Կազմակերպութեամբ՝ Թեսաղոնիկէի Փիրէոս Խումբի մշակութային հաստատութեան եւ հրաւէրովը Action Artի ներկայացուցիչ Ռոտանթի Տիմիթրէսիյի, Երեքշաբթի՝ 20 Մարտ 2018ի երեկոյեան ժամը 6։30ին, Թեսաղոնիկէի «Pirius» դրամատան ժողովասրահէն ներս համաշխարհային «Հեքիաթի Օր»ուան առիթով տեղի ունեցաւ գեղեցիկ եւ հետաքրքրական ձեռնարկ, մասնակցութեամբ՝ տարբեր լեզուներով հեքիաթախօսներու, ինչպէս օրինակ՝ յունարէն, ֆրանսերէն, եբրայերէն, թուրքերէն, հայերէն, եւայլն… եւ ներկայութեամբ՝ օտար հանդիսականներու կողքին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի անդամներ պարոնայք Յարութիւն Արթին Աբրահամեանի (ատենապետ), Կարօ Նատեանի եւ Ստեփան Փարթեմեանի, Գոմոթինիի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ պրն. Ստեփան Մատթէոսեանի, Հ.Գ.Խ.ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի տիկ. Նուէր Տէրէյեանի եւ Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» Ծաղկոց շաբաթօրեայ դպրոցի կարգ մը ուսուցչուհիներու։ Հայերէն լեզուով հեքիաթախօսն էր Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» Ծաղկոցի ուսուցիչներէն տիկ. Քրիսթինէ Յակոբեան, որ շատ գեղեցիկ կերպով ներկայացուց մեր՝ հայ անմահանուն բանաստեղծներէն Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներէն «Մի կաթիլ մեղր»ը։ Ձեռնարկի ընթացքին լսուեցաւ նաեւ հայկական երաժշտութիւն։ Տարբեր լեզուներով յունարէնէ թարգմանութիւնը կատարեց՝ Action Artի ներկայացուցիչ՝ Ռոտանթի Տիմիթրէսի։
Այս ուրախ առիթով՝ գաղութի անունով շնորհաւորելի է տիկ. Քրիսթինէ Յակոբեան, որուն կը մաղթենք յարատեւ վերելք, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում։
Թղթակից