Շահան Գանտահարեան — «ԱԶԴԱԿ
Յունաստանի Սիրօ կղզին պատմական որոշ ժամանակահատուածի եղած է Յունաստանի մայրաքաղաք: Կղզիի պատմական, մշակութային, հնագիտական եւ քաղաքակրթական իւրայատկութիւններուն անդրադառնալու առիթ կ՛ունենանք տակաւին:
Այժմ կեդրոնանանք հայկական առումով կղզիին ներկայացուցած կարեւորութեան, որուն մանրամասնութիւններուն մասին առիթ եղած է զրուցելու «Ազդակ»ի տնօրէնին եւ Սիրոյի քաղաքապետին միջեւ կայացած հանդիպման ընթացքին:
Յունարէնէն հայերէն եւ փոխադարձաբար թարգմանութիւնը կատարեց Զարմինէ Քիւրտօղլեան:
Սիրոյի մէջ տեղակայուած զօրանոցը յատուկ տեղ յատկացուցած է հայ եւ յոյն որբեր ընդունած երբեմնի որբանոցին վերաբերող իրերուն, փաստաթուղթերուն, լուսանկարներուն, Մերձաւոր Արեւելքի օժանդակութեան մարմինի որմազդներուն եւ որբերու ձեռային աշխատանքներուն:
Զօրանոցը ինքը նախկին որբանոցն է, ուր ապաստան գտած են 1922ի Զմիւռնիոյ ջարդերէն ետք Յունաստան ապաստանած երկու հազար հայ եւ յոյն որբերը:
Յոյն սպան բացատրեց, որ զօրանոցի թանգարանային բաժինը մնայուն կերպով բաց չէ հանրութեան համար, այլ նախապէս պէտք է յատուկ արտօնութիւն ստանալ` դիտելու այնտեղ ցուցադրուած իրերն ու փաստաթուղթերը եւ իրազեկ դառնալու համար որբանոցի պատմական տեղեկութիւններուն:
Սիրոյի քաղաքապետ Եորկոս Մարանկոս շատ հետաքրքրական գտաւ հանդիպման ընթացքին ներկայացուած հայ որբերու վերաբերող տարբեր թանգարաններու հետ համագործակցութեան առաջարկը:
Այս առումով իրեն յայտնուեցաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան Երեւանի թանգարանին եւ Ժիպէյլի «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին հետ համագործակցութեան լայն հնարաւորութիւններ կան, յատկապէս` որբերու (նաեւ` յոյն որբերու) վերաբերող լուսանկարներու եւ փաստաթուղթերու թուայնացուած տարբերակներու փոխանակման կարելիութիւնները նկատի ունենալով:
Սիրօ այն կղզին է, որ աւելի քան քսան տարիէ ի վեր կ՛ընդունի արցախեան պատերազմի նահատակներու զաւակները. ամէն տարի շուրջ երեսուն երեխայ կու գայ իր տարեկան արձակուրդը անցընելու Սիրօ կղզիին մէջ: Նախաձեռնութիւնը եղած է Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ յատկապէս` մեր ընկերներէն Խաչիկ Խաչատուրեանին, եւ այժմ ծրագիրը կը շարունակուի ներկայ քաղաքապետին օրով: Վերջին շրջանի իրերայաջորդ տարիներուն Յունաստանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան անձամբ կը մասնակցէր երեխաներու դաստիարակչական ծրագրին: Քաղաքապետ Մարանկոս իր խօսքի աւարտին յայտնեց նաեւ, որ պահը հասած կը նկատէ քսանամեայ այս համագործակցութեան ծիրին մէջ այցելելու Արցախ:
Սիրօ կղզին թէ՛ Ցեղասպանութեան եւ թէ՛ արցախեան մեր հիմնահարցին ուղղութիւններով կարեւոր նախաձեռնութիւններու զարգացման անհրաժեշտ նախադրեալները արձանագրած է. նախադրեալներ՝ որոնք զարգացման պարարտ ենթահող ունին, յատկապէս նկատի ունենալով հայ եւ յոյն ժողովուրդներու թէ՛ պատմական եւ թէ ներկայ ընդհանրութիւնները: