Ե­րեք­շաբ­թի՝ ­Յու­լիս 11ին, ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին միու­թեան հա­մա­գու­մա­րի ըն­թաց­քին, միու­թեան նա­խա­գահ ընտ­րո­ւած է հա­յազ­գի ցե­ղաս­պա­նա­գէտ ­Հեն­րի ­Թե­րիօ։
Ան յայ­տա­րա­րած է, թէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վտան­գը կը սպառ­նայ ա­ւե­լի ցցուն դառ­նա­լու՝ ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան եւ աշ­խար­հի տա­րած­քին այլ ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեանց մտա­հո­գիչ ա­ճին հե­տե­ւան­քով, ո­րոնք կը սպառ­նան ձա­խո­ղու­թեան մատ­նե­լու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րուն ա­ռաջ­քը առ­նե­լու նպա­տա­կով տա­րո­ւող ջան­քե­րը։ Ան ա­ւել­ցու­ցած է, թէ այս բո­լո­րին պատ­ճա­ռով, ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին միու­թիւ­նը պէտք է ա­ւե­լի աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն մշա­կէ եւ ա­ւե­լի նա­խա­ձեռ­նող մար­մին մը դառ­նայ։ Ի­մաս­տա­սի­րու­թեան մէջ իր դոկ­տո­րան­ Մե­սե­չու­սե­ցի հա­մալ­սա­րա­նէն ստա­ցած ­Թե­րիօ կը դա­սա­ւան­դէ Ուս­թը­րի նա­հան­գա­յին հա­մալ­սա­րա­նին մէջ (­Մե­սե­չու­սեց), եւ 1999-2007ին ե­ղած է այդ հա­մալ­սա­րա­նի մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց ուս­մանց կեդ­րո­նի հա­մա­կար­գո­ղը։
Ան մաս­նա­գի­տա­ցած է յատ­կա­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թեանց զո­հե­րուն վնա­սուց հա­տու­ցում ա­պա­հո­վե­լու մար­զին մէջ եւ գլխա­ւոր հե­ղի­նա­կը ե­ղած է 2015ի ­Մար­տին հրա­պա­րա­կո­ւած՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­տու­ցում­նե­րու ու­սում­նա­սիր­ման խում­բի տե­ղե­կա­գի­րին։ ­Դոկտ. ­Հեն­րի ­Թե­րիօ դա­սա­խօ­սած է եւ գի­տա­ժո­ղով­նե­րու մաս­նակ­ցած ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու տա­րած­քին, ինչ­պէս նաեւ հե­տե­ւեալ եր­կիր­նե­րուն մէջ՝ ­Հա­յաս­տան, ­Թուր­քիա, Ար­ցախ, ­Լի­բա­նան, Աւստ­րա­լիա, ­Ճա­փոն, ­Հա­րա­ւա­յին ­Քո­րէա, ­Ռուան­տա, Բ­րի­տա­նիա, Ֆ­րան­սա, ­Պել­ճի­քա, Ի­տա­լիա, Ար­ժան­թին եւ ­Գա­նա­տա։ Ան հիմ­նա­դիր հա­մախմ­բա­գիրն է ցե­ղաս­պա­նու­թեան ուս­մանց նո­ւի­րո­ւած մի­ջազ­գա­յին հրա­տա­րա­կու­թեան՝ «Genocide Studies International»ին, եւ խմբագ­րած է ցե­ղաս­պա­նու­թեանց առն­չո­ւող այլ հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ։
­Թե­րիօ նաեւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­տու­ցում­նե­րու ու­սում­նա­սիր­ման խում­բի ա­տե­նա­պետն է եւ կը հան­դի­սա­նայ ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին միու­թեան ա­ռա­ջին հայ նա­խա­գա­հը։