Երեքշաբթի՝ 28 Մարտին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ, Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման քսանհինգամեակին առթիւ բացուած ցուցահանդէսի ընթացքին, նախարար Էդվարդ Նալբանդեան յայտարարեց, թէ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կարեւոր դերը:
«Մենք բարձր ենք գնահատում այն կարեւոր դերը, որ Միացեալ Նահանգները՝ որպէս Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի համանախագահ, խաղում է Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործում: Հաւատացած եմ, որ եռանախագահ երկրների հետ համատեղ ջանքերով մեզ կը յաջողուի տարածաշրջանում կայուն խաղաղութիւն հաստատել»,- շեշտեց Նալբանդեան:
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուներ, հայաստանեան տարբեր գերատեսչութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, Ամերիկայի դեսպանութեան անձնակազմը:
Նալբանդեան մեծապէս գնահատեց Միացեալ նահանգներու մարդասիրական օգնութիւնները, մանաւանդ անկախութեան առաջին դժուար տարիներուն: Հետագային, Միացեալ Նահանգները շարունակած են աջակցիլ Հայաստանւի զարգացման ծրագիրներուն: Նալբանդեան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ամերիկահայութեան ներդրումներուն:
«Խօսելով հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնների քառորդ դարեայ պատմութեան մասին՝ չեմ կարող նաեւ երախտագիտութեամբ չյիշել այն էական ներդրումը, որը դրանցում ունեցել են ամերիկահայութեան ներկայացուցիչները:
Մեր կապերի որակն ու էութիւնը շատ աւելի թերի կը լինէին առանց այն հազարաւոր կամուրջների, որոնց միջոցով մեր հայրենակիցներն իրար են կապել մեր երկու երկրները»,- յայտարարեց Նալբանդեան:
Հայաստան — Ա.Մ. Նահանգներ
Հայաստան բարձր կը գնահատէ Արցախի հարցի կարգաւորման գործին մէջ Մ. Նահանգներու դերը