Դիմեցինք Հ. Կ. Խաչի երկու տարբեր սերունդի ընկերուհիներու, որոնք մայր ու աղջիկ են եւ որոշ հարցումներ ուղեցինք իրենց, մեր միութեան գործունէութեան, անդամակցութեան եւ ժողովական կեանքի մասին, որպէսզի հասկնանք թէ ի՞նչ նմանութիւններ եւ տարբերութիւններ կրնանք նկատել անցնող տասնամեակներու ընթացքին, հասնելով մինչեւ մեր օրերը։
Ուրեմն, երեկոյ մը հանդիպեցանք երէցկին Արաքսի Պապօղլեանի տունը եւ հարցազրոյց մը ունեցանք իր աղջկան ընկ. Շողիկ Պապօղլեանի հետ։ Երկու հիւրասէր խաչուհիները յօժար էին մեր հարցումներուն պատասխանելու, իրենց փորձառութեան հիման վրայ իբրեւ անդամուհիներ եւ միութեան վարչականներ, միաժամանակ յայտնելով իրենց անձնական տեսակէտը կամ մտահոգութիւնը ներկայ հարցերուն շուրջ։
— Անցեալին ի՞նչ աշխատանքներու վրայ կը կեդրոնանար մեր միութեան գործունէութիւնը։
— Արաքսի. Կապոյտ Խաչի գործը միշտ լաւ գացած է. ամէն վարչութիւն իր ջանքը տարած է։ Բայց անցեալին այսքան արդիական միջոցներ չունէինք, ոչ ալ ամէն մարդ ինքնաշարժ ունէր։ Տարեկան ճաշկերոյթներ կ’ընէինք «Մայրերու Օր», «Հայրերու Օր», նոյնիսկ պարահանդէս։ Պտոյտի ալ կ’երթայինք շատ անգամ։ Համբարձման տօնը՝ օրինակ, մենք կը տօնէինք։
— Ո՞ր թուականներու մասին է խօսքը։
-Արաքսի. 80ական. պէտք է ըսել նաեւ, որ հիւանդներու կ’այցելէինք։ Տարիքոտ անձերու պարագային, շաբաթը անգամ մը իրենց տունը կ’երթայինք, քիչ մը շուրջը կը հաւաքէինք, վերմակը կը կարէինք, գնումները կ’ընէինք, նոյնիսկ՝ բժիշկի կը տանէինք։ Վարչութեան անդամները հերթաբար կը ստանձնէին այս տեսակի պարտականութիւններ սիրայօժար, որովհետեւ գիտէինք որ պէտք կար։ Չքաւորներու նպաստներ կուտայինք. կը փորձէինք բոլորին գոհացնել։ Հանգանակութիւն ալ կը կազմակերպէինք՝ «Պնակ մը կերակուր» ապահովելու նպատակով։ Ճաշկերոյթներու պարագային, գրեթէ ամէն անդամ, պատրաստութեան որոշ բաժին մը կը կատարէր, իր տան մէջ։ Կը բաժնէինք՝ միսերը եփելու, ճաշեր նախապատրաստելու պարտականութիւնը եւ մեր տուներուն մէջ կ’եփէինք, ապա՝ սառնարաններուն մէջ կը տեղաւորէինք, որովհետեւ ակումբին մէջ չունէինք խոհանոցի յարմարութիւններ։ Այս տեսակի գործերը դժուար էին անցեալին։ Հիմա, ուրախ եմ, որ դիւրացած են։ Շատեր ինքնաշարժներ ալ ունին եւ ընկերուհիները նուազ կը յոգնին։ Սակայն երբեմն չեն ուզեր գործեր ստանձնել, պատճառաբանելով թէ գործեր ունին։ Արար-աշխարհ ամէն կին տունը գործ ունի, բայց զոհողութեան ոգին միշտ ալ ներկայ պէտք է ըլլայ միութենական աշխատանք տանելու համար։ Ես այսպէս կը կարծեմ, չեմ գիտեր ճի՞շդ եմ, թէ սխալ։ Եթէ սխալ եմ, թո՛ղ ներեն։
— Ընկ. Շողիկ ներկայիս ի՞նչ տեսակ ծրագիրներ կը գործադրէ Հ.Կ.Խաչը։
— Շողիկ. Անցեալի ծրագիրները կը շարունակենք գործադրել, ինչպիսին է հիւանդի մը այցելութիւնը, կամ՝ մահէ մը ետք, ընտանիքին մօտ այցելութիւնը, ցաւակցութիւն յայտնելու նպատակով։ Կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակը կը ստանձնենք, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ մանուկ կարենայ մեր վարժարանները յաճախել։ Կարիք ունեցող ընտանիքներու ալ կը նպաստենք, երկրի տնտեսական խիստ կացութեան հետեւանքով։ Մեր օրերուն, ճիգ թափած ենք աւելի հետեւելու Հ.Օ.Մ.ի ծրագիրներուն՝ Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներու օժանդակութեան, կամ ազատամարտիկներու որբերու խնամատարութիւնը ստանձնելով։ Նոյնպէս, Սուրիահայութեան օժանդակութեան պարագային։
Այս տարի յաջող ձեւով մասնակցեցանք Երեւանի հիւանդանոցի «անկողիններու ծրագրին», հաշմանդամ զինուորներուն համար։ Ամէն ամառ, երբ Արցախէն փոքրիկներ Սիրոս եւ Աթէնք կ’այցելեն, մենք իրենց կը հիւրասիրենք մեր ակումբներէն ներս։
Յատուկ նշեմ թէ Հ.Կ.Խաչի «Սիրոյ պազարը» մեծ աշխատանք մըն է, որ անցեալին չկար. այս գործը բաւական երկար ժամանակի համար կը զբաղեցնէ վարչութիւնները եւ անդամուհիները։ Ասկէ զատ կան նաեւ շրջաններու մէջ կազմակերպուող պազարները, որոնց պատրաստութիւնը շաբաթներ կը տեւէ։ Ներկայիս դիւրութիւններ ունինք եւ բոլոր ակումբները օժտուած են արդիական փուռերով, սառնարաններով, խմորի պատրաստութեան գործիքներով։ Ինչ կը վերաբերի անձնական ժամանակ տրամադրելու հարցին, անցնող տասնամեակներուն կիները նուազ կը զբաղէին տունէն դուրս։ Հիմա, երիտասարդ կիներուն մեծամասնութիւնը գործի կ’երթայ, իրենց ընտանիքներուն նիւթապէս օգտակար ըլլալու համար։ Անցեալին մարդիկ տարբեր պայմաններու տակ ապրելով, երբեմն կեանքի վտանգն իսկ դիմագրաւելով, պատերազմներու շրջանին, կը զգային միութեան մը անդամակցելու անհրաժեշտութիւնը, կ’ուզէին, որ ակումբներուն մէջ կեանք ստեղծուի եւ ժողովուրդը մասնակցի։ Հիմա, դարձեալ նոյն անհրաժեշտութիւնը կայ, աւելի մեծ չափով, որովհետեւ պայմաններու բերումով երիտասարդները կը հեռանան։
— Այսինքն, կեանքի պայմանները փոխուած են։
— Շողիկ. Իմ կարծիքով՝ կեանքի պայմանները փոխուած են, մտայնութիւնը փոխուած է, առաջնահերթութիւնները փոխուած են։
— Անցնող տասնամեակներուն հայուհիները ի՞նչ ձեւով միութեան կ’անդամագրուէին։ Մէկը կը մօտենա՞ր իրենց, կ’առաջարկէ՞ր…
— Արաքսի. Միշտ մտքի մէջ կ’ունենայինք այս պարագան. երբ թաղին մէջ մէկը ամուսնանար, կը մօտենայինք, կը խօսէինք, միտքը կը շօշափէինք, կը տեսնէինք որ արդէն համակիր մըն է եւ իրեն անմիջապէս կ’արձանագրէինք. սիրայօժար ալ կուգային։ Հիմա՝ յաճախ կը լսես «գործ ունիմ, պզտիկ ունիմ»։ Անձին բնաւորութիւնն ու ընտանիքին դաստիարակութեան ձեւն ալ կ’ազդեն։ Այն անձը որ կը սիրէ ազգային գործը, որպէս բարենիշ կը զգայ իր միութենական մասնակցութիւնը։ Առնելէ աւելի տալն է կարծեմ, որ մարդուն կ’ուրախացնէ կեանքին մէջ։
— Իսկ ներկայիս ի՞նչ ձեւով կը մօտենաք երիտասարդ աղջիկներուն կամ տիկիններուն, որպէսզի անդամագրուին միութեան մօտ։
— Շողիկ. Անոնց մօտեցնելու ձեւը՝ մեր անդամական ժողովներու կամ աշխատանքներու մասնակցութիւնն է, ուր իրազեկ կը դառնան մեր գործին, նոյն պահուն հաճելի ժամանակ անցընելով միութեան լայն ընտանիքէն ներս։ Հայ Կապոյտ Խաչը կրթական ու խնամատարական մարզերու շատ լայն շրջագիծ ունի, եւ իւրաքանչիւր անձ՝ անդամակցելով միութեան օգտակար կ’ըլլայ ազգային կեանքին։
— Անդամական ժողովներու կամ հաւաքոյթներու մասին խօսելով, անցեալին ինչպէ՞ս կ’ընէիք։ Յստակ հերթականութիւն կա՞ր, ո՞ւր կը հաւաքուէիք եւ ի՞նչպիսի նիւթերով կը զբաղէիք։
— Արաքսի. Նիւթերը դասախօսները կ’որոշէին։ Զարգացած ու մասնագիտացած մարդոց կը հրաւիրէինք, որոնք իրենց գիտութեան մասին կը խօսէին, օրինակ՝ բժիշկներ, եւ այս ձեւով բոլորս կ’օգտուէինք։
— Այսինքն դաստիարակչական բնոյթ ունէին ժողովները։
— Արաքսի. Այո՛
— Շողիկ. Այսպէս ալ կը շարունակենք ընել։
— Արաքսի. Սովորաբար տարին 6-7 անգամ կը հաւաքուէինք եւ կը փորձէինք մեր հանդիպումները թէ՛ դաստիարակչական թէ՛ հաճելի դարձնել։
— Ո՞ւր կը հաւաքուէիք։
— Արաքսի. Ակումբը։ Բարեբախտաբար մեր Ֆիքսի մասնաճիւղը միշտ ալ օգտուած է «Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի կառոյցէն։
— Ներկայիս փոխուա՞ծ է որեւէ բան։
— Շողիկ. Ոչ, չէ փոխուած, պարզապէս պազարներու պատրատութեան պատճառով, նուազած է անդամական ժողովներու թիւը։ Մեր ընտրած նիւթերը, միշտ ալ կիները հետաքրքրող հարցեր կ’ըլլան, ինչպէս օրիանակ՝ բժշկական, զաւակներու կրթութեան, բնաւորութեան, հոգեբանական, խոհանոցային կամ ազգային նիւթի մը շուրջ։ Հաճելի օրակարգեր կը մտածենք, որպէսզի նիւթերը հետաքրքական ու գրաւիչ ըլլան։
— Կ’ուզէ՞ք ուրիշ բան աւելցնել։
— Արաքսի. Շատ հաճելի էր այս զրոյցը. Ես կը զգամ, թէ այդ օրերուն վերադարձայ եւ գոհունակութիւն կը զգամ մեր կատարած աշխատանքին համար։ Մարդ պէտք է հաւատա՛յ կամաւոր աշխատանքին, որ խոր գոհունակութիւն կուտայ։ Զոհողութիւնը՝ մարդուս ուրախութիւն կը պատճառէ։ Ես այսպէս կը մտածեմ։ Մարդ՝ սէր եւ զոհողութեան ոգի եթէ ունենայ, բնաւ չի կորսնցներ ինքզինքը։ Լաւ կը մնայ, լաւ անուն կը ձգէ, լաւ կը զգայ։ Ամէնէն կարեւորը՝ սէր եւ զոհողութեան ոգի պէտք է ունենալ։
— Խաչուհիի մը յատկանիշները…