Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը Օ­գոս­տոս 24ին հրա­պա­րա­կո­ւած յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը խստօ­րէն դա­տա­պար­տեց Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի ա­մե­րի­կա­ցի ժա­մա­նա­կա­ւոր հա­մա­նա­խա­գահ ­Ռի­չըրտ ­Հոկ­լըն­տի Ար­ցա­խի տագ­նա­պին մա­սին կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը՝ զայն «բա­ցար­ձա­կա­պէս ա­նըն­դու­նե­լի» հա­մա­րե­լով: Օ­գոս­տոս 28ին իր պաշ­տօ­նէն հե­ռա­ցող ­Հոկ­լընտ, Օ­գոս­տոս 23ին ներ­կա­յա­ցու­ցած էր Ար­ցա­խի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ «հիմ­նա­կան» վեց կէ­տեր, ո­րոնց­մէ մէ­կուն մէջ կը պնդո­ւի, թէ «­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի շուրջ գրա­ւեալ տա­րածք­նե­րը պէտք է յանձ­նո­ւին Ատրպէյ­ճա­նին»։
«Իր այս քայ­լով, (ա­մե­րի­կեան) վար­չա­կազ­մը կը ներ­կա­յաց­նէ Ար­ցա­խի ոչն­չաց­ման ան­պա­տաս­խա­նա­տու ա­ռա­ջարկ մը եւս՝ կար­ծե­լով, որ մենք ծա­նօթ չենք ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան, կամ՝ թէ մենք ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թիւն պի­տի չցու­ցա­բե­րենք Ար­ցա­խին եւ տե­ղե­կու­թիւն չու­նինք մեր աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան շա­հե­րուն մա­սին: ­Պարզ խօս­քով՝ վար­չա­կազ­մը կը կար­ծէ, թէ մենք տխմար­նե՛ր ենք: ­Բա­ցար­ձա­կա­պէս ա­նըն­դու­նե­լի է այս ա­ռա­ջար­կը եւ դա­տա­պար­տո­ւած է ձա­խո­ղու­թեան»,- յայ­տա­րա­րեց Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր վա­րիչ Ա­րամ ­Համ­բա­րեան: Ան ա­ւել­ցուց, թէ ­Հոկ­լըն­տի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կը քա­ջա­լե­րէ «աս­տի­ճա­նա­բար ա­ւե­լի վայ­րագ դար­ձող Ատր­պէյ­ճա­նը»՝ ան­տե­ղի կեր­պով նոր սպառ­նա­լիք­ներ ստեղ­ծե­լով Ար­ցա­խի եւ ա­նոր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։
«Դժ­բախ­տա­բար, Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի ա­մե­րի­կա­ցի նոր հա­մա­նա­խա­գահ Էնտ­րու ­Շո­ֆը­րին ի­րա­ւա­սու­թիւն­ներ տրա­մադ­րե­լու փո­խա­րէն, վար­չա­կազ­մը ա­ռա­ջին իսկ ա­ռի­թով ծանր կա­ցու­թեան մը առ­ջեւ դրաւ զայն՝ ներ­կա­յաց­նե­լով խե­ղա­թիւ­րո­ւած եւ կեղծ նա­խա­գիծ մը, որ յստա­կօ­րէն կը հա­կա­սէ ա­մե­րի­կեան ար­ժէք­նե­րուն, վնաս կը հասց­նէ ա­մե­րի­կեան ազ­գա­յին շա­հե­րուն եւ խա­ղա­ղու­թեան ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հաս­տատ­ման ջան­քե­րուն»,- եզ­րա­կա­ցու­ցած է ­Համ­բա­րեան:

«Ե­թէ հայ­կա­կան կող­մը ըն­դու­նի, թէ ­Հոկ­լըն­տի ը­սած­նե­րը նո­րու­թիւն չեն,
ա­պա կա­րե­լի է բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկսիլ»,- կ­՚ը­սէ ­Մա­մե­տեա­րով

«Ե­թէ հայ­կա­կան կող­մը ըն­դու­նի, որ Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ ­Ռի­չըրտ ­Հոկ­լըն­տի ընդգ­ծած սկզբունք­նե­րը նո­րու­թիւն չեն, այդ պա­րա­գա­յին անհ­րա­ժեշտ է ա­ռար­կա­յա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկսիլ»,- Օ­գոս­տոս 25ին յայ­տա­րա­րած է Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար ­Մա­մե­տեա­րով՝ անդ­րա­դառ­նա­լով ­Հոկ­լըն­տի վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թեան։
«Այդ տար­րե­րը կը կազ­մեն ­Մատ­րի­տեան նո­րա­ցո­ւած սկզբունք­նե­րուն հիմ­քը: ­Հա­մա­նա­խա­գահ ­Հոկ­լընտ ե՛ւս մէկ ան­գամ ընդգ­ծած է այդ սկզբունք­նե­րը»,- ա­ւել­ցու­ցած է ­Մա­մե­տեա­րով:
Ն­շենք, որ ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեան մէկ օր ա­ռաջ յայտ­նած էր.- «Ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գա­հը ո­րե­ւէ նոր բան չի ա­սել: ­Նա­յէք նա­խորդ բո­լոր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը եւ կը տես­նէք նո՛յն բա­նե­րը»: