­Նոր ­Զե­լան­տիոյ մէջ հայ հա­մայն­քի եւ հիւ­րե­րու ներ­կա­յու­թեամբ, հա­մայն­քի փոխ-ա­տե­նա­պետ եւ նո­րաս­տեղծ ծխա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ ­Զա­ւէն ­Փա­նո­սեան հան­դի­սա­ւոր կեր­պով ազ­դա­րա­րած է հայ ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադր­ման սկիզ­բը: Ծ­խա­կան խոր­հուր­դը ստեղ­ծո­ւած է զբա­ղե­լու ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադր­ման աշ­խա­տանք­նե­րով,- կը հա­ղոր­դէ «­Հա­յերն Այ­սօր»: ­Նոր ­Զե­լան­տիա­յէն ­Գո­հար ­Պաղ­տա­սա­րեան կը գրէ, որ հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցին մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր եւ ֆի­զի­քա­կան պահ­պան­ման գոր­ծին, նաեւ՝ անհ­նար է չգնա­հա­տել հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ դե­րը սփիւռ­քի հա­յա­պահ­պան­ման գոր­ծին մէջ: Ան կ’ա­ւելց­նէ, որ առ այժմ Ս. ­Պա­տա­րագ պի­տի  մա­տու­ցո­ւի ա­մի­սը ան­գամ մը տար­բեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ, մին­չեւ ա­ւար­տի հայ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռու­ցու­մը: Ա­ւելց­նենք, որ ­Մարտ 18ին, ­Սիտ­նիէն ժա­մա­նած Ա­ւե­տիս Քհնյ. ­Համ­բար­ձու­մեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ մա­տու­ցո­ւած է Ս. ­Պա­տա­րագ: