի­րաւ դարբ­նո­ցի։
Գ­րա­կան ու ի­մաս­տա­սի­րա­կան այդ դարբ­նո­ցը, միա­ժա­մա­նակ, շատ ա­րագ հան­րա­յին լու­սա­ւո­րու­թեան եւ ազ­գա­յին զար­թօն­քի դպրոց դար­ձաւ 19րդ ­դա­րու երկ­րորդ կի­սու ա­րե­ւե­լա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։
­Կա­րե­ւո­րու­թեամբ պէտք է նշել, որ «­Հիւ­սի­սա­փայլ»ը ու­նէր իր հո­գեմ­տա­ւոր ծնո­ղը, որ ­Մոս­կո­ւա­յի ­Լա­զա­րեան ­Ճե­մա­րանն էր, հիմ­նո­ւած 1814ին։ Ա­րե­ւե­լա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ պատ­մա­կան մեծ դեր խա­ղա­ցած հան­րա­յին լու­սա­ւո­րու­թեան եւ ազ­գա­յին զար­թօն­քի այդ անկրկ­նե­լի ու­սում­նա­րա­նը սե­րունդ հաս­ցուց եւ Ս. ­Նա­զա­րեանց, ­Մի­քա­յէլ ­Նալ­բան­դեան, ­Րաֆ­ֆի ու Ռ. ­Պատ­կա­նեան, «­Հիւ­սի­սա­փայլ»ի ի­րենց ճա­ռա­գայ­թող շո­ղե­րով, ­Լա­զա­րեան ­Ճե­մա­րա­նով սկսած ա­րե­ւե­լա­հա­յոց զար­թօն­քի շար­ժու­մը յաղ­թա­կան իր ա­ւար­տին ա­ռաջ­նոր­դե­ցին։
«­Հիւ­սի­սա­փայլ»ի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ե­րեք նշա­նա­կէտ­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ։
Ա­ռա­ջի՛ն. ա­մէն կար­գի իշ­խա­նու­թեան աղ­բիւր դարձ­նել նոյ­նինքն մեր ժո­ղո­վուր­դը՝ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ուղ­ղու­թեամբ ա­րեւ­մուտ­քի եւ հիւ­սի­սի մէջ ծա­ւա­լած գա­ղա­փա­րա­կան խմո­րում­նե­րուն եւ հա­սա­րա­կա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն հա­ղորդ պա­հե­լով ժո­ղովր­դա­յին բազ­մու­թիւն­նե­րը, լու­սա­ւո­րե­լով հա­յու­թեան միտքն ու հո­գին եւ թափ տա­լով ա­նոր ինք­նա­հաս­տատ­ման կռուան­նե­րուն ու ինք­նա­զար­գաց­ման զէն­քե­րուն։
Այդ ա­ռու­մով՝ հայ ազ­գա­յին մտա­ծո­ղու­թեան մէջ շեշ­տո­ւած յա­ռաջ­դի­մա­կան ու ըն­կե­րա­յին զգա­ցո­ղու­թիւ­նը շատ բան կը պար­տի «­Հիւ­սի­սա­փայլ»ին։
Երկ­րո՛րդ. պայ­քա­րիլ հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան խա­ւա­րա­միտ տար­րին եւ ա­նոր նա­խա­պա­շա­րում­նե­րուն, ընդ­հան­րա­պէս նաեւ հայ պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թեան ու ստրկամ­տու­թեան դէմ՝ յա­նուն ա­զատ մտա­ծո­ղու­թեան ժո­ղովր­դա­կա­նաց­ման, ա­ռա­ջին հեր­թին, աշ­խար­հա­բար լե­զուն գրա­կան եւ հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան մշա­կու­մի ու գոր­ծա­ծու­թեան բարձր մա­կար­դա­կի հասց­նե­լով, ա­պա եւ այդ հու­նով՝ հայ դպրո­ցը ի­րա՛ւ լու­սա­ւո­րու­թեան հնո­ցի վե­րա­ծե­լով։
Եր­րո՛րդ. հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին նկա­րագ­րին եւ ա­ւանդ­նե­րուն հա­ւա­տա­րիմ՝ եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քակրթու­թեան վե­րած­նուն­դի նո­ւա­ճում­նե­րով պա­տո­ւաս­տել հայ­կա­կա­նու­թեան հաս­տա­բուն կաղ­նին, սոսկ ը­նդօ­րի­նա­կե­լով չբա­ւա­րա­րո­ւիլ, այլ իւ­րաց­ման եւ ազ­գայ­նաց­ման եր­կուն­քով ա­րա­րել հա­մա­մարդ­կա­յին յա­ռաջ­դիմա­կան ար­ժէք­ներն ու սկզբունք­նե­րը, որ­պէս­զի նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը՝ իբ­րեւ հա­յե­ցիու­թեան ժա­ռան­գոր­դի՝ հպար­տու­թեամբ քա­լեն հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան մեծ քա­ռու­ղի­նե­րէն։
Այս բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով՝ «­Հիւ­սի­սա­փայլ»ը դրօ­շա­կի­րը դար­ձաւ յա­ռաջ­դի­մա­կան մտքի զար­գաց­ման եւ նո­րա­րար գրա­կա­նու­թեան ստեղծ­ման: Ա­նոր է­ջե­րուն լոյս տե­սան ­Մի­քա­յէլ ­Նալ­բան­դեա­նի հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան, գրաքն­նա­դա­տա­կան ու գի­տա­կան բազ­մա­թիւ յօ­դո­ւած­նե­րը, գրա­կան-պատ­մա­կան եր­կե­րը, հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տագ­րու­թեան, քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան խնդիր­նե­րուն, գրա­կան լե­զո­ւի, գրա­կա­նու­թեան ու թատ­րո­նի, լու­սա­ւո­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը, «­Յի­շա­տա­կա­րա­նը», «­Մե­ռե­լա­հար­ցուկ» վէ­պը, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան այլ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ։ ­Նոյն­պէս «­Հիւ­սի­սա­փայլ»ի է­ջե­րուն լոյս տե­սան Ս­տե­փա­նոս ­Նա­զա­րեա­նի դպրո­ցա­կան գոր­ծի, դա­սա­գիր­քե­րու, կրթա­կան ծրագ­րե­րու, ըն­տա­նե­կան եւ ֆի­զի­քա­կան կրթու­թեան ու ման­կա­վար­ժա­կան կազ­մե­րու պատ­րաստ­ման եւ նմա­նա­տիպ այլ հար­ցե­րու վե­րա­բե­րող յօ­դո­ւած­նե­րը:
­Հան­դէ­սի մնա­յուն աշ­խա­տա­կից­նե­րու շար­քին փայ­լե­ցան ա­նուն­նե­րը եւ գոր­ծե­րը ­Րաֆ­ֆիի, ­Ռա­փա­յէլ ­Պատ­կա­նեա­նի, Սմ­բատ ­Շա­հա­զի­զի, ­Մու­րա­ցա­նի եւ այ­լոց։
Ար­դա­րեւ, հայ մտքի, մշա­կոյ­թի եւ գրա­կա­նու­թեան երկ­նա­կա­մա­րին վրայ, ի­րա­ւա՛մբ, հիւ­սի­սէն փայ­լող ­Զար­թօն­քի լու­սա­ւոր աստ­ղը ե­ղաւ 159 տա­րի ա­ռաջ, ­Յու­նո­ւար 13ի այս օ­րը իր ա­ռա­ջին հա­մա­րը լոյս ըն­ծա­յած «­Հիւ­սի­սա­փայլ»ը։