Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 3 Փետրուարին ընդունած է շրջանային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Եւրոպական Յանձնաժողովի Դրացնութեան եւ Ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերու գլխաւոր տնօրէն Քրիսթիան Տանիէլսընը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ նախորդ երկու տարիները Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան տեսանկիւնէն յատկանշուած են աշխուժութեամբ, յատկապէս քաղաքական երկխօսութեան առումով, ինչպէս նաեւ այս ծիրին մէջ ընդլայնուած է համագործակցութիւնը: Այդ պարունակին մէջ նախագահը կարեւոր նկատած է բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները` յիշեցնելով վերջին շրջանին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու Հայաստան այցելութիւնը:
Ընդգծելով, որ աշխուժօրէն կը շարունակուին Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ նոր շրջանային համաձայնագիրի վերաբերող բանակցութիւնները, զրուցակիցները երկուստեք յոյս յայտնած են, որ յառաջիկային հոլովոյթը կը թեւակոխէ աւարտական փուլ: Քրիսթիան Տանիէլսըն կարեւոր նկատած է Հայաստանի նախագահին Պրիւքսէլ տալիք այցելութիւնը` դիտել տալով, որ անիկա նոր լիցք պիտի հաղորդէ փոխադարձ գործակցութեան զարգացման: Երկու կողմերուն միջեւ համագործակցութեան կարեւոր ձեռքբերումներուն կարգին, նախագահ Սարգսեան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առած է Եւրոպական Միութեան խորհուրդին կողմէ Հայաստանի հետ ընդհանուր օդանաւորդութեան գօտիին շուրջ բանակցութիւններու դրութիւնը հաստատելու որոշման ընդունումը եւ հաստատած, որ Հայաստան այսուհետեւ եւս պատրաստակամ է յառաջ մղելու Եւրոպական Միութեան հետ փոխադարձ գործակցութիւնը` բարեփոխումներու խթանման, անոր շարժունակութեան, արդիւնաւէտ կառավարման, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու, տնտեսական համագործակցութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ մարզերու մէջ: Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան` այս հոլովոյթին մէջ ներդրուած ջանքերուն եւ տրամադրուած միջոցներուն համար, որոնց կարգին պիտի ըլլայ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ տրամադրուած աջակցութիւնը:
Կարեւոր նկատուած են գործընկերութեան առաջնահերթութիւններուն շուրջ բանակցային հոլովոյթը:
Հայաստանի — Եւրոպական Միութիւն
Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ աշխոյժ կերպով կը շարունակուին նոր շրջանային համաձայնագիրի բանակցութիւնները