Հ. Կ. ­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի ­Գո­քի­նիոյ ընդ­հա­նուր ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը 1947-1948 տա­րեշր­ջա­նին ­Ձա­խէն աջ, վե­րէն վար 4րդ ­շարք՝ ­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան, Օն­նիկ ­Զա­քա­րեան-տնօ­րէն, ­Սեդ­րակ ­Գո­հա­րու­նի-Ու­սում­նա­կան ­Խոր­հուրդ, Ա­լիս ­Ֆա­րա­ճեան, տոքթ. Ե­ղիա Ար­շա­կու­նի-Ազգ. ­Վար­չու­թիւն, ­Վա­հան ­Տիւ­զեան-հա­շո­ւա­պահ, ­Սօս-­Վա­նի, ­Գե­ղա­նոյշ Աֆ­շա­րեան, ­Բա­նաեո­թա, ­Սեդ­րակ ­Բա­րա­ղա­մեան։

ԿԱՐՕ ԱՒԱԳԵԱՆ

­Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. ­Պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին եւ լման գի­շե­րո­ւան ռմբա­կո­ծու­մէ մը ետք, երբ օ­րը լուս­ցաւ, ­Լի­բազ­մա­յի հա­յա­հոծ փոք­րիկ գա­ղու­թը փլա­տակ­նե­րու տակ յայտ­նո­ւե­ցաւ: Այ­նու­հե­տեւ՝ զի­նո­ւո­րա­կան ինք­նա­շարժ­նե­րու օգ­նու­թեամբ, փո­խադ­րո­ւե­ցանք ­Գո­քի­նիոյ զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած դպրոց­նե­րը:
­Մենք բախ­տա­ւո­րո­ւե­ցանք «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նով:
Այս դժբախտ պայ­ման­նե­րուն մէջ ե­ղաւ ա­ռա­ջին ծա­նօ­թու­թիւնս «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նին հետ:
­Մի քա­նի ան­ձուկ օ­րե­րէ ետք, ծնողքս կայք հաս­տա­տեց ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան»ի մօտ, հե­տե­ւա­բար՝ կո­չո­ւե­ցանք գո­քի­նիա­ցի:
­Զի­նա­դա­դա­րէն յե­տոյ դպրոց­նե­րը սկսան բնա­կա­նոն ըն­թաց­քի մէջ մտնե­լու, միւս դպրոց­նե­րու կար­գին նաեւ «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նը:
Այդ տա­րի­նե­րուն ­Գո­քի­նիոյ մէջ կը գոր­ծէին ե­րեք հայ­կա­կան դպրոց­ներ՝ կա­թո­ղի­կէ եւ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայնք­նե­րու վար­ժա­րան­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նը՝ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ կից:
Ծ­նող­քիս նա­խընտ­րու­թեամբ յա­ճա­խե­ցի «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նը: ­Գո­հա­ցու­ցիչ էր այդ ընտ­րու­թիւ­նը, քա­նի դպրոցս ա­ւար­տե­լէ ետք շա­րու­նա­կե­ցի մնալ «­Զա­ւա­րեան»ի շու­քին տակ՝ մաս­նակ­ցե­լով միու­թե­նա­կան կեան­քին:
­Գո­քի­նիոյ գաղ­թա­կան հա­յու­թիւ­նը, իր տու­նե­րը շի­նե­լու ըն­թաց­քին, անհ­րա­ժեշտ նկա­տած է շի­նել նաեւ ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն մը: Շր­ջա­նի պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կեր­նե­րը գոր­ծի նե­տո­ւած՝ ի­րա­կա­նու­ցած էին այդ հսկայ աշ­խա­տան­քը. ա­նոր ա­նու­նը ե­ղած է «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նը՝ Հ.Յ.Դ. հիմ­նա­դիր­նե­րէն ­Դաշ­նակ­ցու­թեան խիղ­ճը նկա­տուող ան­ձին ա­նու­նով:
­Պէտք է խոս­տո­վա­նիլ, թէ այդ օ­րե­րու միակ քա­րա­շէն ներ­կա­յու­թիւ­նը փայ­տա­շէն խրճիթ­նե­րու մի­ջեւ՝ հա­յու­թեան ան­մար փա­րո­սը ե­ղաւ:
Այս մէ­կը ա­ռիթ ստե­ղեց «­Զա­ւա­րեան»ի շրջա­գի­ծին մէջ հաս­տա­տո­ւե­լու բազ­մա­թիւ ըն­տա­նիք­նե­րու հա­մար:
«­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նը կը գտնո­ւէր ­Գո­քի­նիոյ մէջ, ձո­րի մը կից: «­Զա­ւա­րեան» յա­ճա­խե­լու հա­մար սա­կայն դժո­ւա­րու­թիւն ու­նէինք: ­Հարկ էր ձո­րի մէջ­տե­ղէն զե­տե­ղո­ւած եր­կու խո­շոր քա­րե­րու վստա­հե­լով, դի­մաց անց­նիլ: Անձ­րե­ւոտ օ­րե­րուն սա­կայն ձո­րին մէջ լճակ­ներ կը կազ­մո­ւէին, մե­զի պէս ո­րոշ պա­տա­նի­նե­րու հե­տաքրք­րու­թիւ­նը գրգռե­լով, թէ ո՞վ ա­ւե­լի լայն տե­ղը ցատ­կե­լով, դի­մաց պի­տի անց­նի. շատ ան­գամ մեր հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը կորսնցնե­լով՝ կ­՚իյ­նա­յինք ցե­խոտ, աղ­տոտ ջու­րե­րուն մէջ, բայց յա­ջորդ օ­րը նոյն փոր­ձու­թեան վերս­տին կ’են­թար­կո­ւէինք…
«­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի բա­կին աջ կող­մը կը գտնո­ւէր ման­կա­պար­տէ­զի բա­ժի­նը, հոն կ­՚իշ­խէր տի­կին ­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան՝ ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հին: Ան լման ­Հա­յաս­տան մըն էր: Ան ամ­բողջ կեան­քը նո­ւի­րած էր՝ զբա­ղե­լով մատ­ղաշ տա­րի­քի տղոց հետ, սոր­վեց­նե­լով ա­նոնց՝ այբ, բեն, գիմ եւ եր­գե­լով ցմպօ-ցմպօ մար­զան­քի եր­գը: ­Կեան­քին վեր­ջա­ւո­րու­թեան այս տի­կի­նը Հ. Կ. ­Խա­չին նո­ւի­րեց նաեւ իր տու­նը:
­Տի­կին ­Հա­յաս­տա­նին՝ ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հիին, միշտ պի­տի յի­շենք:
­Բա­կին խո­րը կը գտնո­ւէր «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի շէն­քը՝ կա­մա­րա­ձեւ պա­տու­հան­նե­րով եւ զոյգ մը եր­կայն խո­շոր դռնե­րով: ­Կեդ­րո­նի պա­տը զար­դա­րո­ւած էր ­Հա­յաս­տա­նի մեծ քար­տէ­սով մը՝ ­Նա­խի­ջե­ւա­նը եւ Ար­ցա­խը շրջա­նա­կի մէջ, քո­վը՝ ­Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մէն նկար մը, կա­յին 1821ի յոյն հե­րոս­նե­րու նկար­ներ՝ ­Քո­լո­քո­թրո­նիի, ­Քա­նա­րի­սի, ­Պու­պու­լի­նա­յի ե­ւայլն, կա­յին նաեւ հայ նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան հե­րոս­նե­րու նկար­ներ՝ զօր. Անդ­րա­նի­կի, Աղ­բիւր ­Սե­րո­բի, ­Սօ­սէ ­Մայ­րի­կի, ­Ռու­բի­նա­յի, ­Գէորգ ­Չա­ւու­շի, Ա­րա­մի:
Ս­րա­հին կեդ­րո­նը զե­տե­ղո­ւած էր բե­մը, քո­վը՝ եր­կու սե­նեակ՝ 4րդ, 5րդ­ եւ 6րդ ­դա­սա­րան­նե­րուն հա­մար, իսկ փոքր դա­սա­րան­նե­րուն հա­մար փայ­տէ շար­ժուն բա­ժան­մունք­նե­րով բնո­րո­շո­ւած տե­ղե­րը: ­Բա­կի ա­ւա­զա­նին մէջ կա­յին ե­րեք զե­տե­ղո­ւած ծո­րակ­ներ, ա­ւե­լի ան­դին՝ 2 չի­նա­րի ծառ:
­Վե­ցեր­րորդ դա­սա­րա­նին յատ­կա­ցո­ւած սե­նեա­կը ճոխ գրա­դա­րան մը ու­նէր՝ մօ­տա­ւո­րա­պէս 1000 զա­նա­զան հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով:
­Նոյն սե­նեա­կին մէջ կը գու­մա­րո­ւէին ժո­ղով­ներ, ո­րոնց մէջ լուրջ ո­րո­շում­նե­րու կը յան­գէին, այդ ո­րո­շում­նե­րուն կար­գին էր նաեւ «­Զա­ւա­րեան»ի ան­յե­տաձ­գե­լի վե­րա­շի­նու­թեան հար­ցը:
Երբ զբօ­սան­քի կ­՚իջ­նէինք մեծ աշ­խու­ժու­թիւն կը տի­րէր բա­կին մէջ, ու­րախ ճի­չեր, բա­ցա­գան­չու­թիւն­ներ. մե­զի հետ կը զբօս­նէին նաեւ մեր ու­սու­ցիչ­նե­րը, յա­ճախ այդ ծա­ռե­րու շու­քին տակ զրու­ցե­լով, քա­նի ի­րենց հա­մար տրա­մադ­րե­լի յա­տուկ սե­նեակ չկար:
­Մենք բախ­տա­ւո­րո­ւե­ցանք ու­նե­նա­լու անձ­նո­ւէր ու­սու­ցիչ­ներ.- ­Սօս-­Վա­նի, ­Սար­գիս եւ Օն­նիկ ­Զա­քա­րեան եղ­բայր­նե­րը, ­Սեդ­րակ ­Բա­րա­ղա­մեան, Ա­լիս ­Ֆա­րա­ճեան, ­Գե­ղա­նոյշ Աֆ­շա­րեան: Ա­սոնք էին, որ շունչ հատ­ցու­ցին՝ մե­զի սոր­վեց­նե­լու հա­մար գիր-գրա­կա­նու­թիւն, ազ­գա­յին պատ­մու­թիւն, սոր­վե­ցուին մշա­կոյթ:
­Հայ ու­սու­ցի­չին դե­րը շատ դժո­ւար էր եւ կը շա­րո­ւա­կէ ըլ­լալ. ա­տե­նին ա­շա­կերտ­նե­րը, ընդ­հան­րա­պէս, թրքա­խօս ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­ներ էին, նոյնն է նաեւ ներ­կա­յիս կա­ցու­թիւ­նը եւ ա­շա­կերտ­նե­րու վի­ճա­կը, քա­նի ա­նոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը խառն ա­մուս­նու­թիւն­նե­րու զա­ւակ­ներն են:
­Քա­նի մը ա­միս ա­ռաջ դժբախ­տու­թիւ­նը ու­նե­ցանք կորսնց­նե­լու «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի սիւ­նե­րէն ­Գե­ղա­նոյշ Աֆ­շա­րեա­նը:
Ան իր յա­մառ աշ­խա­տա­նով եւ անն­կուն կամ­քով՝ նեղ պայ­ման­նե­րու մէջ, կա­րո­ղա­ցաւ մուտք գոր­ծել Ա­թէն­քի ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ճիւ­ղը. յա­ջո­ղու­թեամբ տի­րա­նա­լէ ետք վկա­յա­կա­նի՝ ան դաս­տիա­րակ կը կո­չո­ւի «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի:
­Թո­ւա­բա­նու­թիւնն էր մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը, այդ թուա­բա­նա­կան կա­նոն­նե­րով ըն­թա­ցաւ լման կեան­քը, նոյն թո­ւա­բա­նա­կան կա­նոն­նե­րով դա­սա­ւան­դեց մօ­տա­ւո­րա­պէս կէս դար, ան­դա­դար: Երբ հանգս­տեան կո­չո­ւե­ցաւ՝ նոյն ո­գե­ւո­րու­թեամբ շա­րու­նա­կեց այ­ցե­լել սի­րած դպրո­ցը, կ­՚ու­զէր իր փոր­ձա­ռու­թեամբ օգ­տա­կար ըլ­լալ ո­րե­ւէ դժո­ւար կա­ցու­թեան:
­Տի­կին ­Գե­ղա­նոյշ նոյն ե­ռան­դով եւ նոյն սի­րով կը հե­տե­ւէր Հ. Կ. ­Խա­չի աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ ձեռ­նարկ­նե­րուն՝ մաս­նակ­ցե­լով, հարկ ե­ղած ա­տեն ցուց­մունք­ներ ը­նե­լով եւ ուղ­ղու­թիւն­ներ տա­լով՝ պատ­րաս­տա­կամ էր օգ­նե­լու ո­րե­ւէ դժո­ւար խնդրի լուծ­ման:
­Տի­կին ­Գե­ղա­նոյշ ար­ժա­նա­ցած էր պար­գեւ­նե­րու, իսկ երբ ե­րեք տա­րի ա­ռաջ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ Ա­թէնք գտնո­ւե­ցաւ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փա­ռը, ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի շքան­շա­նով պա­տո­ւեց զինք, պաշ­տօ­նա­կան ներ­կա­նե­րու եւ ժո­ղո­վուր­դի առ­ջեւ՝ իր սի­րած «­Զա­ւա­րեան»ին մէջ:
­Յի­շա­տակդ ան­մո­ռա­նա­լի՜, տի­կին ­Գե­ղա­նոյշ:
­Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին շէն­քը պար­տո­ւե­լով բնու­թեան օ­րէն­քէն, հետզ­հե­տէ կը դժո­ւա­րա­նա­յին աշ­խա­տանք­նե­րը եւ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը սրա­հէն ներս. վեր­ջա­պէս առ­նո­ւե­ցաւ կտրուկ ո­րո­շում՝ փո­խա­րի­նե­լե­լու հին «­Զա­ւա­րեան»ը՝ նոր «­Զա­ւա­րեան»ով:
Ն­պա­տակս տկա­րու­թիւն չի ճանչ­նար նշա­նա­բա­նով կը կազ­մո­ւի կայ­տառ եւ գոր­ծու­նեայ յանձ­նա­խումբ մը:
Օն­նիկ ­Շան­կա­յեան, Ա­րա ­Ման­կո­յեան, ­Գէորգ Ա­ւա­գեան, ­Պաղ­տիկ Սլտ­րեան, ­Մի­նաս Ա­դա­մեան, Ա­րիս ­Նա­ճա­րեան, ­Կա­րօ ­Յո­վա­կի­մեան, ­Վա­րու­ժան Էլ­մա­սեան, ­Պերճ Գ­րի­գո­րեան:
­Ներշն­չո­ւե­լով սոյն յանձ­նա­խում­բի պատ­րաս­տա­կա­մու­թե­նէն՝ ամ­բողջ
­Գո­քի­նիոյ գա­ղու­թը ա­նոր շուր­ջը կը բո­լո­րո­ւի եւ ձեռք-ձեռ­քի տո­ւած բո­լո­րը միա­սին՝ «­Զա­ւա­րեան»ի հին ու նոր սա­ներ, մեծ ու պզտիկ նո­ւի­րա­տու­ներ, բա­րե­րար­ներ՝ ­Մա­րօ ­Զա­քա­րեան եւ ­Յա­րու­թիւն ­Սա­րա­ճեան, ճար­տա­րա­գէտ ­Շա­հան ­Ֆա­րա­ճեան, ճար­տա­րա­պետ ­Յա­րու­թիւն Ե­զե­կիէ­լեան գոր­ծի կը լծո­ւին, շրջան­ցե­լով ա­մէն տե­սա­կի խո­չըն­դոտ­ներ եւ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ, նե­րե­լի ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին ի յայտ կը բե­րեն հա­յու­թեան պար­ծան­քը ե­ղող «­Զա­ւա­րեան»ի փա­ռա­ւոր շէն­քը:
Ան­շուշտ՝ նո՛յն պատ­մա­կան հո­ղին վրայ, նո՛յն այդ ձո­րին կից: Եւ սա­կայն վե­րո­յի­շեալ ձո­րը շա­տոնց ծած­կո­ւեր է եւ քա­ղա­քի ա­մե­նա­բա­նուկ եւ կեդ­րո­նա­կան պո­ղո­տա­յի մը վե­րա­ծո­ւած է: ­Գո­քի­նիա­ցի­նե­րու ե­րա­զը ի­րա­կա­նու­թիւն է:
Ան­կաս­կած՝ նոր «­Զա­ւա­րեան» շէն­քին մայր ե­րա­կը ե­ղած է Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը, նիւ­թա­կան իշ­խա­նա­կան ներդ­րու­մով մը: Ան­շուշտ Հ. Կ. ­Խա­չի մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը եւ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րը ի զուր չե­ղան՝ ան հո­յա­կապ շէն­քի մը տէ­րը դար­ձաւ:
­Նոր «­Զա­ւա­րեան»ի շէն­քը կը ներ­փա­կէ ար­դի դպրո­ցա­կան կա­ռոյց, կա­տա­րեալ սար­քա­ւո­րու­մով՝ զոյգ սրահ, ակմ­բա­յին լրիւ դրու­թիւն իր գրա­սե­նեա­կով, ու­նի փակ դաշտ եւ, վեր­ջա­պէս, դա­լար տա­նիք մը, ո­րուն զո­վու­թիւ­նը ըմ­բոշխ­նե­լու ա­ռի­թը ու­նե­ցանք, երբ Ար­ցա­խի պա­տա­նի­նե­րու ա­մա­ռո­ւան ար­ձա­կուր­դը Ա­թէնք ան­ցու­ցած շրջա­նին, ա­նոնք ի­րենց եր­գե­րով, ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով եւ պա­րե­րով ո­գե­ւո­րե­ցին ու խան­դա­վա­ռե­ցին «­Զա­ւա­րեան»ի դա­լար տա­նի­քը հա­ւա­քո­ւած բո­լոր ներ­կա­նե­րը:
­Վարձ­քը կա­տար շի­նու­թեան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն, վարձ­քը կա­տար բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ո­րե­ւէ ձե­ւով սա­տա­րե­ցին «­Զա­ւա­րեան»ի վե­րա­շի­նու­թեան հսկայ աշ­խա­տանք­նե­րուն: