Ազգ մը ա­ռանց մշա­կոյ­թի ա­պա­գայ չու­նի: Մ­շա­կոյ­թը ժո­ղո­վուրդ­նե­րու զգա­ցո­ղու­թեան կամրջ­ման վայրն է: ­Լաւ եւ ո­րա­կա­ւոր մշա­կոյ­թը բո­լո­րին հա­մար միեւ­նոյն եր­գը կ­՚եր­գէ: Մ­շա­կոյ­թը հա­յե­րուն հա­մար այն­պի­սի կա­րե­ւոր դեր խաղ­ցած է ի­րենց կեան­քին մէջ, որ թե­րեւս հա­յերն ալ բո­լո­րո­վին ա­նոր ամ­բող­ջա­կան դերն ու ար­ժէ­քը հասկ­ցած չեն: Մ­շա­կոյ­թը հա­յուն կը յի­շեց­նէ իր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն վե­րա­դար­ձը:
Հայ մար­դու ար­ժէք­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն վստա­հինք հայ մշա­կոյ­թին:
1928ին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թե­նէն ու­ղիղ տաս­նա­մեակ մը յե­տոյ, ­Գա­հի­րէի մէջ խումբ մը մտա­ւո­րա­կան տի­տան­ներ, ինչ­պէս ­Լեւոն ­Շանթ, ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան, ­Գաս­պար Ի­փէ­կեան եւ ու­րիշ­ներ, հի­մը կը դնէին այս աշ­խար­հա­տա­րած մեծ կազ­մա­կեր­պու­թեան, որ կո­չո­ւած էր ար­տերկ­րի հա­յու­թեան ու­ծաց­նող վտան­գա­ւոր պայ­ման­նե­րուն մէջ մշա­կոյ­թի ճամ­բով պա­հե­լու եւ պահ­պա­նե­լու հայ լե­զուն, գիրն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը, երգն ու նո­ւա­գը, ի­րա­րու յա­ջոր­դող եւ ձու­լու­մի են­թա­կայ ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րը հայ­կա­կան բարձր ար­ժէք­նե­րու ան­դաս­տա­նին մէջ պաշտ­պա­նե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով:
Անց­նող 9 տաս­նա­մեակ­նե­րու դժուա­րին պայ­ման­նե­րուն մէջ, հա­մա­հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան մը տա­րած­քը ստա­ցած այս միու­թիւ­նը, իր տա­քուկ գիր­կին մէջ հա­մախմ­բեց 1915ի ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն տարտղ­նուած հա­յու ջախ­ջա­խո­ւած բե­կոր­նե­րը, եւ դաս­տիա­րա­կեց զա­նոնք պատ­մամ­շա­կու­թա­յին մեր ար­ժէք­նե­րուն տէր կանգ­նե­լու եւ գուր­գու­րա­լու մեր դա­րա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան ար­ժէք­նե­րուն վրայ, հա­ւա­տա­րիմ ու պա­հա­պան մնա­լով հա­յու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի ա­ռա­քե­լու­թեան ու պայ­քա­րի տես­լա­կան­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման:
«­Հա­մազ­գա­յին»ի հիմ­նադ­րու­թեան 90րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, ­Հա­յաս­տա­նի թէ սփիւռ­քի բո­լոր հա­յա­գա­ղութ­նե­րուն մէջ, յո­բե­լի­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­ներ ու տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան, ո­րոնց ըն­թաց­քին վեր առ­նո­ւե­ցան տո­ւեալ միու­թեան դերն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հայ կեան­քի վար­ժա­րա­նա­յին ցան­ցի (­Պէյ­րութ, ­Մար­սէյլ, Ի­սի-լէ ­Մու­լի­նօ եւ ­Սիտ­նի), ե­րի­տա­սարդ հայ նոր սե­րուն­դին հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն ջամ­բե­լու ա­ռա­քե­լու­թեամբ:

***

Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը սկսաւ տե­սե­րի­զի (վի­տէօ) մը ներ­կա­յաց­մամբ, պատ­րաս­տո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, ուր թա­տե­րա­կա­նա­ցո­ւած բե­մադ­րու­թեամբ կը ներ­կա­յա­ցո­ւէր «­Հա­մազ­գա­յին»ի հիմ­նադ­րու­թեան ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը ­Գա­հի­րէի մէջ, խումբ մը մտա­ւո­րա­կան ըն­կեր­նե­րու կող­մէ (­Շանթ, Աղ­բա­լեան, Ի­փէ­կեան, Օ­հան­ջա­նեան, Ս­տե­փան Ե­սա­յեան, ­Մի­նաս ­Խա­չա­տու­րեան, ­Սեդ­րակ ­Պա­լըգ­ճեան, ­Յա­կոբ ­Պա­լըգ­ճեան, ­Սար­գիս ­Մալ­խա­սեան, ե­ւայլն):
Յայ­տագ­րի ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ երկ­րորդ տե­սե­րիզ մըն ալ, որ կ­՚անդ­րա­դառ­նար յատ­կա­պէս ­Յու­նաս­տա­նի «­Հա­մազ­գա­յին»ի հիմ­նադ­րու­թեան ու գոր­ծու­նէու­թեան, հին օ­րե­րէն մին­չեւ մեր օ­րե­րը միու­թեան բազ­մա­մարզ աշ­խու­ժու­թեանց եւ ե­լոյթ­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն:
«­Հա­մազ­գա­յին»ի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւած էին «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ընկ. Մկրտիչ Մկր­տի­չեան, Հ. Յ. Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Քե­րով­բէ Է­քի­զեան, յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. ­Լի­զա Ա­ւա­գեան, Հ. Կ. ­Խա­չի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Լի­զէթ ­Գի­րա­զեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան եւ մաս­նա­ճիւղ­նե­րու վար­չու­թեանց ա­տե­նա­պետ­ներ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը, միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­ներ, Ա­թէն­քի հո­գե­ւոր հո­վիւ Հ­րայր Ա. Քհնյ. ­Նի­կո­լեան:
Հան­դի­սա­վա­րու­թիւ­նը կը կա­տա­րէր «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին նո­րըն­տիր ­Վար­չու­թեան քար­տու­ղա­րու­հի ընկ. Ար­շա­լոյս ­Սափ­րի­չեան:

Օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րին խօս­քը

«­Հա­մազ­գա­յին»ի հիմ­նադ­րու­թեան 90ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան հան­դի­սա­վա­րու­թի­ւը կա­տա­րեց ընկ. Ար­շա­լոյս ­Սափ­րի­չեան: Իր խօս­քին սկիզ­բը խօ­սե­ցաւ այն պայ­ման­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք ծնունդ տո­ւին «­Հա­մազ­գա­յին»ի ստեղծ­ման, ա­նոր հիմ­նա­դիր­նե­րը «նո­ւի­րա­կան խեն­թեր» բնո­րո­շե­լով, այն­պի­սի ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ, երբ «չքա­ւո­րու­թեան մէջ սու­րէն ու հու­րէն վե­րապ­րած գաղ­թա­կա­նու­թիւ­նը, մայր հո­ղէն զրկո­ւած, որ­բա­ցած ազգ մը կեան­քի ու­ղին կը փնտռէր: Ե­թէ հո­ղին մշակ է պէտք, ա­պա ազ­գի մը փրկու­թեան լաս­տը մշա­կոյթն է»:
Ըն­կե­րու­հին մեկ­նա­բա­նեց «մշա­կոյթ» բա­ռին խոր­քը՝ դի­տել տա­լով, որ «հա­ւա­նա­բար շա­տեր «մշա­կոյթ» եզ­րը լսե­լով միայն ա­րո­ւեստ ու գրա­կա­նու­թիւն կը հասկ­նան, սա­կայն մշա­կոյ­թը շա՛տ ա­ւե­լին է: ­Հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րու մտա­յին ու զգա­ցա­կան ա­մէն ձե­ւի դրսե­ւո­րու­մը մշա­կոյթ է: Ա­ւան­դու­թիւն­ներն ու սո­վո­րու­թիւն­նե­րը, հա­ւա­տա­լիք­ներն ու նա­խա­պա­շա­րում­նե­րը, ծէ­սերն ու տօ­նախմ­բու­թեանց ե­ղա­նա­կը, հա­ւա­քա­կան եւ ան­հա­տա­կան իւ­րա­քան­չիւր ար­տա­յայ­տու­թիւն մշա­կոյթ են»:
Օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րու­հին իր խօս­քը փա­կեց՝ ուղ­ղո­ւե­լով ե­րի­տա­սար­դու­թեան.-
«­Սի­րե­լի՛ տղաք, սի­րե­լի՛ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ե­թէ դուք ձեզ ճանչ­ցաք ­Սար­տա­րա­պա­տից, ձե՛րն ու մե՛րն է ազ­գի ու հայ­րե­նի­քի ա­պա­գան ու ա­նոնց ծա­ռա­յո­ղը՝ «­Հա­մազ­գա­յին»ը: Շ­նոր­հա­ւո՛ր սի­րե­լի ըն­կեր­ներ եւ բա­րե­կամ­ներ: ­Ճանչ­նանք մեր ինք­նու­թեան ար­մատ­նե­րը, հա­յեաց­քը յա­ռենք նո­րին ու գե­ղե­ցի­կին ու քա­լենք ձեռք-ձեռ­քի»:

Օ­րո­ւան բա­նա­խօս ընկ. Կի­րա­կոս Մկր­տի­չեա­նի խօս­քը

«­Հա­մազ­գա­յին»ի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան օ­րո­ւան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց՝ ան­ցեա­լին «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տի պաշ­տօ­նը վա­րած ընկ. ­Կի­րա­կոս Մկր­տի­չեան:
Ըն­կե­րը լայ­նօ­րէն անդ­րա­դառ­նա­լով «­Հա­մազ­գա­յին»ի ու ա­նոր ընդ­մէ­ջէն հայ մշա­կոյ­թի տար­բեր գրա­ւա­կան­նե­րու օգ­տա­գործ­մամբ՝ միու­թիւն­նե­րու եւ նոր սե­րուն­դի դաս­տիա­րա­կու­թեան ծա­ռա­յեց­նե­լու նպա­տա­կով ու ա­ռա­քե­լու­թեամբ դե­րին ու տա­րած­ման մա­սին, վեր ա­ռաւ աշ­խար­հա­տա­րած այս միու­թեան հիմ­նու­մէն մին­չեւ օրս ա­նոր ան­փո­խա­րի­նե­լի դե­րա­կա­տա­րու­թեան՝ հայ կեան­քի, վար­ժա­րան­նե­րու, մշա­կոյ­թի, հայ եր­գի ու նո­ւա­գի, պա­րի, թատ­րո­նի, ընդ­հան­րա­պէս ա­րո­ւես­տի բազ­մա­կող­մա­նի դաշ­տե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մով:
Ընկ. բա­նա­խօ­սը խօ­սե­ցաւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի կրթա­կան լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծին մա­սին՝ ­Պէյ­րու­թի «Ն­շան ­Փա­լան­ճեան», ա­պա՝ «­Մե­լանք­թոն եւ ­Հայկ Աս­լա­նեան» ճե­մա­րան­նե­րու, Աւստ­րա­լիոյ, ­Մար­սէյ­լի, ­Փա­րի­զի մէջ բա­ցո­ւած ա­մէ­նօ­րեայ դպրոց­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին՝ տա­րա­զե­լով «­Հա­մազ­գա­յին»ի հիմ­նա­դիր­նե­րէն ­Լե­ւոն ­Շան­թի, ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի եւ, ա­ւե­լի ետք ալ, ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի կրթա­կան տես­լա­կան­նե­րը:
Իր խօս­քի ա­ւար­տին ընկ. Մկր­տի­չեան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ընկ. Մկր­տիչ Մկր­տի­չեա­նի վեր­ջերս «­Հո­րի­զոն» շա­բա­թա­թեր­թի խմբա­գիր ընկ. Մ­հեր ­Գա­րա­գա­շեա­նի շնոր­հած հար­ցազ­րոյ­ցին, ուր մեր ա­տե­նա­պե­տը լայ­նօ­րէն կը պար­զէ «­Հա­մազ­գա­յին»ի կրթա­կան, դպրո­ցա­կան, տպա­րա­նա­յին, հրա­տա­րակ­չա­կան եւ այլ բնա­գա­ւառ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը:
Ըն­կե­րոջ խօս­քը մե­ծա­պէս դաս­տիա­րա­կիչ էր ներ­կա­նե­րուն հա­մար:

Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր

«­Հա­մազ­գա­յին»ի 90ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան հան­դի­սու­թեան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բա­ժի­նը ձե­ւա­ւո­րո­ւե­ցաւ երգ-նո­ւա­գով ու պա­րով:
Ա­ռա­ջին ա­ռի­թով ե­լոյթ ու­նե­ցաւ ­Փա­րի­զէն յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած սոփ­րա­նօ երգ­չու­հի ­Ռո­զին ­Թաշ­ճեան-­Մա­նու­կեան, ո­րուն դաշ­նա­կի վրայ կ­՚ըն­կե­րակ­ցէր վարժ ու ար­հես­տա­վարժ դաշ­նա­կա­հա­րու­հի, ­Հա­յաս­տա­նի ­Վա­նա­ձոր (­Լո­ռի) ծնած եւ վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն Ֆր­ան­սա հաս­տա­տո­ւած ­Կա­րի­նէ ­Պետ­րո­սեան:
Նախ­քան ընկ. ­Թաշ­ճեա­նի ե­լոյ­թը՝ ­Կա­րի­նէ ­Պետ­րո­սեան դաշ­նա­կի վրայ բարձ­րա­գոյն ո­րա­կով մեկ­նա­բա­նեց իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն մէ­կը, որ ինք ա­նո­ւա­նած է՝ «­Յի­շո­ղու­թիւն հայ­րե­նի­քէն»:
Յա­ջոր­դա­բար՝ ­Ռո­զին ­Թաշ­ճեան մեկ­նա­բա­նեց ­Բար­սեղ ­Կա­նա­չեա­նի «Օ­րօր»ը, Ար­մէն ­Տիգ­րա­նեա­նի «Ա­նոյշ» օ­փե­րա­յէն «Ա­սում են ու­ռին» ա­րիան, ­Խա­չա­տուր Ա­ւե­տի­սեա­նի «­Ծաղ­կած բա­լե­նին» եւ «­Տաղ յայտ­նու­թեան»ը, «­Նու­բար» եւ «Ա­տա­նա­յի ող­բը» ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րը, ­Թա­թուլ Ալ­թու­նեա­նի «Ա­լա­գեազ»ը եւ, ա­ւար­տին, հայ­րե­նա­սի­րա­կան մեր եր­գե­րէն «­Զար­թիր լաօ»ն, խան­դա­վա­ռու­թեան ու յու­զու­մի մթնո­լորտ մը ստեղ­ծե­լով սրա­հէն ներս ժո­ղո­վուր­դին մօտ, որ բուռն ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տեց:

Պա­րա­խում­բի ե­լոյթ

Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բաժ­նին մաս կը կազ­մէր նաեւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Յու­նաս­տա­նի տա­րի­քա­յին ե­րեք տար­բեր բա­ժան­մուն­քով պա­րա­խում­բե­րը՝ ի­րենց գե­ղե­ցիկ տա­րազ­նե­րով, ո­րոնք ի­րար յա­ջոր­դող ազ­գա­յին ու ժո­ղովրդա­կան պա­րեր մեկ­նա­բա­նե­ցին՝ խլե­լով հա­մա­գու­մա­րեալ ժո­ղո­վուր­դի խան­դա­վառ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րը:
Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին 3 պա­րա­խում­բե­րը՝ «­Մա­րա­լօ», «­Նա­նոր» եւ «­Նա­յի­րի», բե­մի վրայ ներ­կա­յա­ցան ի­րենց պա­րու­սոյց­նե­րով՝ ընկ. Էտ­կար Է­կեան եւ օգ­նա­կան­ներ ընկ. Ան­նա ­Պօ­ղո­սեան ու ընկ. ­Վի­գի ­Մա­ղա­քեան-Ա­ւա­գեան:
«­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Յու­նաս­տա­նի Շրջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ընկ. ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ յանձ­նե­լու հա­մար յու­շա­տախ­տակ մը պա­րու­սոյց ընկ. Էտ­կար Է­կեա­նին:
Ընկ. ա­տե­նա­պե­տը բա­ցատ­րեց, որ սոյն յու­շա­տախ­տա­կը «­Հա­մազ­գա­յին»ի պա­րա­խում­բե­րուն կը յանձ­նո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ, առ ի գնա­հա­տում «­Հա­մազ­գա­յին»ի 3 տար­բեր պա­րա­յին բա­ժան­մունք­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան 20ա­մեա­կին: Ա­ւե­լին, սփիւռ­քի հե­ռա­ւոր ա­փե­րուն վրայ հայ­կա­կան պա­րի ճամ­բով մեր ազ­գա­յին ու ժո­ղովր­դա­կան մշա­կոյ­թի ժա­ռան­գու­թիւ­նը վառ պա­հե­լու եւ զայն հա­ւատ­քով տա­րա­ծե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան իբ­րեւ վար­ձատ­րու­թիւն:

Յու­շա­տախ­տա­կով պար­գե­ւատ­րո­ւող­ներ

«­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը անց­նող ա­ւե­լի քան 10 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին որ­դեգ­րած է, իր կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կա­յին տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու յայ­տագ­րին ա­ռըն­թեր, իր միու­թեան տար­բեր մար­զե­րուն մէջ հա­ւատ­քով ծա­ռա­յած նո­ւի­րեալ­նե­րուն յու­շա­տախ­տա­կով մը պա­տո­ւե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը՝ միա­ժա­մա­նակ պար­գե­ւատ­րուող­նե­րուն շնոր­հե­լով «պա­տո­ւա­կալ ան­դա­մի» ա­նո­ւա­նում:
Մին­չեւ այ­սօր, տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով պար­գե­ւատ­րո­ւած են մօտ 50 ծա­ռա­յող­ներ եւ շար­քը կ­՚եր­կա­րի:
Յա­ռա­ջի­կայ ­Մար­տին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «­Հա­մազ­գա­յին»ի երգ­չա­խում­բի հրա­պա­րա­կա­յին հա­մեր­գը, ո­րու ըն­թաց­քին պի­տի պար­գե­ւատ­րո­ւին երգ­չա­խումբ­նե­րու մէջ մեծ ա­ւանդ ու ծա­ռա­յու­թիւն ու­նե­ցող ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­ներ:
Արդ, այս տա­րի ըն­կեր­ներ Մկր­տիչ Մկր­տի­չեա­նի, ­Կի­րա­կոս Մկր­տի­չեա­նի եւ ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեա­նի կող­մէ պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցան 8 ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­ներ, ո­րոնց մա­սին օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րու­հին շատ ամ­փոփ կեն­սագ­րու­թիւն մը կը ներ­կա­յաց­նէր՝ իւ­րա­քան­չիւր պար­գե­ւատ­րո­ւո­ղի գոր­ծու­նէու­թեան ու կեան­քին մա­սին:
Այս­պէ՛ս, պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցան ընկ. ­Կա­րօ Ա­ւա­գեան, ընկ. ­Թո­րոս ­Մով­սէ­սեան, ընկ. ­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան, ընկ. Ե­ղիս ­Պաս­մա­ճեան, ընկ. ­Սո­նա Աս­լա­նեան (ա­ռող­ջա­կան պատ­ճառ­նե­րով յու­շա­տախ­տա­կը ստա­ցաւ իր քոյ­րը՝ հա­մազ­գայ­նա­կան ընկ. ­Պեր­ճու­հի Ուն­ճեան), տոքթ. ­Կար­պիս ­Վար­դա­նեան (յու­շա­տախ­տա­կը ստա­ցաւ իր այ­րին՝ հա­մազ­գայ­նա­կան ընկ. Այ­տա ­Վար­դա­նեան), պրն. Ե­ղիա ­Ճա­մու­զեան (յու­շա­տախ­տա­կը ստա­ցաւ իր այ­րին՝ հա­մազ­գայ­նա­կան ըն­կե­րու­հի Իս­կու­հի ­Ճա­մու­զեան), ընկ. ­Փա­ռան­ձեմ ­Չիթ­ճեան (յու­շա­տախ­տա­կը ստա­ցաւ իր զա­ւա­կը՝ ընկ. ­Նո­յե­մի Ե­զէ­կիէ­լեան):
Պար­գե­ւատ­րո­ւող­նե­րը ար­ժա­նա­ցան ժո­ղո­վուր­դին ջերմ ու ան­կեղծ գնա­հա­տան­քին ու շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն:
Պար­գե­ւատ­րու­մի ա­ւար­տին, ընկ. ­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան յե­տա­դարձ ակ­նար­կով պար­զեց 1976ի վկա­յու­թիւն մը, երբ ինք Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տի պաշ­տօ­նը ստանձ­նած էր, «­Հա­մազ­գա­յին»ը կա­ռու­ցա­յին հիմ­նա­դիր ժո­ղով գու­մա­րեց, որ­մէ ետք աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն Ա­թէնք ժա­մա­նած պատ­գա­մա­ւոր­նե­րով կա­յա­ցած ժո­ղո­վին, «­Հա­մազ­գա­յին»ը կը ստա­նար հա­մաշ­խար­հա­յին կա­ռոյ­ցի հան­գա­մանք ու ի­րա­վի­ճակ:

Փակ­ման խօսք

Յու­շա­տախ­տակ­նե­րով հա­մազ­գայ­նա­կան­ներ պար­գե­ւատ­րե­լէ ետք, օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րու­հին հրա­ւի­րեց «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ընկ. Մկր­տիչ Մկր­տի­չեա­նը՝ օ­րո­ւան հան­դի­սու­թիւ­նը պատ­շաճ խօս­քով փա­կե­լու հա­մար:
Ընկ. ա­տե­նա­պե­տը՝ իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տեց «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Յու­նաս­տա­նի վեր­ջին ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­Ժո­ղո­վին կող­մէ քո­ւէար­կո­ւած ու որ­դեգ­րո­ւած բա­նա­ձեւ­նե­րուն ու միու­թե­նա­կան ներ-կազ­մա­կեր­պա­կան ու միա­ժա­մա­նակ միու­թե­նա­կան ար­տա­կազ­մա­կեր­պա­կան հե­ռան­կար­նե­րուն փա­րե­լու եւ մաս­նակ­ցե­լու անհրա­ժեշ­տու­թեան մա­սին, քա­նի այդ­պի­սի գոր­ծու­նէու­թիւն մը կ­՚ընդ­լայ­նէ ու կը հարս­տաց­նէ միու­թեան աշ­խու­ժու­թիւ­նը եւ աշ­խա­տան­քի նոր մար­զեր կը բա­նայ մեր առ­ջեւ:
Խօ­սե­ցաւ նաեւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րա­նա­յին ցան­ցին ու այդ դպրոց­նե­րուն մէջ օ­րըս­տօ­րէ ա­ճող հայ ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւին եւ մեր առ­ջեւ բա­ցո­ւող հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն մա­սին: Ան շեշ­տը դրաւ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան նոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն՝ ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­ւաք­նե­րուն, «Ա­րան ու ­Լա­լան» հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման ե­լեկտ­րո­նա­յին տար­բե­րա­կին, ինչ­պէս նաեւ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին հրա­պա­րակ իջ­նող հա­մա­ցան­ցա­յին մշա­կու­թա­յին հար­թա­կի աշ­խա­տանք­նե­րուն վրայ:
Ընկ. Մկր­տի­չեան շնոր­հա­ւո­րեց նաեւ պար­գե­ւատ­րո­ւող ե­րէց ըն­կեր­ներն ու ըն­կե­րու­հի­նե­րը՝ վեր առ­նե­լով ծա­ռա­յու­թեան ու անձ­նո­ւի­րու­թեան ո­գիի ար­ժէքն ու ի­մաս­տը:

***

«Ա­թի­նա­յի­քօ» հան­դի­սաս­րա­հի մուտ­քին, «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած էր ցու­ցա­հան­դէս մը, ուր կը հան­դի­սադ­րո­ւէին միու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող լու­սան­կար­չա­կան ալ­պոմ­ներ, ա­ֆիշ­ներ, յայ­տա­գիր­ներ, նա­մակ­ներ, պար­գե­ւատ­րում­ներ, շքան­շան­ներ ու յու­շա­տախ­տակ­ներ, նա­մակ­ներ, հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ, «­Հա­մազ­գա­յին»ի պատ­րաս­տու­թեամբ «­Լա­լան ու Ա­րան» հա­յե­րէն խօ­սող պուպ­րիկ­ներ, ե­ւայլն, որ մե­ծա­պէս գրա­ւե­ցին ժո­ղո­վուր­դին հե­տաքրք­րու­թիւ­նը, որ մօ­տե­նա­լով սե­ղան­նե­րուն թղթա­տեց, դի­տեց, կար­դաց, իսկ հի­նե­րը վե­րապ­րե­ցան ան­ցեա­լի յի­շա­տակ­նե­րու ե­րա­նե­լի օ­րեր ու պա­հեր:

«­Հա­մազ­գա­յին»ի թղթա­կից