­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ­Հինգ­շաբ­թի՝ 25 ­Մա­յի­սին ստո­րագ­րած է նոր կա­ռա­վա­րու­թեան մաս կազ­մող նա­խա­րար­ներ նշա­նա­կող հրա­մա­նա­գիր­ներ:
­Նա­խա­գա­հի հրա­մա­նա­գիր­նե­րով՝ նա­խա­րար նշա­նա­կո­ւած են.
— ­Վա­չէ ­Գաբ­րիէ­լեան՝ մի­ջազ­գա­յին տնտե­սա­կան հա­մարկ­ման եւ բա­րե­փո­խում­նե­րու նա­խա­րար, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան փոխ-վար­չա­պետ.
— ­Սու­րէն ­Կա­րա­յեան՝ տնտե­սա­կան զար­գաց­ման եւ ներդ­րում­նե­րու նա­խա­րար.
— Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեան՝, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար.
— ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան՝ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար.
— Իգ­նա­տի Ա­ռա­քե­լեան՝ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րար.
— Ա­շոտ ­Մա­նու­կեան՝ ու­ժա­նիւ­թի են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու եւ բնա­կան պա­շար­նե­րու նա­խա­րար.
— ­Վա­հան ­Մար­տի­րո­սեան՝ փո­խադ­րու­թեան, կա­պի եւ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեանց նա­խա­րար.
— ­Դա­ւիթ ­Յա­րու­թիւ­նեան՝ ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար.
— Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան՝ սփիւռ­քի նա­խա­րար.
— ­Վար­դան Ա­րա­մեան՝ ֆի­նանս­նե­րու (ե­լեւմ­տա­կան) նա­խա­րար։
­Նա­խա­գա­հի հրա­մա­նա­գիր­նե­րը հրա­պա­րա­կո­ւած են ­Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան գոր­ծա­դիր մար­մի­նի ­Հինգ­շաբ­թի օ­րո­ւան նիս­տէն ետք: ­Նիս­տի գլխա­ւոր օ­րա­կար­գը ե­ղած է նա­խա­րար­նե­րու նշա­նակ­ման հար­ցը:
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան խօս­նակ, Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Է­դո­ւարդ ­Շար­մա­զա­նով լրագ­րող­նե­րուն տե­ղե­կա­ցու­ցած է, թէ կու­սակ­ցու­թեան գոր­ծա­դիր մար­մի­նը ո­րո­շած է կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մին մէջ էա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ չմտցնել:
«Այս փու­լում, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, դրա­կան ենք գնա­հա­տում վար­չա­պետ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեա­նի կա­բի­նե­տի (դահ­լի­ճի) աշ­խա­տանք­նե­րը: ­Կը լի­նի մէկ փո­փո­խու­թիւն. դուք գի­տէք, որ կա­ռա­վա­րու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար-նա­խա­րարն Ա.Ժ.ում ու­նի քա­ղա­քա­կան մե­ծա­մաս­նու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, եւ այդ պաշ­տօ­նը կը վեր­ցո­ւի ու կը դառ­նայ կա­ռա­վա­րու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար: ­Նա­խա­րար­նե­րի 19 թի­ւը կը դառ­նայ 18, կը հա­մա­պա­տաս­խա­նե­ցո­ւի նոր սահ­մա­նադ­րու­թեա­նը»,- ը­սաւ ­Շար­մա­զա­նով:
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան խօս­նա­կը նաեւ տե­ղե­կա­ցուց, որ փո­փո­խու­թեան կ­՛են­թար­կո­ւի միայն ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րը: «Մ­նա­ցած նա­խա­րար­նե­րը, այդ թւում ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րը, կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց աշ­խա­տան­քը կա­ռա­վա­րու­թիւ­նում»,- եզ­րա­կա­ցուց ­Շար­մա­զա­նով: