Ալինա Պարտագճեան
Կա՞յ արդեօք աւելի սիրելի տօն մը քան Նոր Տարին: Տօն մը լեցուն ակնկալութիւններով, նորանոր յաջողութիւններու ու երջանկութեան բարեմաղթութիւններով, եւ ինչու չէ իղձերու ու փափաքներու իրականացման սպասումներով ու երազներով:
Նոր Տարին հայերը անուանած են նաեւ Նաւասարդ, Ամանոր, Տարեմուտ եւ Տարեգլուխ:
Խոր անցեալին մեր նախնիները Ամանորը տօնած են Մարտ 21ին՝ գարնան զարթօնքի օրը: Այս մէկը պատահական ընտրութիւն մը չէր. հայ ժողովուրդը Նոր Տարուայ յաջողութիւններն ու բերքառատ ըլլալը կապած են բնութեան զարթօնքին հետ: Սակայն յետագային տոմարական փոփոխութիւններու հետեւանքով հայոց նոր տարին տեղափոխուած է Նաւասարդի 1ին, այսինքն 11 Օգոստոսին:
Նաւասարդ բառը կազմուած է երկու մասերէ, նաւ «նոր» եւ սարդ «տարի» այսինքն՝ «Նոր Տարի»: Ըստ հնագոյն տեղեկութիւններու, հայերը Նաւասարդը կը տօնէին մեծ շուքով, կազմակերպելով խրախճանքներ, թատերախաղեր, ձիարշաւներ, երգ ու պարի ուղեկցութեամբ, որոնց կը մասնակցին թէ՛ հայոց թագաւորը, թէ ազատանխ եւ թէ ռամիկը:
Այս հանդիսութիւնները ընդհանրապէս կը կատարուէին բացօթեայ, յաճախ գիշերային խարոյկներու շուրջ եւ ուխտավայրերու մէջ:
Նոյն գիշերը 10-12 տարեկան տղաքը, կը շրջէին տունէ տուն, երդիկներէն դատարկ գուլպայ կ’իջեցնէին եւ տօնական երգեր երգելով, նուէրներ կը սպասէին:
«Չամիչ տուէք ատամներու շարեմ,
Ընկոյզ տուէք, ճակտիս դնեմ,
Պնդուկ տուէք, սիրտս ուզելի…»:
Հայերը 1 Յունուաrը Նոր Տարուայ սկիզբ ընդունած են վերջին հարիւրամեկակին: Աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներու նման, հայոց մօտ նոյնպէս նոր տարուայ տօնակատարութիւնները կը խորհրդանշէին անցնող տարուայ հանրագումարը, նոր սկսող տարուայ յաջողութիններու ու առատութեան ապահովումը եւ չարիքի խափանումը:
Այսպէս մարդիկ կ’աշխատէին վերադարձնել բարոյական ու նիւթական պարտքերը, աւարտել կիսատ գործերը ու լուծել խռովութիւնները:
Տօնական օրերուն կը զարդարուէր նաեւ հայկական աւանդական տօնածառը, որը փայտէ կառոյց մըն էր բուրդի տեսքով «Կենաց Ծառը», որուն վրայ կախուած կ՚ըլլային մարդակերպ եւ կենդանակերպ ձեռային պուպրիկներ ու փոքրիկ քսակներ: Հայերը նաեւ եղեւինի փոխարէն ամանորին կը զարդարէին ձիթենին կամ խնկի ծառը, որուն զարդերը կ’ըլլային բնութեան պարգեւներէն, ինչպէս՝ խնձոր, նուռ, ցորենի հասկեր, որոնք խորհրդանիշն էին պտղաբերութեան, առատութեան ու յաւերժութեան:
Նոր Տարուայ գալուստին կ՚ուղեկցէր նաեւ «նորոգելու» ու «նորոգուելու» գործողութիւնները:
Նախ կը թխուէր տօնի կարեւորագոյն հացը՝ «Տարի հացը» որուն մէջ կը զետեղուէր օրուայ բախտադրամը: Տարի հացին կողքին նոր սկսող տարուայ յաջողութիւն ու առատութիւն ապահովելու համար կը թխուէր զանազան ձեւերով եւ մեծութեամբ այլ հացատեսակներ. օրինակ՝ ընտանիքի պարտկերով խմորեղէններ. (մկրատ, մատնոց, քսակ…):
Տօնական պատրաստութեան կը յաջորդէր Նոր Տարուայ խնճոյքը:
Ան կը սկսէր 31 Դեկտեմբերին, կէս գիշերին, ընտանիքի անդամներուն փոխադարձ շնորհաւորանքներով ու պարտադիր ներկայութեամբ:
Այդ պահուն օրհնուած ջուր կը բերէին տուն: Առհասարակ այդ ժամուն ջուրին յատուկ ուժ եւ զօրութիւն կը վերագրէին: Ուրիշներ կը հաւատային թէ այդ պահուն հոսող ջուրը կրնար չքացնել հիւանդութիւններն ու ցաւերը: Ջուրին կողքին կը նորոգէին նաեւ կրակը, օճախը միշտ վառ պահելու նպատակով:
Նոր Տարուայ աւանդական սովորութիւններէն էր նաեւ տղոց եւ աղջիկներու խումբեր կազմել շրջելու տուները ու շնորհաւորելու Նոր Տարին:
«Չարն ընդի, բարին ըստի,
Բարին վեր գայ, ձեզ հետ նստի,
բարով թող գայ ձեր նոր տարին,
Մուրազներուդ զիմ կատարի,
Ձեր տուն մտնի հազար բարի»:
Այսօր մենք ալ մեր կարգին ի սրտէ կը շնորհաւորենք բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, մաղթելով միշտ լաւն ու բարին:
«Թէ աշխարհի մէջ փակ դռներ կան
թող որ բացուին այս գիշեր.
թէ կան լացող, տխուր աչքեր,
թող ծիծաղին այս գիշեր,
կանչող ձեռքերն իրար հասնին,
հրաշք ապրին այս գիշեր»: