Նոր Տարուան առաջին օրերուն, յունահայութիւնը կորսնցուց իր արժանաւոր դէմքերէն ընկերուհի Ժէրմէն-Աղաւնի Իսպիրեանը։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Յունաստանի հաւատաւոր անդամներէն էր ընկերուհի Ժէրմէն, որ թէ՛ Թեսաղոնիկէի եւ թէ Աթէնքի մէջ իր գործուն մասնակցութիւնը բերած էր ազգային-կուսակցական եւ միութենական-հասարակական մեր կեանքին՝ մշակութային, կրթական թէ բարեսիրական ծառայութեան մարզերէն ներս։
Հանգուցեալի թաղման եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի՝ 4 Յունուար 2017ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էին հանգուցեալին ընտանիքը, հարազատները, բարեկամներն ու ընկերները: Ներկայ էին նաեւ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, Թեսաղոնիկէի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կուսակցական մարմինը՝ իր ամբողջ կազմով եւ բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչները:
Դամբանական խօսք արտասանեց Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, որ ըսաւ.-
«Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ,
«Այսօր այս Ս. Եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ հաւաքուած ենք՝ մեր հրաժեշտը տալու նորոգ հանգուցեալ Ժէրմէն-Աղաւնի Իսպիրեանին։
«Ցաւալի իրականութիւն մըն է, որ կ’ապրինք այս պահուն։ Մարդկային բանակութիւնը իր ժամանակը առնելով կը համոզուի կատարուած դէպքին, այդ բանականութեան վրայ նաեւ կը ներգործէ մեր ունեցած հաւատքը առ Աստուած, որ մեզ հաստատ կը պահէ՝ թէ այս ժամանակաւոր աշխարհը պատրաստութիւնն է յաւիտենական կեանքին, ուր մարդ հեռանալով մարդկային ցաւերէն, վիշտերէն, նեղութիւններէն եւ ձախորդութիւններէն, կ’ապրի ազատ, յաւիտենական երանութեան մէջ։
«Ահաւասիկ այսօր հանգուցեալը կ’արժանանայ այդ յաւիտենական երանութեան։
«Ժէրմէն-Աղաւնի Իսպիրեան՝ անուն մը, որ մեր կեանքերուն մէջ հետք ձգած է, իր սէրը իր ազգին եւ իր համայնքին հանդէպ սատար հանդիսացաւ իր փայլուն կեանքին եւ իր առաքինի մարդկային արժէքներուն։ Իր պատանեկան եւ երիտասարդական տարիներուն, ան լայնօրէն ծառայեց համայնքէն ներս ու իր ազգային դիմագիծը կազմաւորեց կուսակցութեան յարկին տակ՝ օրինակ հանդիսանալով ապագայ սերունդներուն։
«Աւելի քան 27 տարիներ ապրեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ, ուսման համար գտնուեցաւ Ամերիկա եւ ապա վերադարձաւ, որպէս ուսուցիչ դաստիարակելով սերունդներ, այսօր մենք այստեղ բոլորս կը վկայենք, թէ իր համայնքային կեանքը լեցուն էր բարեգործութիւններով։
«50 տարիներ ապրեցաւ Աթէնքի մէջ, ուր ան դպրոցի ուսումնական խորհուրդի անդամ ըլլալով՝ շարունակեց իր առաքելութիւնը։ Նաեւ՝ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան եւ մասնաճիւղի անդամ դառնալով՝ իր լուման դրաւ որպէս ծառայ հայ ազգին։
«Ժէրմէն Իսպիրեանը անդամ էր Հայ Կապոյտ Խաչի եւ իր քրոջ՝ Թագուհի-Նինի Ռոտրիկէզ Իսպիրեանի հետ մասնակցութիւն բերած է ուսումնական ծրագիրներուն։ Ան նիւթապէս հաստատած է «Իսպիրեան մրցանակ»ը, որ 4 տարի տրուեցաւ Յունաստանի համալսարանի մուտքի քննութիւններուն ամենաբարձր նիշով յաջողած հայորդիին։
Հանգուցեալը այսօր կը միանայ բոլոր այս համայնքի զաւակներուն, որոնք մեզի հրաժեշտ տալով՝ մեկնեցան, տեղ պատրաստելու յաւիտենականութեան մէջ։ Այսօր մենք պէտք է մխիթարուինք Ս. Հոգիով եւ հանգուցեալին օրինակին հետեւելով՝ ապրինք մեր կեանքը պատրաստելով նոր Ժէրմէններ, որոնք նոյն ոգիով տոգորուած պիտի ծառայեն հայ ազգին։
«Սիրելի հաւատացեալներ, յանուն յունահայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետին եւ անդամներուն, մեր բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչներուն՝ կուգամ իմ խորին ցաւակցութիւններս յայտնելու հանգուցեալի ընտանիքին, հարազատներուն ու բարեկամներուն՝ աղօթելով առ բարձրեալն Աստուած, որ յիշեալ հանգուցեալին հոգին արժանացնէ երկնքի արքայութեան եւ մեզ բոլորիս պարգեւէ Ս. Հոգւոյն անսպառ մխիթարութիւնը։ Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն»։
Ապա՝ Թեսաղոնիկէի հայոց գերեզմանատան մէջ, ընկերուհի Ժէրմէնի անկենդան մարմինը հողին յանձնելու համար հաւաքուած սգակիրներուն ուղղելով իր խօսքը, ընկ. Աւետիս Աւետիսեան Դաշնակցութեան անունով արտասանեց հրաժեշտի հակիրճ խօսք մը.-
«Սիրելի ընկերուհի Ժէրմէն,
«Ահաւասիկ քեզ խոր վշտով կը յանձնենք հողին՝ յիշելով բոլոր այն դէպքերն ու յիշատակները, ուր դուն ներկայ էիր որպէս հայ եւ մանաւանդ որպէս կուսակցական։
Դալար տարիներուդ Երիտասարդականի խումբին մաս կազմելէ ետք միացար մեր շարքերուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ուխտը կատարելով եւ անոր նպատակին համար աշխատելով։
«Քու կատարած ազգային բարեգործութիւններդ անհամար են, դժուար է բոլորն ալ յիշել, որովհետեւ բազմաթիւ են, բայց հաւատայ, որ յիշատակդ ընկերուհի Ժէրմէն յաւիտեան պիտի մնայ։
«Հողը թեթեւ ըլլայ, եւ շիրիմիդ լոյս՝ սիրել ընկերուհի Ժէրմէն»։