­Պոլ­սոյ ա­տեան­նե­րէն մէ­կը յայտ­նի թուրք լրագ­րող եւ հրա­պա­րա­կա­խօս ­Հա­սան ­Ճե­մա­լը դա­տա­պար­տած է 1 տա­րի եւ 3 ա­միս բան­տար­կու­թեան, սա­կայն պա­տի­ժին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը ա­ռայժմ յե­տաձ­գո­ւած է։ Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թրքա­կան «­Տո­ղան» լրա­տո­ւա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը գրէ, թէ ­Ճե­մալ կ­՛ամ­բաս­տա­նո­ւի ան­ցեալ տա­րի իր գրած յօ­դո­ւած­նե­րէն մէ­կուն մէջ՝ «ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ի նպաստ քա­րոզ­չու­թիւն կա­տա­րե­լու» յան­ցան­քով: ­Դա­տա­րա­նը, իր վճի­ռը հրա­պա­րա­կե­լէն ա­ռաջ, ­Ճե­մա­լին տո­ւած է վեր­ջին խօս­քի ի­րա­ւունք: ­Ճե­մալ ը­սած է. «47 տա­րո­ւան լրագ­րող եմ: ­Ցարդ իմ կող­մէ գրո­ւած յօ­դո­ւած­նե­րուն եւ գիր­քե­րուն հա­մար այս ձե­ւով չեմ մե­ղադ­րո­ւած: Եր­բե՛ք չեմ պաշտ­պա­նած ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը: ­Միշտ պաշտ­պա­նած եմ խա­ղա­ղու­թիւ­նը: Լ­րագ­րու­թիւ­նը յան­ցանք չէ՛: Այն հա­սա­րա­կու­թեան մէջ, ուր լրագ­րու­թիւ­նը յան­ցանք կը հա­մա­րո­ւի, չկան ա­զա­տու­թիւն­ներ, ի­րա­ւունք եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն»:
«­Տո­ղան» կը նշէ, որ նոյն դա­տա­րա­նին մէջ բա­ցո­ւած է ­Հա­սան ­Ճե­մա­լի դէմ մէկ այլ դատ մը եւս՝ նոյն ան­հիմն ամ­բաս­տա­նու­թեամբ, ո­րուն իբ­րեւ հե­տե­ւանք՝ լրագ­րո­ղը կրնայ մին­չեւ 8 տա­րո­ւան բան­տար­կու­թեան դա­տա­պար­տո­ւիլ։
­Յի­շեց­նենք, որ ­Հա­սան ­Ճե­մալ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն՝ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան ծո­վա­յին ու­ժե­րու նա­խա­րար ­Ճե­մալ փա­շա­յի թոռն է: Ան բազ­միցս խօ­սած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին եւ ե­ղած է թրքա­կան «­Ճում­հու­րի­յէթ» (1981-1992) ու «­Սա­պահ» (1992-1998) թեր­թե­րու խմբա­գիր: