Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­ներ Ֆ­րանք Էն­կել, ­Ճո­սու ­Խո­ւա­րիս­թի, ­Փի­թըր ­Նիէ­տեր­միւլ­լեր, Եա­րո­միր Շ­թե­թի­նա, ­Ժո­զեֆ-­Մա­րիա ­Թե­րի­քապ­րաս եւ «­Հա­յաս­տա­նի եւ­րո­պա­ցի ըն­կեր­ներ»ու տնօ­րէն ­Տիէ­կօ ­Փին­թօ յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը կոչ ուղ­ղած են` ան­մի­ջա­պէս սաս­տե­լու Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­կան նա­խա­յար­ձա­կու­մը: Ս­տո­րեւ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը. «­Ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան շփման գի­ծին վրայ հա­կա­մար­տու­թեան սրու­մը փաս­տող վեր­ջին դէպ­քե­րը, ո­րոնք ցա­ւօք դար­ձեալ մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րու պատ­ճառ դար­ձան, խիստ մտա­հո­գիչ են բո­լո­րիս հա­մար, ո­րով­հե­տեւ մենք կը հա­ւա­տանք խա­ղա­ղու­թեան եւ փո­խըմբռն­ման ար­ժէք­նե­րուն: Այդ ա­ռի­թով, մենք մեր ցա­ւակ­ցու­թիւնն ու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նենք զո­հո­ւած­նե­րու հա­րա­զատ­նե­րուն եւ ըն­կեր­նե­րուն:
«­Զահ­րա ­Կու­լիե­ւան եւ ա­նոր մեծ մայ­րը` ­Սա­հի­պան, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ զի­նա­դու­լի դրու­թեան խախտ­ման հե­տե­ւան­քով ար­ձա­նագ­րո­ւած վեր­ջին լա­րուա­ծու­թեան հեր­թա­կան զո­հերն են: Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մար սո­վո­րա­կան գոր­ծե­լաոճ դար­ձած է կրակ բա­նալ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ուղ­ղու­թեամբ քա­ղա­քա­ցիա­կան բնա­կա­վայր­նե­րուն շատ մօտ դիր­քե­րէ (այս գոր­ծե­լաո­ճը մե­ծա­պէս կը քննա­դա­տո­ւի ­Ժը­նե­ւի հռչա­կա­գի­րով եւ ինք­նին կը հա­մա­րո­ւի պա­տե­րազ­մա­կան յան­ցանք)` վտան­գի տակ դնե­լով սե­փա­կան բնա­կիչ­նե­րը:
«Այս եր­կու ա­նուն­նե­րը կ­՛ա­ւել­նան ցան­կին վրայ հայ եւ ատր­պէյ­ճան­ցի բո­լոր այն զո­հո­ւած քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն եւ զի­նո­ւոր­նե­րուն, ո­րոնք ան­դառ­նա­լի գին վճա­րած են մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի ան­տար­բե­րու­թեան եւ ձա­խո­ղու­թեան պատ­ճա­ռով, ո­րով­հե­տեւ չեն կան­խար­գի­լո­ւած Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ զի­նա­դու­լի դրու­թեան խախտ­ման փոր­ձե­րը: «Ան­ցեալ տա­րո­ւան ­Քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին յա­ջոր­դող շրջա­նին, Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ մեր­ժեց հա­մա­ձայ­նու­թիւն տալ Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի խմբա­կի հսկո­ղու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ընդ­լայն­ման ա­ռա­ջար­կին, ո­րուն հե­տե­ւան­քով Ատր­պէյ­ճան ո՛չ միայն ու­ժե­ղա­ցուց իր հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թիւ­նը եւ ա­ւել­ցուց պա­տե­րազ­մի սպառ­նա­լիք­նե­րու սրու­թիւ­նը` ուղ­ղո­ւած ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի եւ ­Հա­յաս­տա­նի դէմ, այլ նաեւ աշ­խու­ժա­ցուց սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը: Ա­սի­կա ­Պա­քո­ւի պա­տաս­խանն է եր­կի­րի մէջ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու խախ­տում­նե­րու եւ մամ­լոյ ա­զա­տու­թեան սահ­ման­փակ­ման վե­րա­բե­րեալ ար­տա­քին քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն ու ճնշում­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ վեր­ջին շրջա­նին Ատր­պէյ­ճա­նի ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն զէնք վա­ճա­ռե­լու վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու տա­րած­ման:
«­Մենք կոչ կ­՛ուղ­ղենք ան­մի­ջա­պէս սաս­տե­լու Ատրպէյ­ճա­նի ռազ­մա­կան նա­խա­յար­ձա­կու­մը, եւ կը վե­րա­հաս­տա­տենք մեր այն հա­մո­զու­մը, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը պէտք է խա­ղաղ լու­ծում ստա­նայ` տեղ­ւոյն ժո­ղո­վուր­դին ա­զատ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի հի­ման վրայ: Ա­սի­կա միակ ու­ղին է` դադ­րեց­նե­լու եր­կու կող­մե­րուն քա­ղա­քա­ցիա­կան եւ զի­նո­ւո­րա­կան ան­ձե­րու հա­ւա­նա­կան մա­հե­րը: «­Մենք նաեւ կոչ կ­՛ուղ­ղենք Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան` աշ­խու­ժօ­րէն նպաս­տե­լու ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի լուծ­ման` ա­ջակ­ցե­լով Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ջան­քե­րուն եւ առ­կա­խե­լով քա­ղա­քա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Ատր­պէյ­ճա­նի հետ` այն­քան ա­տեն, որ այդ եր­կի­րը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէ խախ­տել զի­նա­դու­լի դրու­թիւ­նը եւ ոտ­նա­հա­րել մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րը»: