Երեքշաբթի՝ 27 Փետրուարին, 92 տարեկան հասակին, իր աչքերը յաւիտենապէս փակեց Յունաստանի մօտ Զուիցերիոյ նախկին աւագ դեսպաններէն Շարլ Շթայնհոլին, որուն քաղաքական յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ՝ 3 Մարտ 2018ին, Աթէնքի Առաջին գերեզմանատան մէջ, Զուիցերիայէն ժամանած իր դուստրերու ներկայութեան եւ երգչախմբային-նուագախմբային կատարումներով, որոնք մեկնաբանեցին դեսպանին սիրած յունական երգերը։
Յարգարժան դեսպանը շնչառական բարդութիւններու հետեւանքով նախապէս խնամուեցաւ «Իղիա» հիւանդանոցը եւ մահացաւ իր տան մէջ, Աթէնք։ Աթէնքի մէջ դեսպանական իր պաշտօնավարութեան շրջանը աւարտելէ ետք, այնքան սիրեց Յունաստանը, որ 50 տարիէ ի վեր հաստատուեցաւ հոս, իսկ վերջին տասնամեակներուն՝ Կրետէի Ռեթիմնօ քաղաքը։
Հեռաձայնային կապով, կամ մեր յաճախակի ընտանեկան փոխադարձ հանդիպումներու ընթացքին, ան անմիջականօրէն կը հետաքրքրուէր հայութեամբ, Ապրիլ 24ի մեր ցոյցերով, Ցեղասպանութեան ժխտողականութեամբ, յատկապէս Զուիցերիոյ կեցուածքով։ Կը յիշէր ու կը պատմէր իր դեսպանական պաշտօնի նշանակման օրերուն Գոքինիոյ Զուիցերիացիներու Ծերանոցի բացման-հիմնարկէքին իր ներկայութեան մասին։ Յատուկ զգայնութեամբ կը հետաքրքրուէր մեր Ծերանոցի տասնամեակներու իրար յաջորդող հանգրուանային դասաւորումներու եւ կարգադրութիւններու մասին։
Յետադարձ ակնարկով՝ դեսպան Շթայնհոլին ոգեւորութեամբ կը վկայակոչէր մեր ընտանեկան, բարեկամական հանդիպումներու ժամանակ, թէ Զուիցերիացի հայասէրներու հայկական ծերանոցը հին Գոքինիոյ մէջ, հայ ժողովուրդին օգտակար ըլլալու եւ յատկապէս թրքական կոտորածներէն ու տեղահանութենէն փրկուած հայերուն օգնելու նպատակով կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր։ Այս կազմակերպութեան հիմը դրուած էր 1897ին, Զուիցերիոյ Պազէլ քաղաքին մէջ, Հայոց Բարեկամներու Զուիցերիական Ընկերակցութիւն անունով, որուն գործունէութիւնը կեդրոնացած էր Յունաստանի (Աթէնք, Փիրէա եւ Թեսաղոնիկէ), ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ։
Փիրէայի պարագային, Հին Գոքինիոյ մէջ հիմնուած էր հայկական Ծերանոցը, իսկ Ատիկէի արուարձաններէն Քասթրիի մէջ՝ հայ եւ յոյն պատանիներու յատուկ հանգստեան տուն մը (ճամբար մը), որուն մասնակցած են մեզի պէս մեծ թիւով սերնդակից յունահայեր, զուգահեռաբար Մանկուֆանայի, այսօր՝ Փեֆքի, եւ 60ական թուականներէն վերջ ալ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան Տրոսիայի ամառնային կազդուրման կայանը։
Գոքինիոյ Ծերանոցի կառուցման ծախսերուն մեծ մասը հայթայթած էր Մ.Ա.Կ.ի Գաղթականաց Գրասենեակը, մնացեալ մասն ալ Զուիցերիական Ընկերակցութիւնը։ Զուիցերիական այլ բարեսիրական ընկերակցութիւններ հոգացած էին կահաւորման ծախսերը։ Շէնքի շինութիւնը, օրին, արժած էր 1.000.000 տրախմի (53.000 տոլար)։
Ծերանոցին կառուցումը սկսած էր 1954ին, իսկ պաշտօնական բացումը կատարուած էր 3 տարի յետոյ՝ 1957ի Յունուարին, որուն ներկայ եղած էր դեսպանը։
Ծերանոցի պատասխանատու նշանակուած էր Ընկերակցութեան տնօրէն Հանս Պէնցիկէր, որ սահուն առոգանութեամբ հայերէն կը խօսէր։
Դեսպանը կը յիշէր նաեւ Քասթրիի հաստատութիւնը, որուն վարիչն էր օրիորդ Պերթա Ատլէր, որ հետագային ստանձնեց Գոքինիոյ Ծերանոցի տնօրէնութիւնը, Քասթրիի փակումէն ետք, մինչեւ իր մահը։ Տնօրէնութեան պաշտօններ վարած էին նաեւ Թէոտոր Վիզէր եւ օր. Մարկարիթա։
Կը յիշէր նաեւ Դանիայի Հայասէրներու Առաքելութիւնը, որ հիմնուած էր 1922ին, Վերապատուելիներ Նելսոն Վրացի, Պիկ Ենսէնի եւ Ալֆրէտ Հենսէնի ջաքերով, որոնք իրենց գործունէութիւնը տարածած էին մինչեւ Թեսաղոնիկէ։
Դանիական Առաքելութիւնը հաստատուած էր Աթէնքի արուարձաններէն Նէա Էրիթրէայի մէջ։ Տնօրէնուհին էր հիւանդապահուհի օրիորդ Մէրի (Միս Մէրի) Օսթէրկարտ՝ օգնական ունենալով նուիրեալ հայուհի մը՝ օր. Սրբուհի Յովսէփեան։ Միս Մէրի 1927էն մինչեւ իր մահը պաշտօնավարած էր Թեսաղոնիկէ, Ամարուս, Տիոնիսօ եւ Նէա Էրիթրէա՝ իրենց Առաքելութեանց համապատասխան հաստատութիւններուն մէջ։
Սիրելի Շարլ, հայութեան անունով անհուն երախտագիտութիւն կը յայտնենք քեզի, քու մարդասիրական, քու բարեսիրական անաղմուկ գործիդ համար։ Մարդասիրականը երբ անաղմուկ կ’ըլլայ՝ ա՛լ աւելի արժէք կը ստանայ։
Հողը թեթեւ ըլլայ վրադ։
Հայութիւնը երբեք պիտի չմոռնայ քեզի եւ քեզի պէս մարդոց։
Յ. Պ.