ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

Ե­րաժշ­տա­կան թռիչ­քով

Ե­րե­ւա­նի ե­րաժշ­տա­նո­ցի ու­սա­նող-ջու­թա­կա­հար ­Մա­րիա­մը իր հպար­տու­թիւ­նը յայտ­նեց, որ ­Ռու­սաս­տա­նի փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ ռու­սա­կան «Աէ­րոֆ­լոթ» ազ­գա­յին օ­դա­նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թեան օ­դա­նա­ւե­րէն մէ­կը ­Պո­յինկ 777 կո­չո­ւած է հայ համ­բա­ւա­ւոր ե­րա­ժիշտ-յօ­րի­նող Առ­նօ ­Պա­պա­ճա­նեա­նի ա­նու­նով, տա­ղան­դա­ւոր հա­յու յի­շա­տա­կը ան­մա­հաց­նե­լու նպա­տա­կով։
­Մա­րիամ գո­հու­նա­կու­թեամբ յայտ­նեց նաեւ, թէ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան թռիչք­նե­րու վար­չու­թիւ­նը, ­Չի­նաս­տա­նի ­Ժո­ղով­րա­յին ­Հան­րա­պե­տու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան մարմ­նի գոր­ծակ­ցու­թեամբ, մօ­տերս պի­տի ի­րա­գոր­ծէ ­Հա­յաս­տան-­Չի­նաս­տան ուղ­ղա­կի թռիչք­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան ծրա­գիր։
­Բայց ­Մա­րիա­մի հա­յու հպար­տու­թեան թռիչ­քը հոս կանգ չ­’առ­ներ, քա­նի իր ազ­գա­կան­նե­րէն մէ­կուն օ­դա­չու ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քին պատ­ճա­ռով, յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց հա­մա­գու­մա­րեալ ու շա­հագր­գիռ ներ­կա­նե­րուն, պատ­մե­լով թէ՝ վեր­ջերս ­Պո­լի­սէն դէ­պի բռնագ­րա­ւեալ հիւ­սի­սա­յին ­Կիպ­րո­սի թրքա­կան բա­ժի­նը թռիչք ի­րա­գոր­ծող «Աթ­լաս Կ­լո­պալ» ըն­կե­րու­թեան մէկ օ­դա­նա­ւը տե­ղա­տա­րափ անձ­րե­ւի, խո­շո­րա­գոյն կար­կու­տի ու ա­հա­ւոր մրրի­կի բռնո­ւե­լով՝ օ­դին մէջ լուրջ վնա­սի են­թար­կո­ւած է, օ­դա­նա­ւին ա­պա­կի­նե­րը փշրո­ւած են եւ 121 ճամ­բորդ­նե­րը ահ ու սար­սա­փի պա­հեր ապ­րած են։ ­Կայ­ծակ­նա­հար օ­դա­նա­ւի օ­դա­չուն՝ Ա­լեք­սանտր ­Յա­կո­բով ա­նու­նով հայ մըն էր, Ուք­րա­նիոյ քա­ղա­քա­ցի։ ­Հա­յազ­գի օ­դա­չուն, թռիչ­քի վե­րա­դար­ձին, Ուք­րա­նիոյ նա­խա­գահ ­Փիոթր ­Պո­ռո­շէն­քո­յի կող­մէ պար­գե­ւատրո­ւե­ցաւ երկ­րի «ա­րիու­թեան շքան­շան»ով։
Ա­հա՛ տար­բեր ո­լորտ­նե­րու ցո­լա­ցու­մը ար­տա­յայ­տող օ­րի­նակ­ներ՝ հա­յու­թիւն, հայ­կա­կա­նու­թիւն դրսե­ւո­րե­լու, ա­նոնց­մով հպար­տա­նա­լու օ­րի­նակ­ներ, ո­րոնք կը դրսե­ւո­րո­ւին ա­մէն ա­ռի­թով, մեծ թէ փոքր յաղ­թա­նա­կի, զուսպ թէ ուռ­ճա­ցած հռե­տո­րու­թեամբ, հա­յու ան­փո­խա­րի­նե­լի վի­պա­պաշ­տու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար։
­Թե­րեւս այս ալ տա­րաբ­նոյթ ազ­դե­ցու­թիւն բա­նեց­նող այլ ձեւ մըն է, թագ­նո­ւած հայ­կա­կան չյա­գե­ցած ապ­րու­մի մը տար­բե­րա­կը ո­րո­նե­լու, զա­նա­զա­նե­լու, հո­գե­կան ե­րաշ­խի­քի մը պատ­մու­ճա­նին տակ խոր­քա­յին ու չդրսե­ւո­րո­ւած հայ­կա­կա­նու­թիւն մը մեկ­նա­բա­նե­լու յոյ­սով։
Իւ­րա­քան­չիւր մար­դու նկա­րա­գիրն ալ կար­ծես կը ձե­ւա­ւո­րո­ւի ժա­մա­նա­կա­կից ար­հես­տա­գի­տու­թեան զար­գա­ցում­նե­րու եւ ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու անս­պառ աղ­բիւ­րէն։ ­Բաղ­դա­տա­կա­նը հե­տաքրք­րա­կան է, քա­նի հա­յը՝ քիչ մը ա­մէն տեղ, ինք­զին­քին հա­մար դրա­կան կար­ծիք ու­նի, ո­րով­հե­տեւ իր ժա­մա­նա­կի ար­հես­տա­գի­տու­թեան հետ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն յա­ռա­ջա­դէմ ու ստեղ­ծա­րար տե­սա­կէտ ու կե­ցո­ւածք կը դրսե­ւո­րէ, ընդ­հան­րա­պէս մեծ դիւ­րու­թեամբ։
­Հի­մա ի՜նչ ը­սենք. պա­տա­հա­կան չէ, որ ­Հա­յաս­տան դէ­պի դուրս տա­ղանդ­ներ կը պա­տո­ւաս­տէ հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րու չա­փա­նի­շե­րը իր ար­ժե­չափ­նե­րուն հետ ներ­դաշ­նա­կե­լու եւ իր զար­գա­ցող նոր պայ­ման­նե­րուն պատճ­շա­ճեց­նե­լու հա­մար։ Մ­խի­թա­րա­կան խոս­տում­նե՜ր։
­Կը նշեմ այս բո­լո­րը, պարզ ո­ճով ու ա­մե­նայն ազ­նուու­թեամբ, որ­պէս­զի ա­ւե­լի բարդ ու խրթին վեր­լու­ծում­նե­րու չթա­փան­ցեմ ու ա­նոնց ո­լո­րապ­տոյ­տին մէջ չկոր­սո­ւիմ։
­Ճիշդ է, որ մարդ­կա­յին գի­տու­թեան տար­բեր ու տար­բեր մաս­նա­գի­տու­թիւն­ներ կան, որ կ­’ու­սում­նա­սի­րեն կեան­քը տար­բե­րա­կո­ւած ան­կիւն­նե­րէ, իր բո­լոր ե­րե­ւե­լի եւ ա­նե­րե­ւոյթ իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րով, հանգ­րո­ւան­նե­րով ու մաս­նա­գի­տա­ցած չա­փա­նի­շե­րով։

Այ­վա­զովս­քիի յու­շադ­րա­մը

Օ­տար լե­զու­նե­րու թարգ­մա­նիչ ­Նո­ւէ­րը, ո­րուն ըն­տա­նի­քը ար­տագ­նայ աշ­խա­տան­քի պատ­ճա­ռով Ուք­րա­նիա կը գտնո­ւի, հա­յա­վա­րի ո­գե­ւո­րու­թեամբ պատ­մեց, թէ իր ծնող­քէն տե­ղե­կա­ցած է, որ Ուք­րա­նիոյ ազ­գա­յին դրա­մա­տու­նը վեր­ջերս շրջա­նա­ռու­թեան դրած է աշ­խար­հահռ­չակ հայ ծո­վան­կա­րիչ ­Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի ծննդեան 200ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած նա­մա­կա­նիշ-յու­շադ­րամ մը, «Ուք­րա­նիոյ ե­րե­ւե­լի ան­ձե­րու» շար­քի ծի­րէն ներս։
­Յա­ւե­լեալ տե­ղե­կա­ցուց, թէ այս տա­րի Ուք­րա­նիոյ մե­ծա­գոյն թան­գա­րան­նե­րուն մէջ կը ցու­ցադ­րո­ւին հա­յազ­գի ծո­վան­կա­րի­չին ծա­նօթ ու մեծ համ­բա­ւի տի­րա­ցած շարք մը ծո­վան­կար­նե­րը։ Ա­ւե­լի՛ն, երկ­րէն ներս Այ­վա­զովս­քիի յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած գե­ղա­րուես­տա­կան բազ­մա­տե­սակ ե­լոյթ­ներ ու ձեռ­նարկ­ներ կը կազ­մա­կեր­պո­ւին։
­Նո­ւէ­րը վե­րո­յի­շեալ ու­րախ տո­ւեալ­նե­րը յայտ­նա­բե­րե­լէ ետք նշեց, թէ քա­նի մը ա­միս ա­ռաջ ­Փա­րի­զի մէջ կա­յա­ցած «­Հա­յաս­տա­նի ա­րո­ւես­տը» ա­ճուր­դի մը ըն­թաց­քին, վա­ճառ­քի հա­նո­ւած է Այ­վա­զովս­քիի «­Հա­յե­րու ջար­դը ­Մար­մա­րա­յի ծո­վուն վրայ» 1886ին նկա­րո­ւած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, եւ հարց տո­ւաւ, թէ ար­դեօ՞ք ա­նոր հա­րա­զատ վայ­րը ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նը չէ՞, եւ թէ՝ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը այդ պաս­տա­ռին հա­մար պա­հան­ջո­ւած 200.000 եւ­րոն չէի՞ն կրնար ա­պա­հո­վել, առ­նո­ւազն դի­մե­լով քա­նի մը մե­ծա­հա­րուստ հա­յե­րու, կամ՝ բա­րե­րար­նե­րու օգ­նու­թեան, որ­պէս­զի այս ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնն ալ օ­տար հա­ւա­քա­ծո­նե­րու մաս կազ­մե­լու փոր­ձու­թե­նէն զերծ կա­ցու­ցո­ւի։
­Քիչ թէ շատ, հա­յը կը յատ­կան­շո­ւի փո­խա­դարձ վստա­հու­թեան պա­կա­սով, եւ ա­նոր ձեռք ձգած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն վերջ­նա­կան ար­դիւն­քը ընդ­հան­րա­պէս դժո­ւար կը չա­փո­ւի, չը­սե­լու հա­մար ան­հա­կակշ­ռե­լի հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րով։
­Պա­հու մը, երբ հնա­գէտ թէ հնա­գի­տա­կան գոր­ծե­րով պա­րա­պող հա­յեր, ­Լոն­տո­նի, ­Փա­րի­զի, ­Յու­նաս­տա­նի, Ա­մե­րի­կա­յի, մա­նա­ւանդ ­Պոլ­սոյ մէջ թէ այ­լուր, ո­մանք գուր­գու­րան­քով հայ­կա­կան հնա­գի­տա­կան ի­րեր կը գնեն ու ­Հա­յաս­տա­նի թան­գա­րան­նե­րուն կը նո­ւի­րեն, ու­րիշ­ներ ալ մեր հնա­մե­նի պատ­մու­թե­նէն հարս­տա­նալ կը հե­տապն­դեն, նոյ­նիսկ թուր­քե­րուն վա­ճա­ռե­լով մեր ա­ւան­դա­կան պատ­մու­թեան անգտա­նե­լի գե­ղօր­ներ։
­Մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րու բա­ղադ­րու­թեամբ խա­ղա­լը դժո­ւար, միա­ժա­մա­նակ դիւ­րին բան կ­՚ե­րե­ւի։
­Պատ­մու­թեան մէջ հա­յը միշտ քա­նի մը տե­սակ ե­ղած է, այս շար­ժուն ու յա­րա­փո­փոխ աշ­խար­հի քա­ղա­քա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեան հետ կա­պեր ու­նե­նա­լով, կամ չու­նե­նա­լով, երբ յատ­կա­պէս կ­’ինք­նաս­նու­ցո­ւի իր ապ­րում­նե­րով, մերթ սպի­տակ, մերթ սեւ, մերթ բնո­րո­շիչ՝ իր ծա­գու­մին։
­Մար­դիկ կան, որ կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցի մէջ շատ լաւ բան ը­րած են հայ­րե­նի­քին հա­մար, ու­րիշ­ներ ալ, շատ քիչ ու վատ բա­ներ ը­րած են։ ­Պատ­ճա­ռը այն է, որ ­Հա­յաս­տան իր ապ­րած քա­ղա­քա­կան ա­նի­րա­պաշ­տու­թեամբ բազ­մա­թիւ ե­րես­նե­րով եր­կիր մը ե­ղած է եւ միա­ժա­մա­նակ զոհ դար­ձած նախ իր խօս­քե­րուն, ա­պա նաեւ՝ իր գոր­ծե­րուն։
Ար­ժէք­նե­րը ֆոլք­լոր չեն եւ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յե­րու պատ­մու­թիւ­նը սա կամ նա ձե­ւով պի­տի գրո­ւի ու կար­դա­ցո­ւի՝ իր իսկ պար­տադ­րած բախ­տո­րոշ ժա­մա­նա­կի զու­գակ­շիռ­նե­րով։
­Վեր­ջին խօս­քը ան­շուշտ հան­րա­յին շա­հուն կը պատ­կա­նի՝ զգոյշ ըլ­լա­լով, որ ո­րե­ւէ պա­րա­գա­յի չպատ­ժենք ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը, չպատ­ժենք խո­հե­մու­թիւ­նը ու ի­մաս­տու­թիւ­նը։
­Պատ­մա­կան ար­ժէք­նե­րը ռում­բի ծան­րու­թիւն ու­նին։ Չ­մոռ­նա՛նք։

Ազ­դե­ցիկ հա­յեր

Ըն­կե­րա­բա­նու­թեան ճիւ­ղի իր ու­սու­մը ­Սան ­Փե­թերս­պուր­կի մէջ ամ­բող­ջա­ցու­ցած ­Ռու­բէ­նը պար­զեց, թէ վեր­ջերս ռու­սա­կան հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջոց­նե­րուն մէջ հրա­պա­րա­կո­ւած են տար­բեր ո­լորտ­նե­րու աշ­խար­հի 150 ա­մէ­նէն ազ­դե­ցիկ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ա­նուն­նե­րը, ո­րոնց մէջ կան նաեւ հա­յեր, ինչ­պէս մե­ծա­հա­րուստ գոր­ծա­րար­ներ ­Ռու­բէն ­Վար­դա­նեան եւ ­Սեր­կէյ ­Սար­գի­սով, ա­րո­ւես­տա­գի­տու­հի եւ աշ­խար­հահռ­չակ ջու­թա­կա­հար Վ­լա­տի­միր Ս­պի­վա­քո­վի կո­ղա­կից ­Սա­թի Ս­պի­վա­քո­վա, որ իր ա­րո­ւես­տին ա­ռըն­թեր կը վա­րէ հե­ռա­տե­սի­լի համ­բա­ւա­ւոր յայ­տա­գիր­ներ, տա­կա­ւին ճա­շա­րան­նե­րու ցան­ցի սե­փա­կա­նա­տէր­ներ՝ Ա­րամ Մ­նա­ցա­կա­նով ու Ա­լեք­սանդր Օ­հա­նէ­սով։ Մ­նա­ցա­կա­նեա­նի ճա­շա­րա­նը՝ ­Սան ­Փե­թերս­պուր­կի մէջ կը գտնո­ւի։
­Վե­րո­յի­շեալ­նե­րէն Ռ. ­Վար­դա­նեան ազ­գա­յին բա­րե­րար կը նկա­տո­ւի, քա­նի որ հիմ­նա­դիրն է ­Մոս­կո­ւա­յի Ս­քո­լո­քո­վօ վար­ժա­րա­նի եւ «Աու­րո­րա» հա­յաս­տա­նեան ծա­նօթ մրցա­նա­կին։
Իր ու­րա­խու­թիւ­նը փայ­լուն դէմ­քով ար­տա­յայ­տե­լէ ետք, ­Ռու­բէ­նին ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը այ­լա­կեր­պո­ւե­ցաւ ու ան իր խօս­քը եզ­րա­փա­կեց՝ ը­սե­լով, թէ այս­քան հա­րուստ ու բա­րե­րար հա­յե­րու կող­քին մե­ծա­հա­րուստ հայ մըն ալ, վեր­ջերս, ա­մուս­նա­ցաւ ա­զե­րի գե­ղու­հիի մը հետ։
Ինք­նու­թիւն ո­րո­նե­լու (ան)ո­րա­կա­կան հարց մըն ալ ա՛յս մէ­կը, էա­կան ու տե­սա­բա­նա­կան ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան ըն­դու­նու­մը թէ մեր­ժու­մը հաս­տա­տե­լու հա­մար, նոր ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու հա­մա­կեր­պե­լու իբ­րեւ տա­տա­նող ու ցաւց­նող փաստ։
­Գի­տենք, որ հայ­րե­նի­քը եւ հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը կը սի­րենք այն բա­նին հա­մար, որ մե­զի փոքր տա­րի­քէն դաս­տիա­րա­կած են, բայց, վստա­հա­բար ա­մէն ինչ ա­ւե­լի լաւ պի­տի ըլ­լար, ե­թէ մեր ու­զա­ծին պէս ըլ­լար, ու հա­մա­հունչ մե­զի տրո­ւած ազ­գա­յին-մշա­կու­թա­յին դաս­տիա­րա­կու­թեան։
Չ­մոռ­նանք սա­կայն, որ իւ­րա­քան­չիւր հայ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան պարտք մը ու­նի հայ ծնած ու հայ ապ­րած ըլ­լա­լուն հա­մար։
­Հայ ըլ­լա­լու ե­րե­ւոյ­թը դաս­տիա­րա­կիչ պի­տի ըլ­լայ ժա­մա­նա­կի բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ, եւ այդ դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը ո՛չ մրցակ­ցա­կան է, ոչ ալ քիչ թէ շատ բա­ռե­րով կը նկա­րագ­րո­ւի՝ մեզ­մէ դէ­պի դուրս եւ դուր­սէն դէ­պի ներս։
Այս բո­լո­րէն դուրս կը մնան այն հա­յե­րը, վստա­հա­բա՛ր, ո­րոնք ի­րենք ի­րենց սի­րա­հա­րո­ւած են եւ կը կար­ծեն, թէ հա­յաշ­խար­հի մէջ ո­րե­ւէ բան չի կրնար պա­տա­հիլ, ա­ռանց որ ի­րենք տե­ղեակ ըլ­լան, ա­ռանց որ ի­րենք տնօ­րի­նեն։ ­Գէշ բան է, որ ան­ձէդ դուրս ու­րիշ բան չտես­նես։
­Չեմ գի­տեր, ե­թէ ա­նոնք կա­նո­նին բա­ցա­ռու­թիւ­նը կը կազ­մեն, թէ բա­ցա­ռու­թեան կա­նո­նը…։
Ա­մե­նայն­դէպս, յա­ւակ­նո­տու­թիւ­նը ա­ռա­քի­նու­թիւն չենք կրնար հա­մա­րել ո­րե­ւէ՛ պա­րա­գա­յի։

­«Հայ­րե­նա­կան մեծ պա­տե­րազ­մ»ին հայ զո­հե­րը

­Ռազ­մա­կան Ա­կա­դե­միա­յի շրջա­նա­ւարտ՝ սպայ ­Յով­հան­նէ­սը խօ­սե­ցաւ Երկ­րորդ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին «հայ­րե­նա­կան մեծ պա­տե­րազ­մին» (1941) մաս­նակ­ցած 500.000 հա­յե­րու մա­սին, ո­րոնց­մէ 200.000ը ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նէն, 300.000ն­ ալ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան այլ հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րէ։ Ա­նոնց­մէ ո­մանք 4 տա­րի ծա­ռա­յե­ցին խորհր­դա­յին բա­նա­կին, ու­րիշ­ներ ալ (մօտ 200.000 զի­նո­ւոր) եր­բեք չվե­րա­դար­ձան պա­տե­րազ­մի ճա­կա­տէն։ ­Մեր լա­ւա­գոյն դաշ­նա­կից­նե­րը մեր նա­հա­տակ­ներն են։
­Ֆա­շա­կան ­Գեր­մա­նիոյ դէմ այս պա­տե­րազ­մին է, որ փայ­լե­ցան Ար­ցա­խի ­Չար­դախ­լու գիւ­ղէն մա­րա­ջախտ­ներ ­Յով­հան­նէս ­Բաղ­րա­մեան եւ ­Հա­մա­զասպ ­Պա­պա­ջա­նեան, ինչ­պէս նաեւ զօ­րա­վար ­Նո­ւէր ­Սա­ֆա­րեան, գնդա­պետ ­Ներ­սէս ­Բա­լո­յեան, իսկ ­Գէորգ Արք. ­Չո­րեք­ճեա­նի հրա­մա­նով կազ­մո­ւած «­Սա­սուն­ցի ­Դա­ւիթ» հրա­սայ­լա­յին շա­րա­սիւ­նը յատ­կան­շո­ւե­ցաւ իր հե­րո­սու­թիւն­նե­րով։
­Յով­հան­նէս չզլա­ցաւ նշե­լու նաեւ, թէ հայ­կա­կան սփիւռ­քէն ալ մօտ 20.000 հա­յազ­գի զի­նո­ւոր­ներ մաս­նակ­ցե­ցան Ա­մե­րի­կա­յի հե­տե­ւա­զօր­քին, նա­ւա­տոր­մի­ղին եւ օ­դա­յին ու­ժե­րուն. ա­նոնց շար­քին փայ­լե­ցան հրա­մա­նա­տար­ներ ­Հայկ ­Շե­քէր­ճեան, ­Զա­ւէն ­Նալ­պան­տեան, ­Ճորճ ­Ճաս­քա­լեան, ­Չարլզ Ա­ռա­քե­լեան, ­Ճոն ­Խու­թո­յեան, ­Ճէյմս ­Թո­փա­լեան, ­Լիւ­սի ­Թո­փա­լեան եւ ու­րիշ­ներ, խրա­մատ­նե­րու պա­տե­րազ­մին մէջ ոս­կոր­ներ ձգե­լով։
­Յով­հան­նէս իր խօս­քը ա­ւար­տեց՝ մէջ­բե­րե­լով խորհր­դա­յին բա­նա­կի մա­րա­ջախտ ­Ժիւ­քո­վի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը հայ կռո­ւող­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք «ան­մա­հա­ցու­ցին ի­րենց ա­նուն­նե­րը խի­զախ մար­տիկ­նե­րու չնսե­մա­ցող փառ­քով»։ Կ’ե­րե­ւի, ա­նոնք որ մե­զի կ­’օգ­նեն, մեզ­մէ ա­ւե­լի լաւ հասկ­ցած են, թէ ի­րենց հա­մար որ­քան կա­րե­ւոր ենք։
­Մեծ մար­դոց պատ­մու­թիւ­նը կ­’ազ­դէ հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն վրայ եւ ա­նոնց պատ­մա­կան յու­շը մին­չեւ վերջ կը շալ­կես նե­րաշ­խար­հիդ մէջ՝ ջա­նա­լով ա­նոնց օ­րի­նա­կը սե­փա­կան օ­րի­նա­կի վե­րա­ծել, որ­պէս­զի յար­գան­քով օ­րի­նա­կո­ւիս եւ յար­գանք պար­տադ­րես շրջա­նա­կիդ ու յետ­նորդ­նե­րուդ, զա­ւակ­նե­րուդ, ըն­տա­նի­քիդ, մա­նա­ւանդ շրջա­պա­տիդ։
­Լաւ է, որ աշ­խար­հը ղե­կա­վա­րո­ւի այն­պի­սի մար­դոց­մով, որ մտա­հո­գո­ւած չըլ­լան պատ­մու­թեան մէջ ա­նուն ձգե­լու մա­սին։ Ան­կախ որ ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւ­նը փա­ռա­բա­նող յի­շար­ժան գոր­ծը զգա­յուն հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեամբ կը յի­շա­տա­կո­ւի ու կը մնայ մարդ­կու­թեան գի­տակ­ցու­թեան ու պատ­մու­թեան խտա­ցած անջն­ջե­լի է­ջե­րուն մէջ։
Ան­շուշտ, պատ­մու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րը ա­ւե­լի ի­մաս­տա­լից կեր­պով կ­’ար­ժե­ւո­րո­ւին, ե­թէ զէն­քե­րուն մէջ փամ­փուշտ­նե­րը եւ թնդա­նօթ­նե­րուն մէ­ջէն ռում­բե­րը բո­լո­րո­վին զեղ­չո­ւին։

100 նոր ե­կե­ղե­ցի­ներ

­Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բան­նե­րէն վար­դա­պետ մը եր­կիւ­ղած յու­զու­մով զե­կու­ցեց, թէ անց­նող 26 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, հայ­րե­նի ան­կա­խու­թե­նէն ետք, ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի մէջ կա­ռու­ցո­ւած են 100 ե­կե­ղե­ցի­ներ, մի­ջին հա­շո­ւով՝ տա­րին 4 ե­կե­ղե­ցի, չհա­շո­ւե­լով որ ա­նոնց շի­նու­թեան գոր­ծը սկսած է 1980ա­կան եւ 1990ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն։
Էջ­միած­նի միա­բան վար­դա­պե­տը այս ա­ռի­թով յայտ­նեց, թէ ­Մայր Ա­թո­ռին են­թա­կայ 400է ա­ւե­լի ե­կե­ղե­ցի­ներ կը գոր­ծեն աշ­խար­հիս մէջ, ո­րոնց հա­մար ծախ­սո­ւած է շուրջ 26 մի­լիոն տո­լար, մի­ջին հա­շո­ւով իւ­րա­քան­չիւր ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար 150-200 հա­զա­րի դրա­մագ­լուխ մը տրա­մադ­րո­ւած է։
Ե­կե­ղե­ցա­շի­նու­թեան հա­մար մե­ծա­հա­րուստ հա­յեր հո­վա­նա­ւո­րած եւ շօ­շա­փե­լի գու­մար­ներ տրա­մադրած են, դեռ չհա­շո­ւե­լով մա­նա­ւանդ մեր ժո­ղո­վուր­դի սրտա­բուխ նո­ւի­րա­տո­ւու­թեանց ան­շա­հախն­դիր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։
Այս ա­ռի­թով միա­բա­նը զե­կու­ցեց, թէ 2010-2016ին կա­տա­րո­ւած վա­ւե­րագ­րա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան մը հա­մա­ձայն, ա­ւե­լի քան 3000 ա­ւե­րո­ւած յու­շար­ձան­ներ ար­ձա­նագ­րո­ւած են ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին, մինչ­դեռ տո­ւեալ երկ­րի հո­ղին վրայ հա­յերս պէտք է ու­նե­նա­յինք 170.000է ա­ւե­լի պատ­մա­կան յու­շար­ձան­ներ։
­Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի մշա­կու­թա­յին բե­կոր­նե­րը կ­’ոչն­չա­նան եւ մեր պատ­մու­թիւ­նը փաս­տող յի­շա­տա­կա­րան­նե­րը կը մոռ­ցո­ւին մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան ան­դե­նա­կա­նին մէջ, խորհր­դա­ծեց ցած ու տխուր ձայ­նով մը ու ծան­րօ­րէն նստաւ իր ա­թո­ռին վրայ։
­Հայ­կա­կան յու­շար­ձան­ներն ու պատ­մա­կան յի­շա­տա­կա­րան­նե­րը խնդիր ու­նին նախ հո­ղին հետ, ըլ­լայ ան հայ­րե­նի, Ար­ցա­խի, ­Նա­խի­ջե­ւա­նի, ­Ջա­ւախ­քի թէ պատ­մա­կան բռնագ­րա­ւո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնց յու­շը միշտ կը շալ­կես ու­րի­շի, ու­րիշ­նե­րու կեան­քով կամ նա­հա­տա­կու­թեամբ, եւ ոչ միայն քա­ղա­քակր­թա­կան մի­ջամ­տու­թեան մը նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ։
­Մեր թշնա­մի­նե­րը չգիտ­ցան սի­րել մշա­կոյ­թը եւ միայն չա­րա­գոր­ծու­թեամբ, քան­դու­մով ու ոչն­չա­ցու­մով ցոյց տո­ւին ազ­նիւ մշա­կոյ­թին հան­դէպ ի­րենց բար­բա­րոս մղում­նե­րը։
Մ­շա­կու­թա­յին միաս­նա­կա­նու­թեա՞ն ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ կ­’ապ­րինք, թէ՞ մշա­կոյ­թը կա­թո­ւա­ծա­հար ը­նե­լու յա­ւե­լեալ ճիգ մը կը թա­փենք։
Ար­դեօ՞ք կը սխա­լիմ։ ­Պատ­մու­թիւ­նը պի­տի դա­տէ բո­լո­րին. յան­ցա­ւո­րին, նո­ւազ յան­ցա­ւո­րին, ան­տար­բե­րին ու հա­սա­րակ հան­դի­սա­տե­սին։
Մ­շա­կոյ­թը պատ­մու­թեան ար­ժա­նա­նա­լու հա­մար չէ միայն, այլ իս­կա­պէս ար­ժա­նի ըլ­լա­լու նոյ­նինքն մշա­կու­թա­յին հա­մա­պա­տաս­խան ար­ժէ­քին, պատ­մու­թեան ստեղ­ծա­գործ թէ ա­մօ­թա­լի է­ջե­րուն վե­րա­բե­րող։
­Յի­շո­ղու­թիւն եւ լռու­թիւն։
­Յի­շո­ղու­թիւն եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն։
Մ­շա­կոյ­թը ա­նա­պա­հո­վու­թիւն կը ստեղ­ծէ մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ եւ այդ մէ­կը կը զգանք, հա­կա­ռակ որ մենք մշա­կոյ­թով մեծ­ցանք եւ կրնանք ը­սել, թէ տա­րե­կից ենք ա­նոր։
­Քան­դո­ւած յու­շար­ձան­նե­րը ո՞ր պատ­մու­թեան վկա­ներն են այ­սօր։
­Կը յու­սամ, որ թէ­կուզ քան­դո­ւած վի­ճա­կի մէջ, այդ յու­շար­ձան­նե­րը շա­րու­նա­կեն դի­մա­նալ ժա­մա­նա­կի ու վայ­րի պատս­պա­րան­նե­րուն մէջ։
­Յու­շար­ձա­նը իր ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան պէտք ու­նի, ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւնն ալ յու­շար­ձան­նե­րուն։
Այ­սինքն՝ յու­շար­ձան­նե­րու ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան։
­Մեր սրբա­գոյն նա­հա­տակ­նե­րը մեր յու­շար­ձան­ներն են։

Բ­նակ­չագ­րա­կան ցու­ցա­նիշ­ներ

­Հա­յաս­տա­նի բնակ­չագ­րա­կան բնա­կան ա­ճի ցու­ցա­նի­շե­րու հա­մե­մա­տա­կան պա­կա­սը խո­րա­պէս մտա­հո­գած է մի­ջազ­գա­յին ա­պա­հո­վու­թեան հար­ցե­րու փոր­ձա­գէտ Ե­ղի­շէին, որ ա­ճի նո­ւազ­ման դի­մաց հան­դի­սադ­րեց վեր­լու­ծում մը, գնա­հա­տում­ներ եւ ոչ լա­ւա­տես հե­ռան­կար­ներ սփիւռ­քի հայ­կա­կան զան­գո­ւած­նե­րու յամ­րա­քայլ, բայց հաս­տատ ձուլ­ման բաղ­դա­տա­կան­նե­րով։
Ան նշեց, որ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ բազ­մա­զա­ւակ ըն­տա­նիք­ներ ու­նե­նա­լու խրա­խու­սա­կան, բայց ոչ լաւ կազ­մա­կեր­պո­ւած ու ար­դիւ­նա­ւո­րո­ւած քայ­լե­րը, ինչ­պէս՝ նիւ­թա­կան նպաստ­ներ, բնա­կա­րա­նա­յին ծրա­գիր­նե­րու բա­ղադ­րիչ­ներ, փաս­տօ­րէն ակն­կա­լո­ւած ծնե­լիու­թեան թափ տո­ւած չեն, այս յու­սա­տու ծրա­գի­րի սպա­սում­նե­րուն, երկ­րին մէջ տի­րող ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան, բազ­մաբ­նոյթ ար­տա­գաղ­թի բա­ցա­սա­կան ի­րա­վի­ճա­կին, ա­ւե­լի՛ն՝ ար­տա­գաղ­թող­նե­րու մէկ լուրջ ու մտա­հո­գիչ հա­մե­մա­տու­թեան ար­տա­սահ­մա­նի մէջ ծնած ըլ­լա­լու հե­տե­ւան­քին պատ­ճա­ռով։ Ի­րո­ղու­թիւն, որ յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն պի­տի ազ­դէ ուղ­ղա­կի նաեւ ազ­գա­յին բա­նա­կի թո­ւա­յին հա­մալր­ման կա­րիք­նե­րուն։
­Բաղդ­տա­կան տո­ւեալ­նե­րու հա­մա­ձայն, ժո­ղովրդագ­րա­կան այս խնդի­րը հետզ­հե­տէ կը բար­դա­նայ, քա­նի կը խախ­տին ծնե­լիու­թեան ու մա­հե­րու տո­կոս­նե­րը, բնակ­չագ­րա­կան ան­հա­ւա­սա­րու­թիւն­նե­րու նոր ի­րա­կա­նու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու ան­հանգս­տաց­նող ցու­ցա­նի­շե­րով։
Ե­ղի­շէն՝ վե­րար­տադ­րու­թեան վե­րա­բե­րող տո­ւեալ­ներ հան­դի­սադ­րե­լով՝ օ­րի­նակ տո­ւաւ, որ 1992ին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ծնած են 70.581, 1997ին 43.929, իսկ 2001ին 32.065 ե­րե­խա­ներ։ Ա­ւե­լի ընդ­հա­նուր՝ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին տաս­նա­մեա­կին ծնած է 464.457 ե­րե­խայ։
Ինք­նա­տիպ թո­ւան­շան­ներ, ան­պայ­մա՛ն։ Ծ­նող­նե­րէն մաս մը ման­կա­կան տա­րիք չու­նե­ցաւ եւ ար­տա­սահ­ման գաղ­թեց, ա­ռանց հայ­րե­նի օ­րօ­րո­ցա­յին եր­գը լսե­լու, մաս մըն ալ՝ մե­ծե­րէն վեր­ջին­նե­րը, ի­րենց հո­գին ա­ւան­դե­ցին հայ­րե­նի հո­ղին, թէ օ­տար ան­հիւ­րըն­կալ հո­ղե­րուն վրայ։
­Հե­ռա­ցու­մը՝ վստա­հա­բար կռո­ւի ի­մաս­տա­ւո­րո­ւած կամ չի­մաս­տա­ւո­րո­ւած ճա­նա­պար­հը ցոյց չի տար։ Այս մէ­կը կը հաս­տա­տեն ե՛ւ մնա­ցող­նե­րը, ե՛ւ ազ­գա­յին եր­կընտ­րան­քով գո­յա­տե­ւող հե­ռա­ցած­նե­րը։ Ա­նոնց հա­մար, կը մաղ­թեմ, որ հա­յու պատ­մու­թիւ­նը դի­մա­նայ հին եւ նոր ժա­մա­նա­կի հա­յե­լիին մէջ, քա­նի հա­յու պտղա­տու ծա­ռը կը մեծ­նայ ե՛ւ ա­մառ­նա­յին, ե՛ւ ձմեռ­նա­յին մթնո­լոր­տի պայ­ման­նե­րուն մէջ։
Ա­մէն հայ պէտք է գիտ­նայ իր դերն ու դիր­քը։ ­Հայ ազ­գը ամ­բող­ջու­թեամբ եւ ա­ռանց նո­ւա­զա­գոյն խտրու­թեան զի­նո­ւոր է, զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած է, քա­նի ­Հա­յաս­տա­նի գո­յու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կա­ւոր կամ պա­տա­հա­կան ե­րե­ւոյթ մը չէ, թէ­կուզ ո­մանք նոր հայ­րե­նիք­ներ փնտռե­լու եւ իւ­րաց­նե­լու ան­բա­րեն­պաստ գոր­ծին լծո­ւած են, կա­մայ թէ ա­կա­մայ ձե­ւով։
Եր­բեմն ես ին­ծի հարց տո­ւած եմ, ե­թէ սփիւռ­քի հա­յե­րը ի­րենց նոր կեան­քի ո­րա­կա­յին ար­ժէք­նե­րու գնա­հա­տա­կա­նը կա­տա­րա՞ծ են։ Ս­փիւռ­քի մէջ, ար­դէն, նոր սփիւռք մը կը կազ­մա­ւո­րո­ւի՝ հար­կադ­րե­լով մեզ ա­նոր զա­տո­րո­շու­մը կա­տա­րե­լու՝ «հին» եւ «նոր», կամ ալ ձա­խող կեր­պով «խորհր­դա­յին սփիւռք» ա­նո­ւա­նու­մով։ ­Մէկ խօս­քով՝ հին սփիւռ­քին մէջ նոր սփիւռք մը, մա­սամբ քար­տի­սագ­րո­ւած հա­մա­պա­տաս­խան եր­կիր­նե­րու մէջ, չքար­տի­սագ­րո­ւած նոր հա­յու­թեան ներ­կայ պատ­կե­րը՝ բարդ, մա­սամբ ան­լու­ծե­լի խաչ­բա­ռի մը տպա­ւո­րու­թիւ­նը տա­լով։
­Գի­տէ՞ք, այս բո­լո­րին ա­նու­նը միայն ­Հա­յաս­տան է, հոգ չէ թէ մեր հե­րոս­նե­րուն մա­հը չյա­ջո­ղե­ցաւ ա­ւե­լի լաւ կեանք մը ըն­ձե­ռե­լու հա­յու­թեան եւ աշ­խար­հին։
­Կեան­քի մէջ մարդս ե՛ւ կը շա­հի, ե՛ւ կը կորսնց­նէ, ե՛ւ կը յաղ­թէ, ե՛ւ կը պար­տո­ւի, ո­րով­հե­տեւ մարդ իր ան­ձին ե՛ւ բա­րե­կամն է, ե՛ւ թշնա­մին։
­Հայ­րե­նիք­նե­րը, ճիշդ է, միշտ ո­րակ ու քա­նակ չեն ար­տադ­րեր, ո­րով­հե­տեւ հայ­րե­նի­քի դի­մագ­րա­ւած խնդիր­նե­րը ե՛ւ վտան­գա­ւոր են, ե՛ւ չա­փա­զանց զգա­յուն։
­Հա­յաս­տան-սփիւռք 6րդ ­հա­մա­ժո­ղո­վին նա­խա­գա­հը խօ­սե­ցաւ ա­պա­գա­յի 4 մի­լիոն բնակ­չու­թեան մա­սին, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ։
Խղճմ­տան­քը հայ­կա­կան բառ է, բայց մենք 26 տա­րի ժա­մա­նակ կորսն­ցու­ցինք հա­յու ժա­մա­նա­կին մէջ, ժա­մա­նա­կը՝ ժա­մա­նա­կի փա­կա­գի­ծի վե­րա­ծե­լով։
Ու­շադ­րու­թիւն. զգա­ցա­կան հար­ցե­րը պէտք է պաշտ­պա­նո­ւած ըլ­լան ժա­մա­նա­կի մա­շու­մին դէմ։

­Լե­զո­ւի տեսչութեան լու­ծա­րում

«­Բա­նա­հիւ­սու­թեան ­Ֆա­կուլ­տետ»ի ու­սա­նող ­Ռու­զան­նան իր մտա­հո­գու­թիւ­նը յայտ­նեց «լե­զո­ւի պե­տա­կան տես­չու­թեան» հնա­րա­ւոր լու­ծար­ման մա­սին։ Անդ­րա­դար­ձաւ լե­զո­ւի նշա­նա­կու­թեան, ար­ժէ­քին եւ տա­րած­ման կա­րե­ւո­րու­թեան, եւ ոչ թէ հա­կա­ռա­կը։ Անհ­րա­ժեշտ նկա­տեց լե­զո­ւի տես­չու­թիւ­նը կա­ռա­վա­րու­թեան կից կա­ռոյ­ցի վե­րա­ծե­լու եւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու գուր­գու­րան­քին ար­ժա­նաց­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին։ Ազգ մը չի կրնար ապ­րիլ ա­ռանց իր քա­ղա­քակր­թա­կան ար­ժէ­քին։
Իսկ բա­նա­սի­րու­թեան բաժ­նի ու­սա­նող ­Մե­լա­նիան դի­տել տո­ւաւ, թէ լե­զուն գե­րա­գոյն յար­գան­քի պէտք է ար­ժա­նա­նայ հան­րա­պե­տու­թեան մէջ բա­ցա­սա­կան ձե­ւով մի­ջամ­տու­թիւն­ներ կա­տա­րող­նե­րէն, ո­րոնք յա­ճախ՝ լե­զո­ւա­կան ու լե­զո­ւա­գի­տա­կան հար­ցե­րու գի­տու­թիւն ու մաս­նա­գի­տու­թիւն չու­նին եւ կը զբա­ղին բա­ռա­յին լա­րա­խա­ղա­ցու­թիւն­նե­րով։
Գ­րա­կա­նա­գի­տու­թեան բաժ­նի ու­սա­նող ­Նի­քո­լա­յը անհ­րա­ժեշտ գտաւ լե­զո­ւի պե­տա­կան տես­չու­թիւ­նը գի­տա­կան կա­ռոյց դարձնե­լու եւ դուրս գա­լու տի­րող հա­մա­կար­գէն, որ խեղճ ու կրակ վի­ճա­կի մէջ կը գտնո­ւի։ ­Լե­զուն պա­հե­լը բա­րո­յա­կան հարց է,- ը­սաւ ան։
­Նոյն հար­ցով ու­սա­նո­ղու­հի ­Ժագ­լինն ալ կոչ ուղ­ղեց լե­զո­ւա­կան հա­մա­պա­տաս­խան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն հան­դէպ յար­գանք ու լրջու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու, լե­զո­ւա­կան մա­կար­դա­կի ո­րա­կը պահ­պա­նե­լու հե­ռան­կա­րով։ — Ա­տե­նօք, լե­զուն սրբու­թիւն էր. պահ­պա­նե­ցէք այդ սրբու­թիւ­նը, լե­զուն չի բաժ­ներ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, այլ կը միաց­նէ զա­նոնք,- ը­սաւ ան, իր խօս­քը ա­ւար­տե­լով։
Աշ­խէ­նը խօ­սե­ցաւ լե­զո­ւա­կան հան­րակր­թու­թեան մա­սին՝ ընդգ­ծե­լով հան­րակր­թու­թիւ­նը լե­զո­ւի ճամ­բով ազ­դու դարձ­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, թէ պէտք է ու­նե­նալ հա­մա­պա­տաս­խան զօ­րա­ւոր կա­ռոյց, ու­սու­ցիչ, դաս­տիա­րակ ա­պա­հո­վե­լով։ ­Վեր­ջը՝ շատ լաւ ա­շա­կերտ ու ու­սա­նող, ա­պա նաեւ սե­ղա­նի վրայ քննարկ­ման դնել մարդ կրթե­լու հիմ­նա­կան խնդի­րը։
­Ճիշդ է, որ կրթա­կան ո­րա­կը կը պա­հո­ւի հա­ւա­սա­րա­պէս ո­րա­կա­յին կա­ռոյ­ցով ու միա­ժա­մա­նակ դաս­տիա­րա­կով, բայց ան­պայ­մա­նօ­րէն ման­կա­վար­ժա­կան պատ­րաս­տու­թեամբ եւ ման­կա­վար­ժու­թիւ­նը ա­ռա­քե­լու­թիւն հա­մա­րե­լու ներշն­չու­մով։ Դպ­րոց­նե­րու մէջ միայն հա­յե­րէն լե­զո­ւի դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գի­րը բա­ւա­րար չէ հա­յե­րէն լե­զուն, գրա­կա­նու­թիւ­նը, հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը սիրց­նե­լու հա­մար նստա­րա­նի վրայ գտնո­ւո­ղին, այ­լեւ ա­նոր ներշն­չե­լու հայ լե­զո­ւի ան­փո­խա­րի­նե­լի դե­րը՝ հա­յու­թիւ­նը հա­մա­հա­ւա­սար յայ­տա­րա­րի մը բե­րե­լու հա­մար։
Ե­թէ ու­սա­նող­նե­րը կա­րե­ւո­րու­թեամբ կը մատ­նան­շեն տո­ւեալ պա­րա­գան, այս կը նշա­նա­կէ, թէ կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան յստակ ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կար­գի մը վրայ պէտք է ծրագ­րել ու­սում­նա­կան մի­ջա­վայ­րը, իր ըն­ձե­ռած բազ­մա­տե­սակ փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րով։
Դպ­րո­ցը մար­դա­կեր­տու­մի հաս­տա­տու­թիւն է եւ վստահ ըլ­լանք, որ մեր ազ­գա­յին բա­զում հար­ցե­րուն պա­տաս­խա­նը կու­տայ, ո­րով­հե­տեւ ան նկա­րա­գիր կը մշա­կէ ու կը դարբ­նէ, յատ­կա­պէս սա­կայն կը զօ­րաց­նէ մեր ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան զգա­ցու­մը։
­Հայ դպրո­ցը, հայ­կա­կան հա­մալ­սա­րա­նը պար­տա­ւոր են ճշդե­լու, թէ ինչ­պի­սի՞ հայ, ինչ­պի­սի՞ մարդ կը պատ­րաս­տեն վա­ղո­ւան կեան­քին հա­մար, կեան­քի վա­ղո­ւան ըն­տա­նիք­նե­րուն հա­մար։ Այս բո­լո­րը ը­նե­լու հա­մար, սա­կայն, վեր­լու­ծում­նե­րը գործ­նա­կան ծրա­գի­րի պէտք է վե­րա­ծո­ւին, միաս­նա­կան սկզբունք­նե­րու շուրջ ընդ­հան­րա­պէս հա­մա­ձայ­նե­լու հա­մար։
­Թէ՝ ինչ­պէ՞ս պի­տի կո­չենք այս բո­լո­րը։
­Մի՛ մտա­հո­գո­ւիք, հա­յե­րէ­նի մեր հա­րուստ լե­զուն ճիշդ բառ մը պի­տի գտնէ այս բո­լո­րը բնո­րո­շե­լու հա­մար։

(­Շար. 3)