Հայորդիներու կտակարանը եւ Անաստաս Միկոյեան

­Հա­յոր­դի­նե­րու կտա­կա­րա­նը եւ Ա­նաս­տաս ­Մի­կո­յեան

0
1161

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

«­Հա­յոր­դի­նե­րը» ­Սիա­ման­թո­յի կրա­կէ խօս­քը պա­րու­նա­կող այն հա­տորն է, ուր կեան­քի կը կո­չո­ւին հա­յոց ա­զա­տա­մար­տի մեծ ա­ռա­ջա­մար­տիկ­նե­րը ի­րենց պայ­ծա­ռա­փայլ դէմ­քե­րով։ Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեան, Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեան, Անդ­րա­նիկ, Աղ­բիւր ­Սե­րոբ, Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ եւ մեր ազ­գա­յին ուխ­տին բազ­մա­թիւ յայտ­նի ու ան­յայտ նո­ւի­րեալ­նե՛­րը, ո­րոնք կը տո­ղան­ցեն այս գիր­քին է­ջե­րուն մէ­ջէն՝ ի­րենց ե­տին թող­նե­լով լու­սա­շա­ւի­ղը մեր հա­ւա­քա­կան ի­մաս­տու­թեան եւ զօ­րու­թեան ու հա­ւատ­քին։
­Կա­րե­լի չէր չյի­շել մեր այս հո­գե­ցունց ժա­ռան­գու­թիւ­նը եւ չընդվ­զիլ, երբ յան­կարծ Հ.Հ. հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան Ա­ռա­ջին Ա­լի­քէն մե­զի կը հրամ­ցո­ւէր մե­րօ­րեայ «­Հա­յոր­դի­ներ» հա­ղոր­դա­շա­րի վեր­ջին հա­տո­ւա­ծը՝ ամ­բող­ջու­թեա՛մբ յատ­կա­ցո­ւած Ա­նաս­տաս ­Մի­կո­յեա­նի փա­ռա­բա­նան­քին։ ­Հա­ղոր­դու­մը վա­րողն էր Ա­ւագ ­Յա­րու­թիւ­նեան եւ քննարկ­ման հրա­ւի­րո­ւած էին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան խօս­նակ ու Հ.Հ. Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հի տե­ղա­կալ պրն. Է­դո­ւարդ ­Շար­մա­զա­նով եւ Հ.Հ. ­Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յի պատ­մա­գի­տու­թեան ա­ւագ դէմ­քե­րէն դոկտ. ­Կա­րէն ­Խա­չատ­րեան։ Եր­կու յար­գե­լի դէմ­քե՛ր, ո­րոնք դժբախ­տա­բար ո­չինչ բե­րին ­Մի­կո­յեան ե­րե­ւոյ­թի գի­տա­կան վեր­լուծ­ման, պար­զա­բան­ման եւ հրա­պա­րակ­ման կա­րե­ւոր գոր­ծին ու հա­ղոր­դա­վար Ա­ւագ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի շա­րու­նա­կա­կան եւ ան­տե­ղի դրդրում­նե­րով՝ հար­ցազ­րոյ­ցը վե­րա­ծե­ցին ­Մի­կո­յեա­նը «հա­րա­զա­տագ­րե­լու» (legitimize) կո­չո­ւած քա­րոզ­չա­կան ան­միտ գոր­ծո­ղու­թեան մը։
ՊԷտք է ա­ւելց­նել, որ ո­րոշ մէկ կէ­տի վրայ ­Կա­րէն ­Խա­չատ­րեան — ե­րե­ւի անդ­րա­դառ­նա­լով յայ­տագ­րի սխալ ըն­թաց­քին — փոր­ձեց ը­սել, որ ­Մի­կո­յեան պէտք չու­նի «պաշտ­պան փաս­տա­բան­նե­րու»՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով 20րդ ­դա­րու խորհր­դա­յին այս ղե­կա­վա­րին կեն­սագ­րու­թիւ­նը իր բո­լոր բարդ ե­րես­նե­րով… ­Կեն­սագ­րու­թի՛ւն՝ ո­րուն մեծ մա­սը դեռ կը մնայ թա­ղո­ւած խորհր­դա­յին ներ­քին եւ միջ-պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մութ ջու­րե­րուն տակ եւ փաս­տօ­րէն մատ­չե­լի չէ պատ­մա­գի­տու­թեան մաս­նա­գէտ­նե­րուն, նե­րա­ռեա՛լ՝ պրն. ­Խա­չատ­րեա­նին։
­Խո­ցե­լին այս հար­ցազ­րոյ­ցի յղաց­քին մէջ այն բիրտ քա­րոզ­չա­կան բնոյթն էր, որ դրսե­ւո­րո­ւե­ցաւ ա­մէն քայ­լա­փո­խի։ ­Տեղ մը ­Մի­կո­յեան ին­կած կը թո­ւէր ըլ­լալ հրա­պա­րա­կա­յին քննա­դա­տու­թիւն­նե­րու յոր­ձան­քին տակ եւ «ա­նըն­դու­նե­լի» հա­մար­ձա­կու­թեամբ մը բա­ցա­յայ­տո­ւած էին ­Մի­կո­յեա­նի կեն­սագ­րու­թեան բա­ցա­սա­կան կող­մե­րը եւ բա­ցո­ւած էին թա­պու­նե­րը եւ հետ­ևա­բար պէտք էր ա­մէ­նէն ա­րագ եւ ազ­դու հռե­տո­րա­բա­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պել «փրկու­թեան» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը։ ­Պէտք էր օգ­նու­թեան հաս­նիլ եւ մե­կու­սաց­նել «վտան­գը»… փո­խա­նակ ճշմար­տու­թեան ծալ­քե­րը բծախնդ­րօ­րէն բա­նա­լու եւ օգ­նե­լու հե­ռուս­տա­դի­տո­ղին ու առ­հա­սա­րակ Հ.Հ. քա­ղա­քա­ցիին, որ փաս­տե­րու թա­փան­ցիկ ի­րա­կա­նու­թեան լոյ­սին տակ հան­րու­թիւ­նը հա­նէր իր ան­կախ եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը։ ­Հար­ցազ­րոյ­ցին այս փութ­կոտ ե­րեսն իսկ բա­ւա­րար էր հարց տա­լու, թէ իս­կա­պէս ի՞նչ կ­՚ը­նէին այս մար­դիկ Հ.Հ. հան­րա­յին հե­ռուս­տե­սու­թեան տա­ղա­ւա­րէն։ Ի՞նչ բա­րո­յա­կան ի­րա­ւուն­քով պա­րո­նայք ­Շար­մա­զա­նով եւ ­Խա­չատ­րեան ու ­Յա­րու­թիւ­նեան — ե­րեք յար­գո­ւած հան­րա­յին դէմ­քե՛ր, ո­րոնց պար­տա­կա­նու­թիւնն է հան­րու­թիւ­նը լու­սա­բա­նել — յան­կարծ կը լծո­ւէին ­Մի­կո­յեա­նի վի­ճա­կա­ցոյ­ցը մաք­րազ­տե­լու անշ­նոր­հա­կալ գոր­ծին։
Ո­րո՞նք են ի­րա­կա­նու­թեան տո­ւեալ­նե­րը այս պա­րա­գա­յին։ Ան­կախ այն բա­նէն, թէ ­Մի­կո­յեան ի՞նչ ներդ­րում ու­նե­ցած է… հա­մայն մարդ­կու­թեան կեան­քին մէջ եւ ինչ­պի­սի՞ ծա­ռա­յու­թիւն­ներ մա­տու­ցած խորհր­դա­յին տնտե­սու­թեան, Հ.Հ. քա­ղա­քա­ցին (եւ հայ մար­դը առ­հա­սա­րակ) ի­րա­ւունք չու­նի՞ն հարց տա­լու, թէ իս­կա­պէս ո՞վ էր ­Մի­կո­յեան եւ ին­չե՞ր ը­րած է ան հայ ազ­գի դժո­ւար ճա­կա­տագ­րի ձե­ւա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ։
«­Հա­յոր­դի­ներ»ու զրու­ցա­կից­նե­րը լայ­նօ­րէն խօ­սե­ցան ­Մի­կո­յեա­նի բա­րե­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մա­սին. թէ ի՞նչ յա­տուկ վե­րա­բեր­մուն­քով ան Ս­տա­լի­նի ճան­կե­րէն ա­զա­տած է Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեանն ու այլ սի­րե­լի դէմ­քեր. թէ ինչ­պէ՞ս սա­տար հան­դի­սա­ցած է խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեան օ­րով ­Րաֆ­ֆիի եւ ­Չա­րեն­ցի գոր­ծե­րու հրա­տա­րա­կու­թեան. թէ ինչ­պի­սի՞ տնտե­սա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւն­ներ ա­պա­հո­ված է ան ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի ի նպաստ խորհր­դա­յին կեդ­րո­նի ծրա­գիր­նե­րէն եւ դեռ շատ ու­րիշ հրա­շա­գոր­ծու­թիւն­ներ, ո­րոնց մա­սին բան չի գի­տեր այ­սօ­րո­ւան քա­ղա­քա­ցին եւ պէտք է գիտ­նայ։ ­Թող նե­րո­ւի մե­զի ը­սել, որ այս բո­լո­րը լսած ենք ար­դէն բազ­միցս եւ բազ­մա­թիւ գու­նա­գեղ տար­բե­րակ­նե­րով։ Ա­նոնք կրնան նոյ­նիսկ ճիշտ ըլ­լալ եւ սա­կայն ա­ռայժմ ա­նոնք մաս կը կազ­մեն քննե­լի խնդիր­նե­րու թղթած­րա­րին։ ­Փաս­տը այն է, որ այդ բո­լո­րը քննող և ­հաս­տա­տող գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան ո­րե­ւէ ձեռ­նարկ գո­յու­թիւն չու­նի գի­տու­թեան ո­լոր­տին մէջ։ ­Գո­յու­թիւն ու­նի բեր­նէ բե­րան շրջա­նա­ռո­ւող ճոխ բա­նա­հիւ­սու­թիւ­նը «ազ­գա­նո­ւէր» ­Մի­կո­յեա­նի ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն, որ կը սպա­սէ իր նո­ւի­րեալ եւ ա­նա­չառ պատ­մա­բա­նին։ Ի վեր­ջոյ մին­չեւ ե՞րբ մար­դիկ կրնան ա­պա­ւի­նիլ ­Սեր­գօ ­Մի­կո­յեա­նի յու­շե­րու գիր­քին՝ ­Մի­կո­յեա­նի դրա­կան կեր­պա­րը կա­ռու­ցե­լու հա­մար։ Տ­րա­մա­բա­նա­կան պի­տի չըլ­լա՞ր ակն­կա­լել, որ ­Մի­կո­յեա­նի այս ջա­տա­գով­նե­րը նա­խան­ձախնդ­րօ­րէն կազ­մա­կեր­պէին գի­տա­կան լիար­ժէք գնա­հա­տա­կա­նը ­Մի­կո­յեա­նի վաս­տա­կին, որ­պէս­զի հա­մայն հա­յու­թիւ­նը միան­գա­մընդ­միշտ տես­նէր բա­րին ու յո­ռին ­Մի­կո­յեա­նի ժա­ռան­գու­թեան մէջ եւ վերջ գտնէր այս ջղա­յին հեւ­քը ­Մի­կո­յեա­նի համ­բա­ւը փրկե­լու։
Զ­րու­ցա­կից­նե­րը տար­տամ ակ­նար­կու­թիւն­ներ ը­րին ­Մի­կո­յեա­նի գոր­ծի բա­ցա­սա­կան կող­մե­րուն՝ փու­թա­լով ա­ւելց­նե­լու, որ յա­մե­նայն դէպս դրա­կա­նը այն­քան ծանր կը կշռէ նժա­րին վրայ, որ ժխտա­կա­նին հան­դէպ հան­րու­թիւ­նը — ինչ որ տեղ… — պար­տա­ւո­րո­ւած է նե­րո­ղա­միտ ըլ­լա­լու։
­Բա­րի՛։ ­Բայց նախ գիտ­նանք, թէ ո­րո՞նք էին այն ժխտա­կան­նե­րը, ո­րոնց ճշգրիտ յի­շա­տա­կու­թիւ­նը ը­նե­լէ ակն­յայ­տօ­րէն կը խու­սա­փէին ե­րեք զրու­ցա­կից­նե­րը։
­Հոս ար­դէն կը խօ­սին հրա­պա­րա­կո­ւած վա­ւե­րա­գիր­նե­րը՝ ի տար­բե­րու­թիւն բո­լոր բե­րա­նա­ցի վե­րագ­րում­նե­րուն, ո­րոնց­մով կը կա­ռու­ցո­ւի ­Մի­կո­յեա­նի դրա­կան վար­քը եւ ո­րոնք դեռևս կը կա­րօ­տին գի­տա­կան հիմ­նա­ւոր­ման։ Ըստ փաս­տա­թուղ­թե­րուն, ­Մի­կո­յեան իր քա­ղա­քա­կան գոր­ծի եր­կու հանգ­րո­ւան­նե­րուն վրայ (1919ին եւ 1937ին) բա­ցէ ի բաց մե­ղան­չած է իր ժո­ղո­վուր­դին դէմ։
Ա­նոնց­մէ ա­ռա­ջի­նը Ա­նաս­տաս ­Մի­կո­յեա­նի 1919 թո­ւա­կիր նա­մակն է՝ ուղ­ղո­ւած ­Լե­նի­նին։ ­Սոյն նա­մա­կին մէջ, ­Մի­կո­յեան կը խօ­սի ­Ռու­սաս­տա­նի ­Կո­մու­նիս­տա­կան (­Բոլշ­ևիկ­նե­րու) ­Կու­սակ­ցու­թեան ­Կով­կա­սեան Երկ­րա­մա­սա­յին ­Կո­մի­տէի ան­դա­մի իր հան­գա­ման­քով եւ հսկայ ճի­գեր կ­՚ը­նէ հա­մո­զե­լու ­Լե­նի­նը, որ հայ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան հար­ցը (եւ յատ­կա­պէս ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի՛ հար­ցը) կորսն­ցու­ցած է իր այժ­մէու­թիւ­նը բոլ­շե­ւի­կեան ռազ­մա­վա­րու­թեան հա­մար։ ­Պէտք է փա­կե՛լ այդ հար­ցը եւ ­Թուր­քա­հա­յաս­տա­նը ան­յա­պաղ զի­ջիլ թուր­քե­րուն, քա­նի որ բոլ­շե­ւիկ­նե­րու միակ տրա­մա­բա­նա­կան նպա­տա­կը թուր­քե­րը գո­հաց­նելն է այ­սօր։ Այս խնդրին մէջ ­Մի­կո­յեան կ­՚ը­սէ, թէ ինք հա­կադ­րո­ւած է ոչ միայն հայ շո­վի­նիստ­նե­րուն (ի­մա՛ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան), այ­լեւ իր իսկ գա­ղա­փա­րա­կից հայ բոլշ­ևիկ­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենք եւս կը փոր­ձեն հա­յու­թեան հո­ղա­յին պա­հանջ­նե­րը ­Լե­նի­նի կող­մէ իւ­րա­ցո­ւած տես­նել։ «­Թուր­քա­հա­յաս­տա­նի եւ առ­հա­սա­րակ «­Մեծ, միա­ցեալ եւ ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի» գա­ղա­փա­րը վնա­սա­կար, յան­ցա­ւոր եւ յե­տա­դի­մա­կան ցնորք է, ո­րի դէմ պէտք է պայ­քա­րի մեր կու­սակ­ցու­թիւ­նը»,- կ­՚ը­սէ ­Մի­կո­յեան։
Երկ­րոր­դը թղթակ­ցու­թիւն մըն է, որ խնամ­քով պա­հո­ւած է ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան ար­խի­ւին մէջ եւ որ­մով կը բա­ցա­յայ­տո­ւի, թէ 1937 թո­ւին, ստա­լի­նեան մեծ մաք­րա­գոր­ծում­նե­րու բո­վին մէջ, ­Մի­կո­յեան խնդրած է Ս­տա­լի­նէն գնդա­կա­հա­րու­թիւն­նե­րու հա­յաս­տա­նեան քո­թան ա­ւելց­նել եւ հասց­նել եր­կու հա­զար հո­գիի…
Ա­սոնք վա­ւե­րագ­րեր են, ո­րոնք պարզ քա­ղա­քա­կան թե­րա­ցում­նե­րու կամ դա­տո­ղու­թեան սխալ­նե­րու մա­սին չէ, որ կը խօ­սին։ Այս­տեղ կայ թշնա­մա­կան ա­րարք՝ ուղ­ղո­ւած հայ ազ­գին դէմ, եւ հայ ազ­գա­յին շա­հե­րու տե­սան­կիւ­նէն՝ դա­ւա­ճա­նա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ՛ն։ ­Մի­կո­յեա­նի գոր­ծին ջա­տա­գով­նե­րը պար­տա­ւո­րո­ւած են ­Մի­կո­յեա­նի գոր­ծի ընդ­հան­րա­կան գնա­հա­տա­կա­նին մէջ հա­շո­ւի նստե­լու այս սահմռ­կե­ցու­ցիչ ի­րա­կա­նու­թեան հետ։ Ի՞նչ կը փոր­ձէր ը­նել այս բարդ «հայ­րե­նա­սէր»ը 1919ին, երբ ճիգ կ­՚ը­նէր թա­ղե­լու մեր հո­ղա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու դա­տը ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ միա­ժա­մա­նակ իր իսկ բոլ­շե­ւիկ ըն­կեր­նե­րու կեան­քը վտան­գե­լով եւ ի՞նչ բարձր դի­ւա­նա­գի­տա­կան խա­ղար­կու­թիւն է, որ կը կի­րար­կէր ան Ս­տա­լի­նի ա­րիւ­նոտ ե­րա­խին զո­հա­բե­րե­լով իր հայ­րե­նա­կից­նե­րէն եր­կու հա­զար հո­գի. ա­սոնք խնդիր­ներ են, ո­րոնց պար­զա­բա­նու­մը այժմ դրո­ւած է ­Մի­կո­յեա­նի մե­րօ­րեայ ջա­տա­գով­նե­րուն առ­ջեւ որ­պէս ան­ժա­ման­ցե­լի պար­տա­ւո­րու­թիւն։
­Թող ազ­նո­ւօ­րէն իջ­նեն հրա­պա­րակ եւ բա­ցատ­րեն հան­րու­թեան (կամ հեր­քեն՝ ե­թէ կա­րե­լի է), թէ իս­կա­պէս ի՞նչ ազ­գա­յին գե­րա­գոյն նպա­տակ կը հե­տապն­դէր ­Մի­կո­յեան այս բո­լո­րի ե­տին եւ թէ ին­չո՞ւ եւ ինչ­պէ՞ս հայ մար­դը պէտք է մոռ­նայ բա­րո­յա­կան այս թշո­ւա­ռու­թիւ­նը եւ ար­գա­հա­տե­լի այս թա­պուն փո­խան­ցէ մեր ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան յա­ջոր­դող սե­րունդ­նե­րուն։