­Հայ Դպ­րո­ցը՝ սու­գի մէջ

ԼՈՒՍԻՆ ՄԱԼԻՔԵԱՆ՝ ՈՒՂԵՑՈՅՑ ՓԱՐՈՍ

0
1848

ՍԵԴԱ ՊԻՊԷՐԵԱՆ*

Մա­մու­լի մէջ, ար­դէն, ո­գե­կո­չա­կան ամ­փոփ անդ­րա­դարձ­ներ յար­գե­ցին յի­շա­տա­կը տա­րո­ւան շի­ջող դէմ­քե­րէն տի­կին ­Լու­սին ­Մա­լի­քեա­նի՝ ո­րա­կեալ ման­կա­վար­ժին: Այն քի­չե­րէն՝ ո­րոնց գոր­ծօն կեան­քը լրիւ նոյ­նա­ցած ե­ղաւ ­Հայ Դպ­րո­ցին հետ:
Ս­տո­րեւ՝ Ֆ­րան­սա­յի մեր գա­ղա­փա­րա­կից օր­գան France-Armenie ամ­սա­թեր­թէն՝ թարգ­մա­նա­բար կը ներ­կա­յաց­նենք լրա­ցու­ցիչ ծա­ւա­լուն անդ­րա­դարձ մը՝ ­Լու­սին ­Մա­լի­քեա­նի բազ­մա­մեայ գոր­ծըն­կեր եւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Մար­սէյ­լի ­Ճե­մա­րա­նի ներ­կայ տնօ­րէ­նու­հի ­Սե­դա ­Պի­պէ­րեա­նի գրի­չէն:
Հա­մա­ռօ­տա­կի ու­րո­ւագ­ծե­լէ ետք տի­կին ­Մա­լի­քեա­նի աս­պա­րէ­զը, այ­սինքն՝ փաս­տօ­րէ՛ն կեան­քը, վար­ժա­րա­նի ղե­կին վրայ ի­րեն յա­ջոր­դող յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը կ­՛ը­նէ կա­րե­ւոր շեշ­տադ­րում մը: Այն՝ որ ­Լու­սին ­Մա­լի­քեան, ման­կա­վար­ժա­կան նոր մե­թոտ­նե­րու հա­ղորդ եւ կի­րար­կող, բայց եր­բեք տուրք չէ տո­ւած՝ մե­թոտ­նե­րու ֆե­թի­շաց­ման կամ ա­նոնց իբ­րեւ նո­րոյթ ըն­կալ­ման զոյգ փոր­ձու­թիւն­նե­րուն: ­Ման­կա­վար­ժու­թեան իբր ոս­կի բա­նա­լի՝ ղե­կա­վար սկզբունք ու­նե­ցած է գի­տե­լի­քը կեան­քի վե­րա­ծե­լը, ա­շա­կեր­տին հետ «դպրո­ցը ապ­րիլ»ը (ինչ­պէս ար­դէն կը բնո­րո­շէ ինք՝ ­Պի­պէ­րեան):
­Մեր շուրջ, ման­կա­վար­ժու­թեան դաշ­տե­րուն մէջ տեղ-տեղ ծլող նո­րա­րա­րա­կան ճի­գե­րը բո­լորն ալ ան­կաս­կած ող­ջու­նե­լի են, ու ա­ւե­լին՝ գուր­գու­րան­քի ար­ժա­նի:
Ա­նոնք լաւ հա­կա­դեղ են քա­րա­ցած սո­վո­րա­մո­լու­թեան, սի­րո­ղա­կան թափթ­փա­ծու­թեան, ո­րոնց­մով թու­նա­ւո­րո­ւած՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցու­մը կը թա­ռա­մի սփիւռ­քի գրե­թէ ո՛ղջ տա­րած­քին: ­Բայց լաւ պի­տի ըլ­լար, որ այդ­պի­սի ճի­գեր, սկիզ­բէն աշ­խարհ երկ­նե­լու ի­րենց խան­դա­վառ խաբ­կան­քին մէջ, եր­բեմն յի­շէին ­Մա­լի­քեան­նե­րու լու­սա­ւոր անց­քը սփիւռ­քա­հայ Դպ­րո­ցի երկ­նա­կա­մա­րէն: ­Յի­շէին մա­նա­ւա՛նդ, որ էա­կա­նը մե­թո­տա­յին յե­նա­րան­նե­րու յա­ճախ վա­ղան­ցիկ այս կամ այն կի­րար­կու­մը չէ, ա­նոնց նո­րոյ­թին յա­ւակ­նոտ փո­ղա­հա­րու­մը: Այլ՝ տի­կին ­Լու­սին­նե­րը վա­րող, այդ բո­լո­րին խոր­քը կազ­մող գի­տե­լի­քը կեան­քի մաս դարձ­նե­լու, «դպրո­ցը ապ­րե­լու» ընդ­հա­նուր սկզբուն­քը, որ… այ­սօր չէ՛, որ կը հնա­րո­ւի: Ան­պայ­մա՛ն պի­տի շա­հէին գի­տակ­ցու­թեամբ, թե­րեւս նաեւ քիչ մը հա­մես­տու­թեամբ…

***

Ծ­նած` ­Դա­մաս­կոս, ­Սու­րիա, ապ­րած՝ ­Լի­բա­նան, ­Լու­սին ­Մա­լի­քեան, հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման մար­զին մէջ ու ամ­բողջ Ս­փիւռ­քի հա­մար, հան­դի­սա­ցաւ ու­ղե­ցոյց փա­րոս մը: Եւ ա­սի­կա՝ սկսած իր ա­ռա­ջին քայ­լե­րէն՝ «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Պէյ­րու­թի ­Ճե­մա­րա­նին մէջ, ուր ֆրան­սա­կան հա­մալ­սա­րա­նէ նոր վկա­յո­ւած ե­րի­տա­սարդ ու­սուց­չու­հի՝ կը ստանձ­նէր ման­կա­պար­տէ­զին ղե­կը: ­Յե­ղա­փո­խե­լու հա­մար այդ ման­կա­պար­տէ­զի ու­սուց­ման հա­մա­կար­գը՝ հանգս­տեան կո­չե­լով (ինչ­պէս ինք կը սի­րէր պատ­մել) ­Ճե­մա­րա­նի հիմ­նա­դիր ­Լե­ւոն ­Շան­թի պատ­րաս­տած «Այբ­բե­նա­րան»ը:
Ինք­զինք սահ­մա­նե­լով իբ­րեւ «տեք­րո­լիա­կան»՝ իր կի­րար­կած նոր մե­թոտ­նե­րու հե­ղի­նակ ման­կա­վարժ Օ­վիտ ­Տեք­րո­լիի ա­նու­նով, ան այս­պէս քայլ առ քայլ, դա­սա­րա­նի ջերմ ու բա­բա­խուն մթնո­լոր­տին մէջ իսկ, կը հա­մադ­րէր մե­թո­տը, որ ա­ւե­լի ուշ, «­Հա­մազ­գա­յին»ի հրա­տա­րակ­չա­կա­նէն հա­մաս­փիւռ­քեան տա­րա­ծու­մի կո­չո­ւե­լով, պի­տի ճանչ­ցո­ւէր «­Փոք­րիկ Ա­նին» եւ «­Պե­տիկն ու ­Գայ­լը» ըն­թեր­ցա­րան­նե­րու ա­նու­նին տակ:
­Զու­գա­հե­ռա­բար, տի­կին ­Մա­լի­քեան կը կար­գո­ւէր ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ցան­ցի ման­կա­վար­ժա­կան խորհր­դա­տու, եւ տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ կ­՛ա­պա­հո­վէր կազ­մա­ւո­րու­մը ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի դպրոց­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րու մեծ մա­սին, ընդգրկող ման­կա­պար­տիզ­պան­ներ թէ նա­խակր­թա­րա­նի ցած կար­գե­րու դաս­տիա­րակ­ներ:

ՄԱՐՍԷՅԼԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԸ

­Դէպ­քե­րու բե­րու­մով է որ 1987ին տի­կին ­Լու­սին, իր ա­մու­սի­նին՝ ­Ժի­րայր ­Մա­լի­քեա­նի հետ միա­սին, կ­՛ան­ջա­տո­ւէր այս բո­լո­րէն — ու ­Պէյ­րու­թէն: ­Կեան­քը զինք կ­՛ա­ռաջ­նոր­դէր ու կը հասց­նէր ­Մար­սէյ­լի ­Պօ­մոն քա­ղա­քա­մա­սը՝ Sables jaunes փո­ղո­ցի ան­կիւ­նը:
­Հոն կը ստեղ­ծո­ւէր «­Հա­մազ­գա­յին»ի վար­ժա­րա­նը, որ՝ 6րդի հանգ­րո­ւա­նին հա­սած՝ կը փնտռէր հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ եւ հայ­կա­կան բա­ժան­մուն­քի պա­տաս­խա­նա­տու տե­սուչ:
­Պատ­շա­ճեց­ման իր ան­հա­ւա­տա­լի ա­տա­կու­թեամբ, տի­կին ­Լու­սին կը վերց­նէր այս նոր, դժուա­րին, բայց խան­դա­վա­ռիչ մար­տահ­րա­ւէ­րը, ա­պա­հո­վե­լով հա­յե­րէ­նի վե­րահս­կու­մը, ե՛ւ ու­սու­ցու­մը, ա­ւե­լի քան քսան տա­րի:
Իր հիա­նա­լի կեն­սու­նա­կու­թեամբ, ան՝ ­Ման­կա­պար­տէ­զի իր նախ­նա­կան կո­չու­մէն՝ ան­վա­րան կ­՛անց­նէր ­Միջ­նա­կար­գին, ա­պա Երկ­րոր­դա­կա­նին: Ա­սոնց կող­քին, տնօ­րէն խոր­հուր­դի սկզբնա­կան ան­դա­մակ­ցու­թե­նէն՝ կ­՛անց­նէր տնօ­րէ­նու­թեան պաշ­տօ­նին՝ 1994էն 2005: ­Դեռ ան­կէ ետք, եր­կար տա­րի­ներ պա­հե­լու հա­մար «իր» ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նը (հայ գրա­կա­նու­թիւն), ա­ռանց մոռ­նա­լու գուր­գու­րոտ մնա­յուն իր հե­տե­ւու­մը ­Ման­կա­պար­տէ­զին, ո­րուն սպա­սո­ւած «հինգ­շաբ­թի­նե­րու հիւ­րը» պի­տի դառ­նար, եր­կար տա­րի­ներ:

ԴՊՐՈՑԸ ԱՊՐԻԼ

Տա­րի­նե­րու անց­քը չկրցաւ ընկ­ճել տի­կին ­Լու­սի­նին ներ­քին ու­ժը, որ գի­տէր ինք­նա­նո­րո­գո­ւիլ ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ ու գոր­ծի մէջ, մնա­յուն շփու­մով:
Իր գաղտ­նի՞­քը…: ­Բայց ա­նի­կա ակն­յայտ էր:
Տի­կին ­Մա­լի­քեան «չէր աշ­խա­տեր դպրո­ցի մէջ»: Ան կ­՛ապ­րէր դպրո­ցը:
Իր կեանքն ու աշ­խա­տան­քը մէկ ամ­բողջ կը կազ­մէին: «­Հա­մազ­գա­յին»ի դպրո­ցը՝ իր տունն էր, ճի՛շդ ինչ­պէս ե­ղած էր ­Պէյ­րու­թի ­Ճե­մա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զը, եր­կա՜ր տա­րի­ներ:
­Տի­կին ­Մա­լի­քեան հա­յե­րէ­նը չէր ու­սու­ցա­ներ. զայն կը ստեղ­ծէր ա­մէն օր. քար­տե­րու, գծան­կար­նե­րու անս­պա­ռե­լի իր օ­ժան­դակ­նե­րով, ա­մէն օր փոք­րե­րու թէ մե­ծե­րու հա­մար հնա­րո­ւած խա­ղե­րու պա­հես­տով, հայ լե­զո­ւի թէ գրա­կա­նու­թեան, հա­յոց պատ­մու­թեան թէ հայ մշա­կոյ­թի սպա­սին,- հա­զա­րու­մէկ այս մի­ջոց­ներն ու գոր­ծիք­նե­րը՝ բո­լորն ալ ձգտող միակ թի­րա­խի մը՝ բա­նալ ա­շա­կեր­տին ա­խոր­ժա­կը: Ա­սոր ա­ւելց­նե­լով ­Լե­ւոն ­Շան­թի հիմ­նա­կան թե­լադ­րան­քը՝ Ու­սու­ցի­չը ըն­կերն է ա­շա­կեր­տին: Ա­հա՛ տի­կին ­Լու­սի­նին հա­ւա­տամ­քը — եւ կը ստա­նաք՝ գո­նէ մա­սամբ՝ բա­նա­լին իր լու­սա­ւոր ալ­քի­միա­յին…:

«ԼՈՒՍԻՆ ՄԱԼԻՔԵԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴ»

Տի­կին ­Լու­սի­նին կրա­կը կը շա­րու­նա­կէ լու­սա­ւո­րել իր ա­ջակ­ցու­թեամբ ստեղ­ծո­ւած գոր­ծը՝ ներշն­չե­լով բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք եր­ջան­կու­թիւնն են ու­նե­ցած գոր­ծակ­ցե­լու ա­նոր հետ, եւ ան­պայ­ման նաե՛ւ — ան­կաս­կած ի­րեն հա­մար ա­մե­նա­թան­կա­գի­նը – ­մաս կազ­մած ըլ­լա­լու ա­նոր հա­զա­րա­ւոր ա­շա­կերտ­նե­րուն:
Իր ա­նու­նով կնքած ենք շրջա­նա­ւարտ­նե­րու մեր ե­րեք խում­բե­րը, ման­կա­պար­տէ­զէն ա­ւար­տա­կան դա­սա­րան, դրոշ­մո­ւած՝ այս մեծ ­Տի­կի­նին ա­նու­նով — «­Լու­սին ­Մա­լի­քեան սե­րունդ»:

*) ՍԵ­դա ­Պի­պէ­րեան — Տ­նօ­րէ­նու­հի՝ «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Մար­սէյ­լի ­Ճե­մա­րա­նին։