­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեա­նի պաշ­տօ­նա­կան ա­ռա­ջին այ­ցը Վ­րաս­տան Ե­րե­ւա­նի եւ ­Թիֆ­լի­սի փոր­ձա­գէտ­նե­րուն կող­մէ բնու­թագ­րո­ւած է ոչ միայն որ­պէս կա­րե­ւոր, այ­լեւ շատ ջերմ:
­Փետ­րո­ւար 25-ին ­ Թիֆ­լի­սի ­Սուրբ ­Գէորգ ե­կե­ղե­ցի այ­ցե­լե­լէ ետք լրագ­րող­նե­րուն հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին՝ ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը եւս նոյն­քան կա­րե­ւոր եւ դրա­կան բնու­թագ­րած է այ­ցե­լու­թիւ­նը: «Այ­ցը ար­դիւ­նա­ւէտ էր, ջերմ եւ շի­նիչ», ը­սած է ան: ­Բա­ցատ­րած է, թէ ա­մե­նա­կա­րե­ւոր հար­ցե­րուն անդ­րա­դարձ ե­ղած է եւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ ձեռք ձգո­ւած են:
­Հար­ցու­մին, թէ ա­մե­նա­կա­րե­ւոր խնդիր­նե­րուն` Վ­րաս­տա­նէն ­Ռու­սաս­տան այ­լընտ­րան­քա­յին ճամ­բուն, ե­լեկտ­րա­կան փո­խա­դարձ հոս­քե­րուն անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւա՞ծ է, վար­չա­պե­տը պա­տաս­խա­նած է, որ նշո­ւած բո­լոր հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ յստակ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է, ա­ւելց­նե­լով նաեւ որ խօ­սած են խան­գա­րող հան­գա­մանք­նե­րու մա­սին եւս:
Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեան ը­սած է, որ հայ­կա­կան կող­մը ա­ռա­ջար­կած է յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն նա­յիլ ոչ միայն եր­կու եր­կիր­նե­րու, այլ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ա­ռու­մով. «­Յա­տուկ օր ճշդե­ցինք Վ­րաս­տա­նի գոր­ծա­րար­նե­րու հա­մար, ո­րոնք պի­տի գան եւ քննար­կեն մեր ա­ռա­ջարկ­նե­րը», ը­սած է ան:
­Վար­չա­պե­տը նաեւ յայտ­նած է, թէ անդ­րա­դարձ ե­ղած է ­Վի­րա­հա­յե­րու, ­Ջա­ւա­խա­հա­յե­րու կրթա­կան հա­մա­կար­գին եւ այլ հար­ցե­րու. «­Չե­ղաւ ո­րե­ւէ հարց, ուր զի­րար չհասկ­նա­լու մի­տում ըլ­լայ, այդ պատ­ճա­ռով ալ մենք գոհ ենք։ Ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը՝ մենք խօ­սե­ցանք նաեւ մեր եր­կու ազ­գե­րու մտեր­մու­թեան եւ մեր ու­նե­ցած այդ ժա­ռան­գու­թիւ­նը յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու մա­սին։ ­Հաս­տա­տե­ցինք, որ այդ ա­ռու­մով չա­փա­զանց շատ բան ու­նինք ը­նե­լիք։ Ապ­րիլ եր­կիր մը եւ ու­նե­նալ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ բա­ւա­րար չեն վստահ ըլ­լա­լու հա­մար, որ յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը եւս կ­՚ու­նե­նան այդ նոյն յա­րա­բե­րու­թուն­նե­րը, ե­թէ մենք այ­սօր չաշ­խա­տինք։ Այդ ա­ռու­մով շատ խոստմ­նա­լից այց էր», նշած է Կ. ­Կա­րա­պե­տեան:
­Տե­ղա­ցի լրագ­րո­ղի մը հար­ցու­մին, թէ 10-20 տա­րի ետք ի՞նչ­պէս պի­տի ըլ­լայ ­Հա­յաս­տա­նը եւ ո՞ր երկ­րի օ­րի­նա­կով, ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեան պա­տաս­խա­նած է. «­Պի­տի ըլ­լայ մեր երկ­րի օ­րի­նա­կով, պի­տի ըլ­լայ այն­պէս, որ իւ­րա­քան­չիւր ­Հայ, ուր ալ ապ­րի՝ հպար­տա­նայ ­Հա­յաս­տա­նով, ո­րով­հե­տեւ մենք ա­տոր ի­րա­ւունքն ու նե­րու­ժը ու­նինք», ը­սած է վար­չա­պե­տը:
Իսկ հար­ցու­մին, թէ քա­նի՞ տո­կո­սով ի­րա­գոր­ծո­ւած կը հա­մա­րէ իր ծրագ­րե­րը, Հ.Հ. վար­չա­պե­տը պա­տաս­խա­նած է. «Ինչ ծրա­գիր դրած եմ կա­տա­րե­լու՝ 100, բա­ւա­րա­րո­ւա՞ծ եմ այ­սօր՝ ա­յո՛, ը­նե­լիք չու­նի՞մ՝ շա՛տ»։
­Վար­չա­պե­տին գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թեան կազ­մին մաս կը կազ­մէին Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար ­Լե­ւոն Ալ­թու­նեան, Մ­շա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան, ­Գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րար Իգ­նա­տի Ա­ռա­քե­լեան, ­Փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու, հա­ղոր­դակ­ցու­թեան եւ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թիւն­նե­րու նա­խա­րար ­Վա­հան ­Մար­տի­րո­սեան, Տն­տե­սա­կան զար­գա­ցում­նե­րու եւ ներդ­րում­նե­րու նա­խա­րար ­Սու­րէն ­Կա­րա­յեան եւ Ու­ժա­նիւ­թի են­թա­կա­ռոյց­նե­րու եւ բնա­կան պա­շար­նե­րու նա­խա­րար Ա­շոտ ­Մա­նու­կեան:
Վ­րաս­տան եւ ­Հա­յաս­տան դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տած են 1992 ­Յու­լի­սին: Եր­կու եր­կիր­նե­րը կը հա­մա­գոր­ծակ­ցին ա­ռեւ­տու­րի, փո­խադ­րու­թեան, ու­ժա­նիւ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լորտ­նե­րուն մէջ: ­Դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու 24 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ­Հա­յաս­տան եւ Վ­րաս­տան մի­ջազ­գա­յին բնոյ­թի 88 փաս­տա­թուղթ ստո­րագ­րած են ա­ռեւ­տու­րի, ար­տադ­րող­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան, թմրե­ցու­ցիչ­նե­րու ա­պօ­րի­նի շրջա­նա­ռու­թեան դէմ պայ­քա­րի եւ այլ ո­լորտ­նե­րու մէջ: