15-19 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի հեռախօսամարաթոնը, որուն մասնակցեցան Հիմնադրամի Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ եւ Յունաստանի տեղական մարմինները:
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը կը յայտնէ, թէ 4 օր շարունակ հիմնադրամի կամաւորները կը զանգահարէին եւրոպական երկիրներու մէջ ապրող հայ ընտանիքներուն եւ կազմակերպութիւններուն՝ ներկայացնելով հիմնադրամի Նոյեմբերի 23ին կայանալիք «Հեռուստամարաթոն 2017»ին՝ «Բերքառատ Արցախ» բնաբանով։
Աւելի քան 9900 եւրոպահայ ընտանիք եւ կազմակերպութիւն միացեր են հանգանակութիւններուն, եւ այսպիսով՝ Եւրոպայի հայերուն կողմէ կատարուած ներդրումը «Հեռուստամարաթոն 2017»ին կը կազմէ 1,23 միլիոն եւրօ։ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ամենամեայ հեռուստամարաթոնին ընդառաջ՝ հիմնադրամի տեղական մարմինները տարբեր երկիրներու մէջ կը կազմակերպեն նմանօրինակ երեկոյթներ՝ գումար հաւաքագրելու համար։
«Բերքառատ Արցախ» խորագիրը կրող մարաթոնի նիւթը Արցախի ոռոգման համակարգի կառուցումն է եւ արեւային ուժանիւթի կայաններու զետեղումը։
«Հեռուստամարաթոն 2017»
Եւրոպայի հայերը 1,23 միլիոն եւրօ կը ներդնեն «Հեռուստամարաթոն 2017»ին