­Սե­րէ­սի մաս­նա­ճիւ­ղի գա­թա­յի կտրում
եւ նոր վար­չու­թեան ընտ­րու­թիւն

­Յու­նո­ւար 27ին մար­դա­շատ էր «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Սե­րէ­սի «­Պա­րոյր ­Սե­ւակ» մաս­նա­ճիւ­ղին սրա­հը: Ա­մէն տա­րո­ւան սկիզ­բը ա­ւան­դու­թեան կարգ դար­ձած է գա­թա­յի կտրու­մը շրջա­նէն ներս, ինչ որ լաւ ա­ռիթ մը կը դառ­նայ հա­մա­գու­մա­րեալ­նե­րուն հա­մար խան­դա­վա­ռու­թեամբ ու բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ փա­րե­լու միու­թեան, ան­դամ­նե­րուն եւ հա­մայն­քի միաս­նա­կա­նու­թեան ու վե­րել­քին:
­Գա­թա­յի կտրու­մին ա­ռի­թով տեղ­ւոյն վրայ խրա­խու­սիչ խօս­քեր, բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ, շնոր­հա­ւո­րանք­ներ ու շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քեր ունկնդ­րո­ւե­ցան ներ­կա­նե­րուն կող­մէ:
­Գա­թա­յի կտրու­մի ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ռի­թով՝ նա­խորդ վար­չու­թեան կող­մէ հրա­ւի­րո­ւած էր ան­դա­մա­կան ժո­ղով, Ա­թէն­քի մէջ կա­յա­ցած 23րդ ­Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ­Ժո­ղո­վին ա­ռի­թով, ուր զե­կոյց­ներ տրո­ւե­ցան ու ըն­թեր­ցո­ւե­ցան միու­թեան գե­րա­գոյն ժո­ղո­վի ո­րո­շում­ներն ու բա­նա­ձե­ւե­րը:
Օ­րո­ւան հա­ւա­քի ա­ւար­տին ընտ­րո­ւե­ցաւ նոր վար­չու­թիւն՝ յա­ռա­ջի­կայ եր­կա­մեայ նստաշր­ջա­նին հա­մար:
Ընտ­րո­ւած վար­չա­կան կազ­մը ընտ­րեց իր դի­ւա­նը հե­տե­ւեալ ձե­ւով.- ­Վազ­գէն ­Յա­րու­թիւ­նեան — ա­տե­նա­պետ, ­Յաս­միկ ­Հա­լե­վո­րեան — քար­տու­ղար, Ա­նա­հիտ ­Թա­մա­զեան — գան­ձա­պահ, ­Լի­լիկ ­Յա­կո­բեան — խորհր­դա­կան, Գ­րի­գոր Մկրտ­չեան — խորհր­դա­կան, ­Նի­նա ­Յա­րու­թիւ­նեան — խորհր­դա­կան, Ան­նա ­Սարգ­սեան — խորհր­դա­կան։

***
Այս ա­ռի­թով շատ ամ­փոփ կեր­պով կ­՚ար­ձա­գան­գենք «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան վեր­ջին ա­միս­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան.

— «­Հա­մազ­գա­յին»ի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հա­մադ­րե­լու եւ մեր աշ­խա­տանք­նե­րուն զարկ տա­լու նպա­տակով՝ կապ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Հա­յաս­տա­նի գրա­սե­նեա­կի նոր տնօ­րէ­նու­հի ընկ. ­Ռու­զան Ա­ռա­քե­լեա­նին հետ, ա­նոր նշա­նակ­ման ա­ռի­թով՝ ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ ­Ջա­ւախ­քի ծրա­գիր­ներ հա­մադ­րե­լու հե­ռան­կա­րով:

— Ըն­դա­ռա­ջե­լով հրա­ւէ­րի՝ «­Հա­մազ­գա­յին»ը մաս­նակ­ցե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի կող­մէ իր ու­ղե­կից միու­թիւն­նե­րու գա­թա­յի կտրու­մին՝ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի նստա­վայ­րին մէջ:

— ­Նոյն­պէս՝ յու­նա­հայ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած գա­թա­յի կտրու­մին:

— «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ ալ իր միա­ւո­րին, մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն, յանձ­նա­խում­բե­րուն, կա­ռոյց­նե­րուն ու ան­դամ­նե­րուն հա­մար գա­թա­յի կտրում մը տե­ղի ու­նե­ցաւ, ո­րու ըն­թաց­քին 2 ժամ տե­ւող տեղ­ւոյն ինք­նա­բուխ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր մը գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ հա­մազ­գայ­նա­կան ան­դամ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ:

— ­Յու­նո­ւար 28-29ին, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու «Ս. ­Նա­հա­տա­կաց» «­Ֆէ­րա­հեան» երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նը, ինչ­պէս նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի «­Մա­նու­կեան-­Տէ­միր­ճեան» վար­ժա­րա­նը թի­րախ դար­ձան խա­փա­նա­րա­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան մը, երբ վա­րա­ժա­րան­նե­րու մէջ զե­տե­ղո­ւե­ցան թրքա­կան դրօ­շակ­ներ: Այս դա­տա­պար­տե­լի ա­րար­քին ա­ռի­թով գա­ղու­թի միու­թիւն­նե­րու շար­քին՝ ­Յու­նաս­տա­նի «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը իր ձայ­նը միա­ցուց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի զօ­րակ­ցա­կան նա­մա­կին՝ ուղ­ղո­ւած վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նու­թեաց ու ա­շա­կեր­տու­թեան:

— Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ՝ ­Յու­նաս­տա­նի ֆրան­սա­ցի դես­պան Ք­րիս­թոֆ ­Շան­թը­փիի ճամ­բով՝ նա­մակ մը ու­ղար­կո­ւած է Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գահ Է­մա­նո­ւէլ ­Մաք­րո­նին 11 ­Փետ­րո­ւար 2019ին, ­Փա­րի­զի մէջ իր ստանձ­նած յանձ­նա­ռու­թեան հա­մար՝ «24 Ապ­րի­լը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կոչ­ման օր» հռչա­կե­լու ա­ռի­թով: ­Յու­նաս­տա­նի «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ:

— ­Յու­նաս­տա­նի «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը՝ Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­կա­յի օրհ­ներ­գը ­Հա­յաս­տա­նի ­Խորհր­դա­յին ­Սո­ցիա­լիս­տա­կան ­Հան­րա­պե­տու­թեան օրհ­ներ­գով փո­խա­րի­նե­լու հար­ցով՝ Հ.Հ. Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ պրն. Ա­լէն ­Սի­մո­նեա­նի ա­ռա­ջար­կին հիմ­նո­վին ու կտրուկ կեր­պով դէմ ար­տա­յայ­տո­ւած է, նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ միու­թեանս տե­սա­կէ­տը ու­նե­նա­լու ի­մաս­տով ու­ղար­կո­ւած մեկ­նա­բա­նա­կան նա­մա­կին:

— Հ.Հ. դես­պա­նա­տան հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջե­լով՝ մաս­նակ­ցե­ցանք Intercontinental պան­դո­կին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած «­Բա­նա­կի օր»ո­ւան ըն­դու­նե­լու­թեան, մեր շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցե­լով Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեա­նին եւ զի­նո­ւո­րա­կան կցորդ գնդա­պետ Ա­լեք­սանդր Աբ­րա­հա­մեա­նին:

— ­Փետ­րո­ւար ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Սօս-­Վա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այ­ցե­լու­թիւն մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­մե­րի­կա­ցի բե­մադ­րիչ ­Ռի­չարտ ­Քա­լի­նոս­քիի «Հ­րէ­շը լուս­նի վրայ» թատ­րեր­գու­թեան ներ­կա­յաց­ման, թատ­րեր­գու­թեան բե­մադ­րի­չին ու դե­րա­սան­նե­րուն հա­յու­թեան ա­նու­նով ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­ներ ար­տա­յայ­տե­լով:

— ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 20 ­Փետ­րո­ւա­րին Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը՝ հրա­ւէ­րի ըն­դա­ռա­ջե­լով, ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ ­Նէա Զ­միռ­նիի փոխ քա­ղա­քա­պետ պրն. ­Վան­կե­լի ­Խա­չա­տու­րեա­նի հե­ղի­նա­կու­թեամբ հրա­տա­րա­կո­ւած «­Փա­նիո­նիոս» հա­տո­րի շնոր­հան­դէ­սին: Ոտ­նագն­դա­կի այս խում­բը հիմ­նո­ւած է 129 տա­րի ա­ռաջ Իզ­մի­րի մէջ: ­Սոյն խում­բին մէջ ան­ցեա­լին մաս­նակ­ցած են նաեւ տա­ղան­դա­ւոր հայ մար­զիկ­ներ:

— «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ 2018ի ­Յու­նի­սին հրա­տա­րա­կո­ւած «­Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ա­ւանդ­նե­րու հետ­քե­րով» եւ ­Դեկ­տեմ­բեր 2018ին հրա­տա­րա­կո­ւած «­Սի­րա­յին զրոյց Ե­րե­ւա­նին հետ» գիր­քե­րը ըն­դու­նե­լու­թեան ար­ժա­նա­ցած են ­Յու­նաս­տա­նի, ­Հա­յա­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի զա­նա­զան գա­ղութ­նե­րու մէջ:
­Գիր­քին հե­ղի­նակն է ընկ. ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան: Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը կը պատ­րաս­տո­ւի զոյգ գիր­քե­րու հրա­տա­րա­կու­թեան ա­ռի­թով շնոր­հան­դէս մը կազ­մա­կեր­պե­լու:

— «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը՝ գոր­ծակ­ցու­թեամբ Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան, ­Ռո­տո­սի մէջ ձեռ­նարկ մը կը կազ­մա­կեր­պէ «­Հա­մազ­գա­յին»ի տեղ­ւոյն ­Տիգ­րան-Եր­կաթ մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, տեղ­ւոյն որ­բա­նո­ցի ե­րե­խա­նե­րուն հա­մար, ի յի­շա­տակ ­Մեծ Ե­ղեռ­նի հայ ան­մեղ երկ­սեռ ե­րե­խա­նե­րու, ճա­շով ու ո­գե­կո­չա­կան յայ­տագ­րով:

— «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը վեր­ջերս տի­րա­ցաւ յու­նա­հայ սի­րո­ւած ե­րաժշ­տա­գէտ, յօ­րի­նող, «­Հա­մազ­գա­յին»ի երգ­չա­խում­բի եր­կա­րա­մեայ խմբա­վար ­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեա­նի պատ­մա­կան ար­խի­ւին, ա­նոր ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն կող­մէ:
­Նոյն­պէս նո­ւէր ստա­ցաւ, հա­մազ­գայ­նա­կան ընկ. ­Շա­քէ Ա­ճէ­րեա­նի կող­մէ, ա­նոր ա­մուս­նոյն՝ ­Նու­պար Ա­ճէ­րեա­նի անձ­նա­կան գրա­դա­րա­նը, ո­րուն հա­մար հրա­պա­րա­կաւ իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը կը յայտ­նէ:

— ­Վեր­ջա­պէս «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն ներ­կայ կ­՚ըլ­լայ իր ան­դամ­նե­րու մա­հո­ւան յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, մա­հո­ւան քա­ռա­սուն­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու, հան­գու­ցեալ­նե­րու ըն­տա­նե­կան հա­րա­զատ­նե­րու այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու եւ «Ա­զատ Օր»ի մէջ լոյս տես­նող ցա­ւակ­ցա­գիր­նե­րու:

— «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Սօս-­Վա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղը ամ­րան ըն­թաց­քին պի­տի կազ­մա­կեր­պէ 12օ­րեայ շրջապ­տոյտ դէ­պի ­Հա­յաս­տան ու Ար­ցախ: ­Հե­տաքրք­րո­ւող­նե­րը կրնան դի­մել վար­չու­թեան: Զ­բօ­սապ­տոյ­տին ամ­բող­ջա­կան ծրա­գի­րը պատ­րաստ է եւ մօտ ա­տե­նէն պի­տի հրա­տա­րա­կո­ւի «Ա­զատ Օր»ի ու դի­մա­տետ­րի մէջ:

— «­Սօս-­Վա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղը կը նա­խա­պատ­րաս­տո­ւի նաեւ ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ա­կում­բին մէջ նշե­լու հա­յազ­գի երգ­չու­հի ­Մա­րի­քա ­Նի­նո­ւի նո­ւի­րո­ւած ե­րե­կո­յի մը, յա­տուկ յայ­տագ­րով ու նո­ւա­գա­խում­բի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ իր ժա­մա­նա­կին մեկ­նա­բա­նո­ւած եր­գե­րով:

— «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեան» երգ­չա­խում­բը պի­տի մաս­նակ­ցի Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի կող­մէ Ապ­րի­լեան ո­գե­կո­չա­կան քա­ղա­քա­կան ձեռ­նար­կի կեդ­րո­նա­կան ե­լոյ­թի յայ­տագ­րին:

«­Հա­մազ­գա­յին»ի թղթա­կից