­Շա­բաթ՝ 13 ­Մա­յի­սին, ­Յու­նաս­տա­նի հե­ռա­տե­սի­լի EPT 1 կա­յա­նի լու­րե­րու բաժ­նէն հե­ռասփ­ռո­ւե­ցաւ հայ­կա­կան պա­րե­րու մա­սին կարճ յայ­տա­գիր մը։ ­Թէեւ օ­րեր ա­ռաջ սոյն յայ­տագ­րի պատ­րաս­տու­թիւ­նը խլած էր եր­կար ժա­մա­նակ՝ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս պա­րա­խում­բի միա­ւո­րի վար­չու­թեան ու կա­յա­նի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տագ­րի թղթա­կից ­Տես­փի­նա ­Սո­թի­րո­փու­լո­ւի կող­մէ, հե­ռա­տե­սի­լէն ներ­կա­յա­ցո­ւած բա­ժի­նը հա­մե­մա­տա­բար կրճա­տո­ւած էր։
Ի դէպ, հայ­կա­կան պա­րա­րո­ւես­տի բնոյ­թին, նկա­րագ­րին ար­տա­յայտ­չա­կա­նու­թեան, տա­րազ­նե­րու՝ գոյ­նե­րու, զար­դե­րու, նաշ­խե­րու ու խորհր­դա­նիշ­նե­րու մա­սին ար­տա­յայ­տո­ւե­ցան ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. ­Սի­մոն Ա­սի­պեան, պա­րու­սոյց ու Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. Էտ­կար Ե­ղեան եւ յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ ընկ. ­Սո­ֆիա ­Մի­քա­յէ­լեան եւ ընկ. ­Լի­լիթ ­Մու­րա­տեան։ Ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ տրո­ւած զե­կոյց­նե­րը բա­ցատ­րա­կան բնոյթ ու­նէին եւ ծա­նօ­թու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցէին հայ­կա­կան պա­րե­րու ա­ւան­դա­կա­նու­թեան, խորհր­դա­նիշ­նե­րուն եւ շար­ժու­ձե­ւե­րու հա­ւա­քա­կան ներ­դաշ­նա­կու­թեան իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն մա­սին։

***

Շա­բաթ՝ 3 ­Յու­նի­սին, ­Հա­մազ­գա­յի­նի միջ­նեկ­նե­րու «­Նա­նոր» պա­րա­խում­բը 3 պա­րե­րով ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ «Ալ­սոս ­Փակ­րա­թիու»ի մէջ, Ա­թէն­քի մէջ գոր­ծող ուք­րա­նա­կան դես­պա­նա­տան կող­մէ նա­խա­ձեռ­նո­ւած գե­ղա­րո­ւես­տա­պա­րա­յին հրա­պա­րա­կա­յին ձեռ­նար­կի մը ծի­րէն ներս։
Ե­լոյ­թի ընդ­հա­նուր բնա­բանն էր՝ «Աշ­խար­հի տղա­քը կը պա­րեն ու կ­՚եր­գեն խա­ղա­ղու­թեան հա­մար»։
­Պա­րա­խում­բը կը ղե­կա­վա­րէր «­Նա­նոր»ի պա­րու­սոյց օգ­նա­կան ­Ֆէյ ­Փի­լա­ւեան։

***

CIDը (International Dance Counsil) — ­Պա­րի ­Մի­ջազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի ­Հա­մազ­գա­յի­նի ան­դա­մակ­ցու­թեան մա­սին անդ­րա­դար­ձած ենք ար­դէն «Ա­զատ Օր»ի 7 ­Յու­նի­սի հա­մա­րով, հրա­տա­րա­կե­լով ան­դա­մակ­ցու­թեան, ա­ւե­լի՛ն, հա­յե­րէ­նով կա­նո­նագ­րու­թիւն մը որ­դեգ­րե­լու հար­ցով։
­Յա­ւե­լեալ նշենք, թէ այս ծրագ­րի ծի­րէն ներս, Ուր­բաթ՝ 7 ­Յու­լի­սին, Ա­թէն­քի մէջ (Փ­լա­քա) տե­ղի պիտի ունենայ ­Պա­րի ­Մի­ջազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­գու­մա­րը, ո­րու ըն­թաց­քին ­Հա­մազ­գա­յի­նը իր ան­դա­մակ­ցա­կան մաս­նակ­ցու­թե­նէն զատ, 20 վայր­կեան տե­ւո­ղու­թեամբ անգ­լե­րէն լե­զո­ւով ե­լոյթ մը պիտի ունենայ՝ «The history of the Armenian dance» նիւ­թով։

***

Նոյն օ­րո­ւան ե­րե­կո­յեան, Ա­թէն­քի «­Տո­րա Սթ­րա­թու» պատ­մա­կան բա­ցօ­թեայ թատ­րո­նին մէջ, ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Նա­յի­րի» երկ­սեռ պա­րա­խում­բը, ե­լոյթ պիտի ունենայ հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան պա­րա­յին ե­լոյ­թով։

­Տա­րազ­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս Ռե­թիմ­նո­յի մէջ

Կ­րե­տէ կղզիի ­Ռե­թիմ­նօ քա­ղա­քին մէջ՝ ­Մա­յիս 26-27-28ին տե­ղի ու­նե­ցաւ ազ­գե­րու-ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ա­ւան­դա­կան տա­րազ­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս։
­Ցու­ցադ­րու­թեան ըն­թաց­քին, ազ­գագ­րա­կան տա­րազ­նե­րու շար­քին՝ հայ­կա­կա­նը տրա­մադ­րո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քէն, ­Հա­մազ­գա­յի­նի կող­մէ։
­Ռե­թիմ­նո­յի նա­հան­գին մէջ խումբ մը հա­յոր­դի­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած այս ցու­ցադ­րու­թիւ­նը լաւ ա­ռիթ մը ե­ղաւ վե­րա­թար­մաց­նե­լու ան­ցեա­լի կա­պը Կ­րե­տէ կղզիի հա­յու­թեան ու ­Հա­մազ­գա­յի­նի մի­ջեւ՝ ա­պա­գա­յի միու­թե­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր հո­րի­զոն­ներ բա­նա­լով։

Շ­նոր­հա­ւո­րա­կան նա­մակ­ներ

­Հա­մազ­գա­յին ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը շնոր­հա­ւո­րա­կան 3 նա­մակ­ներ ու­ղար­կեց հե­տե­ւեալ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն։
Ա­ռա­ջին եւ երկ­րոր­դը՝ ­Մա­յիս ամ­սո­ւան վեր­ջա­ւո­րու­թեան ­Հա­յաս­տա­նի ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ կազ­մո­ւած նոր կա­ռա­վա­րու­թեան նշա­նա­կում­նե­րու ա­ռի­թով պաշ­տօ­նի կո­չո­ւած սփիւռ­քի նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նը վերս­տանձ­նած տի­կին Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեա­նին եւ մշա­կոյ­թի նա­խա­րար պրն. Ար­մէն Ա­մի­րեա­նին։ Եր­կու­քէն ալ պա­տաս­խան ստա­ցո­ւե­ցաւ։
Եր­րորդ նա­մա­կը շնոր­հա­ւո­րա­կան գիր մըն էր՝ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վան­քին մէջ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ, ի շարս այլ հո­գե­ւոր հայ­րե­րու, վար­դա­պե­տա­կան լան­ջա­խաչ կրե­լու ի­րա­ւուն­քին ար­ժա­նա­ցած ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Սմ­բատ Վրդ. ­Սա­պուն­ճեա­նի։
­Հայր ­Սուր­բը ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Ղա­զա­րոս ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի ընտ­րո­ւած քար­տու­ղա­րի պաշ­տօ­նը ձեռն­հաս հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ ի­րա­գոր­ծող վար­չա­կան մըն է։
­Կը շնոր­հա­ւո­րենք բո­լո­րը։

Հա­մազ­գա­յի­նի ե­րաժշ­տա­նո­ցիսա­նե­րու հա­մեր­գը

­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յին ­Հայ կրթա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան Ե­րաժշտա­նո­ցի տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւն-հա­մեր­գը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Շա­բաթ՝ 17 ­Յու­նիս 2017ի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 2էն 3։30, «­Ֆի­լի­փոս ­Նա­քաս» ե­րաժշ­տա­կան հաս­տա­տու­թեան ­Նէա Զ­միռ­նիի բա­ժան­մուն­քի հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ, ի ներ­կա­յու­թեան ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան, Ե­րաժշ­տա­նո­ցի պա­տաս­խա­նա­տու ընկ. ­Գո­հար ­Չի­մա­նեա­նի, ե­րաժշ­տու­թեան ու­սու­ցիչ­նե­րու, ծնող­նե­րու եւ ե­րաժշ­տա­կան հա­սա­րա­կու­թեան մը։

«Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը 21րդ ­դա­րուն»

Ըն­դա­ռա­ջե­լով Հ.Բ.Ը.Մ.ի հրա­ւէ­րին՝ ­Հա­մազ­գա­յի­նը մաս­նակ­ցե­ցաւ լի­բա­նա­նա­հայ «­Ծա­ղիկ» ազ­գա­յին գրա­կան հան­դէ­սի խմբագ­րա­պետ ­Յա­կոբ ­Տիւ­նեա­յեա­նի Ա­թէն­քի ­Բա­րե­գոր­ծա­կա­նի վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցած դա­սա­խօ­սու­թեան-զրոյ­ցին՝ «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն լե­զո­ւի կի­րա­ռա­կան գոր­ծա­ծու­թեան, պահ­պան­ման եւ սե­րուն­դէ-սե­րունդ տա­րած­ման մի­ջոց­ներ» ընդ­հա­նուր նիւ­թով։ Օ­րո­ւան դա­սա­խօ­սը շեշ­տը դրաւ չորս գլխա­ւոր կէ­տե­րու վրայ՝ 19րդ ­դա­րու կէ­սե­րէն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի կեր­տիչ­նե­րը, ­Զար­թօն­քի ­Սե­րուն­դը, սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թեան կազ­մա­ւոր­ման տա­րի­նե­րը, ա­րեւմտա­հայ գրա­կա­նու­թաեն գան­ձա­րա­նը, բա­ռամ­թեր­քը, ո­րա­կը եւ յատ­կա­նիշ­նե­րը։

***

Գի­տա­պատ­մա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեանց փոր­ձա­գի­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ծի­րէն ներս, յու­նա­հայ­կա­կան գաղ­թա­կա­նա­կան զան­գո­ւած­նե­րու մա­սին՝ դար­ձեալ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, տոք­թո­րա­կան մա­կար­դա­կի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը կ­՚ամ­բող­ջա­նայ փոր­ձա­գէտ-աշ­խա­տա­կից Ա. ­Ռու­սո­ւի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, որ իր լրու­մին կը հաս­նի ­Հո­լան­տա­յի ­Մաասթ­րիխթ հա­մալ­սա­րա­նի MA Arts and Heritage Education and Policy հա­ղոր­դագ­րա­կան բա­ժան­մուն­քէն, կեն­դա­նի վկա­յու­թիւ­նե­րու եւ դա­տում­նե­րու վի­ճա­կագ­րա­կան ո­ճի դրսե­ւոր­մամբ։ ­Յա­ջո­ղու­թիւն եր­կու հա­յա­սի­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ալ։

ՀԱՄԱԶԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ