Համազգայինի պարախումբի ելոյթներ
Քաղաքապետութիւններու կողմէ Մայիս 1ի հրապարակային հանդիսութիւններուն պաշտօնական հրաւէրներու ընդառաջումը աւանդութեան կարգ անցած է։ Աւանդութիւն՝ որ կուգայ հինէն, «Աշխատաւորական Օր»ուան, այլեւ ծաղիկներու բնորոշիչ իմաստի պարգեւած ուրախութիւնը գեղարուեստական տօնակատարութիւններով նշելու առիթով։
Մշակոյթներու բազմազանութեան իւրայատկութիւնը ներդաշնակուեցաւ այս պատմական օրուան առիթով՝ Վիրոնայի, Ռենտիի եւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեանց կեդրոնական հրապարակներուն վրայ, Յունաստանի տարբեր շրջաններէ բաղկացած պարախումբերով ու իւրաքանչիւրի ազգագրական պարերով, ինչպէս՝ Իզմիր, Կրետէ, Իմվրոս, Պոնտոս, Լեզվոս, եւայլն։
Նէա Զմիռնիի մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Նայիրի», իսկ Վիրոնայի մէջ՝ միութեան միջնեկներու խումբը՝ «Նանօր», պարուսոյց Էտկար Եղեանի եւ անոր օգնականներու ղեկավարութեամբ։
Երկու ելոյթները տեղի ունեցան առաջինը՝ Հ.Յ.Դ. Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան», երկրորդը՝ Հ.Յ.Դ. Աթէնքի «Գաբրիէլ Լազեան» (Գարէա) համապատասխան Կոմիտէներու համագործակցութեամբ։
Ուրախ ենք, որ նոր սերունդը կը սիրէ ու կը ծառայէ մշակոյթին եւ սիրայօժարօրէն ժամանակ կը տրամադրէ հայկական պարին ու արուեստին, առօրեայ իր դպրոցական ու յարակից պարտաւորութիւններուն առընթեր։
Մայիս 1էն քանի մը օր առաջ, եւ իբրեւ Մայիս 1ի ելոյթներու շարքին մէկ մասը, «Նայիրի» պարախումբը մասնակցեցաւ Ռենտիի քաղաքապետութեան տօնակատարութեան։
Ռոտոսի «Տիգրան-Երկաթ» մասնաճիւղին ելոյթները
Թրքամերձ Ռոտոս կղզիի «Տիգրան-Երկաթ» մասնաճիւղը, Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցին առիթով, երկու ելոյթներ ունեցաւ կղզիին մէջ։
Առաջինը՝ «24 Ապրիլ 1915. Հայոց Ցեղասպանութիւնը» ընդհանուր խորագրին տակ, միութեան մասնաճիւղի ատենապետ ընկ. Խարա Քէօսէյեան, 17 վայրկեան տեւողութեամբ, քաղաքական ելոյթ մը ունեցաւ Ռոտոսի պետական հեռատեսիլի կայանէն, երեկոյեան ժամը 10։30ին։
Ատենապետուհիին խօսքը ազգային, քաղաքական, քաղաքակրթական, կրօնական բնոյթ ունէր։ Պատմական գետնի վրայ վկայակոչեց յոյն պատմահայրները՝ Թուքիտիտիսը, Սթրավոնը, Իրոտոթոսը։ Աշխարհագրական գետնի վրայ նկարագրեց Հայաստանի տարածքային դիրքաւորումը Կովկասեան բարձրաւանդակին յարակցութեամբ ու աշխարհաքաղաքական ազդակներու տարբերութեամբ։
Խօսեցաւ հելլէն եւ հայկական պատմական աւանդական կապերու մասին։ Աւելի վերջ՝ Փոքր Ասիոյ Աղէտէն ետք (1922) հայերու Յունաստան հաստատումը։ Վերլուծեց Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառները եւ այսօրուան տիրող քաղաքական իրավիճակը։
Իր ելոյթի աւարտին խօսեցաւ՝ Հայաստանի ու ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի վարած հակահայ գործունէութեան մասին։ Իր խօսքը եզրափակեց Արցախի պատմականով, պահանջատիրութեամբ ու հերոսապատումներով։ Ելոյթի ընթացքին կը հանդիսադրուէին հայոց միջազգային ցոյցերէն տեսարաններու նկարներ, հայկական երաաժշտութեան ընկերակցութեամբ։
***
Ռոտոսի մասնաճիւղի երկրորդ ելոյթը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաք Ռոտոսէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Իալիսօ 12.000 բնակիչ հաշուող քաղաքի կեդրոնական վարժարանի երկսեռ աշակերտութեան դասախօսութեամբ մը։
Ելոյթը մասնաւոր իմաստ կը ստանար, քանի տեղի կ’ունենար՝ թուականային կարգով ուղղակի Ապրիլ 24ին, համոզում՝ թէ ասկէ աւելի պատշաճ ու արժանավայել հոգեհանգիստ գոհաբանութիւն չէր կրնար ըլլալ, 1915ի մեր սրբացած 1,5 միլիոն նահատակները լաւագոյն ձեւով յարգելու եւ ոգեկոչելու համար։
Աշակերտութեան խօսեցան մասնաճիւղի քարտուղար ընկ. Սահակ Պարտիզպանեան եւ ատենապետ ընկ. Խարա Քէօսէյեան։
Օրուան նիւթը կազմեց՝ հայերու անցեալի ներկայութիւնը սոյն կղզիին մէջ, ներկայիս՝ Համազգայինի մասնաճիւղին հիմնումն ու գործունէութիւնը, եւ անշուշտ պատմական տուեալներ եւ ծանօթութիւն՝ հայ մշակոյթի արժէքներու շուրջ։
Աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը չափազանց գոհ մնացին ելոյթէն։ Ծրագիրը պիտի կազմակերպուի այլ դպրոցներու մէջ ալ, դասախօսային-գեղարուեստական նմանատեսակ ելոյթներով։
Այս առիթով, մասնաճիւղի վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ վարժարնի տնօրէնուհի տիկին Վասօ Կրիծէլիին, դասախօսութեան ընդառաջման ու կազմակերպման համար։
***
Ռոտոսի Համազգայինի մասնաճիւղի ատենապետ ընկ. Խարա Քէօսէյեանի յունալեզու «Նայիրի» պատմուածքը հրապարակային երկու ներկայացումներ ունեցաւ, առաջինը՝ Ապրիլի մէջ Աթէնքի «Սթօա թու վիվլիու»ի եւ երկրորդը՝ Երեքշաբթի՝ 9 Մայիսին Աթէնքի «Կիպրական տան մէջ», Փլաքա, Աթէնքի Քափոտիսթրիաքօ համալսարանի փիլիսոփայական ճիւղի սեմինարային համագումարի մը ծիրէն ներս, գլխաւոր նիւթ ունենալով՝ «Կիպրոսի դասական գրականութիւնը դարերու ընթացքին»։
Վազգէն Պէրպէրեանի գիրքի ներկայացում
Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղը Չորեքշաբթի՝ 10 Մայիսի երեկոյեան, մեծ յաջողութեամբ ներկայացուց գրագէտ Վազգէն Պէրպէրեանի «Անտարբեր երկնքի մը տակ» խորագրեալ գիրքը։
Սոյն ելոյթը տեղի ունեցաւ Թեսաղոնիկէի Բիւզանդական Քաղաքակրթութեան Թանգարանի հանդիսասրահին մէջ եւ կազմակերպուած էր Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան կողմէ։
Գիրքի ներկայացման՝ յարակից նիւթերով ելոյթներ ունեցան գիրքի իտալերէնէ թարգմանիչ Յակոբ Ճէլալեան, գրագէտ-բանասէր Թասոս Ակէլիտիս-Կենծոս, բեմադրիչ Փանաեոթիս Քունտուրաս եւ հեղինակը։
Գիրքի ներկայացման խօսքերու համադրող՝ լրագրող Նիքոս Լատիանոս։
Յաջորդեց գեղարուեստական բաժին՝ երաժշտական կտորներու ներկայացմամբ։
Ընդհանուր ելոյթը տեղի կ’ունենար՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցի ծիրէն ներս։
Երաժշտական աշխուժութիւն
Թեսաղոնիկէի Համազգայինի մասնաճիւղին եւ քաղաքի «Անաթոլիա» ամերիկեան գոլէճի համագործակցութեամբ, այս ամառ՝ 29 Յունիսէն 9 Յուլիս 2017, պիտի կազմակերպուի Ամառնային 3րդ երաժշտական ներկայացումներու սեմինարակրթական բաց դասաւանդութիւններու, դասախօսութիւններու, զրոյցներու, համերգներու եւ օփերային երաժշտութեամբ հարուստ յայտագիր մը։
Այս ամբողջ յայտագրի տնօրէնութիւնն ու ղեկավարումը կը պատկանի Համազգայինի անդամ, երաժիշտ տոքթ. Խրիսթոս Ղալիլէաս-Գալֆայեանի, իսկ գեղարուեստական տնօրէնութիւնը՝ Համազգայինի նախկին Շրջանային Վարչութեան անդամ ընկ. տոքթ. Նուարդ Ղալիլէա-Գալֆայեանի հսկողութեան։
Դասաւանդութեանց մաս պիտի կազմեն զանազան նուագարաններ, ինչպէս՝ սրինգ, այլեւ՝ սենեկային երաժշտութիւն, օփերայի ձայնային ներկայացումներ, երաժշտութեան տեսաբանական դասեր արհեստավարժ կամ ոչ անձերու համար։
Դասաւանդութեանց մաս կը կազմէ թեսաղոնիկահայ օփերայի երգչուհի եւ իր սքանչելի ձայնով մեր ազգային ձեռնարկները ճոխացուցած սիրուած երգչուհի, Համազգայինի անդամ Սիրանուշ Չալըքեան։
Այս ամբողջ ծրագիրին հովանաւորութիւնը կը պատկանի հիւսիսային Յունաստանի կեդրոնական Մակեդոնիոյ մարզպետարանին։
Տէտէաղաճէն՝ Ալեքսանտրուպոլիս. 150 տարուան պատմութիւն մը
Մէկ ու կէս դար պատմութիւն ունեցող Էվրոս նահանգի Ալեքսանտրուպոլիս քաղաքի մշակութային ու պատմական ժառանգութեան նուիրուած շաբաթավերջ մը կազմակերպուեցաւ Շաբաթ՝ 6 եւ Կիրակի՝ 7 Մայիսին։
Էվրոսի մշակութային 15 միութիւններու համակազմակերպումով եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ քաղաքապետարանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած տօնակատարութիւններու շարքը, երաժշտական-պարային ելոյթներու, տողանցքի եւ տօնական տարբեր միջոցառումներու շարք մըն էր, Ալեքսանտրուպոլսոյ «Էլէֆթէրիա» փառատօնի ծիրէն ներս։ Համակազմակերպողներու շարքին էր Համազգայինի նորընտիր «Արամ Խաչատուրեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը։
Ծայրէ ծայր լեցուած քաղաքապետարանի դահլիճէն ներս, Շաբաթ՝ 6 Մայիսի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ քաղաքին մէջ կայք հաստատած հայ գաղութի պատմութեան ներկայացումը։
Մուշէն եւ Տարօնէն եկած երկաթագործ արհեստաւոր հայերու հաստատումով կազմուեցաւ առաջին հայկական գաղութը։ Յիշելով Մշոյ Ս. Կարապետ հռչակաւոր վանքը՝ եկուորները տքնաջան աշխատանքով, 1875 թուականին, կառուցեցին Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին, որ մինչեւ օրս կը մնայ հայ համայնքի հոգեւոր եւ ազգային հաւաքավայրը՝ միաժամանակ հանդիսանալով Ալեքսանտրուպոլիս քաղաքի առաջին քրիստոնէական եկեղեցին։
Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստի շուրջ անդրադարձով, ապա նաեւ հայութեան վերականգնումի ու այսօրուան հայկական գաղութի շուրջ տուեալներու պարզաբանումով, լրիւ տեղեկատուութիւնը կատարուեցաւ հայ համայնքի կեանքին ու գործունէութեան։
Ներկայ հանդիսականներուն ընթերցուեցաւ վերեւի տեղեկութիւնները փոխանցող գրութիւն մը, մինչ տաղանդաւոր երաժիշտ Վարդան Աբովեան տուտուկով կ՚ընկերանար՝ մեկնաբանելով «Ալակէօզ աչքերդ» եւ «Կարսի պար-Հայ քաջեր» երգերու մեղեդիները։ Քաղաքապետական, պետական ու մշակութային բարձրապաշտօն ներկայութիւններ ապահոված ձեռնարկը մեծ յաջողութեան արժանացաւ, ինչպէս նաեւ՝ համացանցային, հեռատեսիլային ու ձայնասփիւռային լայն արձագանգի։
Աւելի քան 150 պարողներ, դերասաններ, բեմադրիչ ու օգնականներ աշխատեցան շքեղ ներկայացման անթերի կազմակերպումը ապահովելու եւ Էվրոսի մայրաքաղաքի պատմութիւնը լաւագոյնս ներկայացնելու համար՝ այն օրէն, երբ ձկնորսական փոքրիկ գիւղ մըն էր, մինչեւ այսօրուան բազմամշակութային գեղեցիկ մայրաքաղաքը։
Համազգայինի «Արամ Խաչատուրեան» մասնաճիւղի վարչութեան ճիգն ու աշխատանքը լաւագոյն ձեւով ապահովեցին հայ մշակոյթի, պատմութեան ու աւանդութիւններու ներկայացումը՝ Ալեքսանտրուպոլսոյ պատմութեան նուիրուած ելոյթներուն ընդմէջէն։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ