Համաձայն Հեռուստամարաթոն 2016ի ստանձնած Արցախի տուժած բնակավայրերու վերականգնման ծրագիրին` Հիմնադրամը Մարտակերտի շրջանի Մատաղիս համայնքին մէջ կը վերանորոգէ 34 բնակարան: Ծրագիրը կ՚իրականացուի Հեռախօսամարաթոն 2016ին Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի հաւաքած հանգանակութիւններով եւ Լ.Ղ.Հ. կառավարութեան համատնտեսաւորմամբ: Այս մասին «Հայերն Այսօր»ին կը յայտնեն Հիմնադրամէն:
Համայնքի վերականգնման աշխատանքները Մատաղիսի մէջ մեկնարկած են գիւղի դպրոցի վերանորոգմամբ, որ վնասուած էր Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն: Պատահական չէ, որ դպրոցը վերանորոգուեցաւ Թորոնթոյի մեր հայրենակիցներու միջոցներով, քանի որ 2005-2006թթ.ուն այն կառուցուած էր հէնց այդ համայնքի տնտեսաւորմամբ: Թորոնթոբնակ անհատ բարերարն ալ մէկ շտապօգնութեան մեքենայ նուիրաբերած է համայնքին:
Զուգահեռաբար Հիմնադրամը կը շարունակէ իր ընթացիկ ծրագիրները, ներառեալ` Արցախի բազմազաւակ ընտանիքներուն համար տուներու կառուցումը եւ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի վերակառուցումն ու կահաւորումը:
«Հայաստան» Հիմնադրամ
«Հայաստան» Հիմնադրամը կը վերականգնէ Մատաղիս համայնքը