Հայ Կապոյտ Խաչի տեղեկատուական պրակ

0
1547

Յու­նաս­տա­նի Հ. Կ. Խա­չի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ե­ռա­լե­զու (հա­յե­րէն, յու­նա­րէն, անգ­լե­րէն) գե­ղա­տիպ պրակ մը հրա­տա­րա­կո­ւած է, որ բաժ­նո­ւե­ցաւ «Ա­զատ Օր»ի բա­ժա­նորդ­նե­րուն եւ յա­ջոր­դող օ­րե­րուն պի­տի տրա­մադ­րո­ւի նաեւ յոյն հա­սա­րա­կու­թեան:
Վեց է­ջե­րէ բաղ­կա­ցած հրա­տա­րա­կու­թեան մէջ ամ­փոփ բայց բո­վան­դա­կա­լից կը ներ­կա­յա­ցո­ւի Հ.Կ. Խա­չի գոր­ծու­նէու­թեան շրջա­գի­ծը հան­րու­թեան ներ­կա­յաց­նե­լով բա­րե­սի­րա­կան մեր միու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րու հիմ­նա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րը:
Կը կար­դանք, թէ «­Հայ Կա­պոյտ Խա­չը ոչ կա­ռա­վա­րա­կան, ոչ հա­սու­թա­բեր, բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն է, որ հիմ­նո­ւած է 1924ին եւ Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան հա­մա­հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան Յու­նաս­տա­նի միա­ւորն է։
*Հ. Կ. Խա­չի նպա­տակն է ըն­կե­րա­յին հո­գա­տա­րու­թիւ­նը, հա­յակր­թու­թիւ­նը, հայ մշա­կոյ­թին եւ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն պահ­պա­նու­մը, Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։
* Հ. Կ. Խա­չի ա­նու­նով եւ գուր­գու­րան­քով կը գոր­ծեն՝ 5 ազ­գա­յին կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ:
*Հ. Կ. Խա­չը իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը ծա­ւա­լէ իր ան­դամ­նե­րու կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քին եւ իր բա­րե­րար­նե­րու ու հա­մա­կիր­նե­րու նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ։
*­Յու­նաս­տա­նի Հ. Կ. Խա­չը կը մաս­նակ­ցի Հ.Օ.Մ.ի հա­մա­հայ­կա­կան ծրա­գիր­նե­րուն։
*Հ. Կ. Խա­չը բա­րո­յա­պէս եւ նիւ­թա­պէս կ’օ­ժան­դա­կէ կա­րի­քա­ւոր հայ­րե­նա­կից­նե­րու։
*Ա­ռող­ջա­պա­հա­կան եւ բա­րե­սի­րա­կան մար­զէն ներս կա­րե­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւն մըն է Հ. Կ. Խա­չի ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան ար­շա­ւը որ տե­ղի կ’ու­նե­նայ Ապ­րի­լեան Ե­ղեռ­նի ո­գե­կո­չա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս»:
Գու­նա­զարդ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րու­թեան կող­մէ: