Յունաստանի «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ՝ 26 Յունուար 2019ի երեկոյեան ժամը 8ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նոր տարուան միութեան աւանդական գաթայի կտրումը:
Շրջանային Վարչութիւնը այս տարի նպատակայարմար գտած էր՝ համազգայնական ընտանիքի իր կառոյցը մէկ գաթայի կտրումով իրագործելու այս ելոյթը, փոխանակ իւրաքանչիւր միաւոր առանձինն իր անդամներու անցեալի ընդունուած սովորութեան, այս ձեւով առիթ ստեղծելով միութենական տարբեր մարզերուն անդամակցող ընկեր-ընկերուհիներու միջեւ ծանօթութիւններ սերտացնելու եւ տարբեր սերունդներու միջեւ միութիւնը շահագրգռող ընդհանուր ու միութենական ազգային հարցերու շուրջ զեկոյցներ լսելու եւ համընդհանուր ծրագիրներու շուրջ տեղեկութիւններ փոխանակելու համար:
Այսպէս, սոյն ելոյթին ներկայ եղան Շրջանային Վարչութիւնը, Ատիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղը, Պարի Միաւորի Վարչութիւնը, պարուսոյցները, «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբը իր խմբավարով, «Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբը, ինչպէս նաեւ «Համազգային»ի կազմակերպած հայերէնի դասընթացքներու երկրորդ տարին ըլլալով մասնակցող հայ եւ յոյն աշակերտներ:
Գեղեցիկ մթնոլորտի մէջ երեկոյթին բացումը կատարեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետը, որ բարի գալուստ մաղթեց գաթայի կտրումին ներկայ եղող եւ իրենց ներկայութեամբ ձեռնարկը պատուող Արժանթինի Հ. Յ. Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ հիւրաբար Աթէնք գտնուող ընկ. Ճանիկ Քէչեանին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեանին, Հ.Յ.Դ. Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէի եւ ակումբի յանձնախումբի ընկերներ Յովսէփ Թութուշեանին եւ Գարլօ Ճէնապեանին:
Ապա՝ զեկուցեց Նոյեմբեր 2018ին գումարուած միութեան 23րդ Ներկայացուցչական ժողովի աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ երկամեայ նստաշրջանին համար ընտրուած Շրջանային նոր Վարչութեան ծրագրային աշխատանքներուն մասին: Անդրադարձաւ «Համազգային»ի հիմնադրութեան 90ամեակի հրապարակային տօնակատարութեան եւ 8 վեթերան անդամներու յուշատախտակով պարգեւատրումին, իբրեւ երախտագիտութիւն միութեանս անցեալի իրենց մատուցումին:
Յատկանշականօրէն նշեց Աթէնքի քաղաքապետութեան եւ «Փուշկին» մշակութային միութեան գործակցութեամբ Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած հայ թէ օտար գիրքերու ցուցահանդէսը, Աթէնքի քաղաքապետարանի «Մելինա Մերքուրի» ընդարձակ ցուցասրահին մէջ: Ցուցահանդէսը բացառաբար ճոխացած էր պրն. Յակոբ Ճէլալեանի վերջին 400 տարուան արժէքով 60 կրավիւրներով, ինչ որ յատուկ փայլ մը տուաւ տպաւորիչ այս ցուցահանդէսին: Խօսեցաւ նաեւ «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ հրատարակուած ընկ. Յովսէփ Պարազեանի «Սիրային զրոյց Երեւանին հետ» հրատարակութեան մասին:
Յաւելեալ՝ լուսաբանութիւն տուաւ միութեան պատրաստած «Համազգային»ի կանոնագրին մասին, որ մօտիկ ապագային տպագրութեան պիտի յանձնուի ու տրամադրուի միութեան բոլոր անդամներուն, զայն իբրեւ միութենական կողմնացոյց օգտագործելու համար կազմակերպական, վարչական եւ տարբեր բնագաւառներու վերաբերող մարզերու աշխատանքներու կապակցութեամբ:
Վերջին բաժնով անդրադարձաւ անցեալ Ներկայացուցչական Ժողովին կողմէ քուէարկուած 16 բանաձեւերուն, որոնց մասին տարբեր ժողովներու առիթով՝ խումբերը, միաւորը եւ զանազան յանձնախումբերը առիթ պիտի ունենան առանձին քննելու, քննարկելու եւ գործադրելու գերագոյն մեր ժողովին որոշումները:
Աւարտին՝ խօսեցաւ երկրորդ տարին ըլլալով շարունակուող հայերէն լեզուի դասընթացքներուն մասին: Աւելցուց, թէ այս տարի պիտի ձեռնարկուին նաեւ հայերէնի մէջ գիտելիքներով յառաջացած եւ տարբեր նիւթեր ընդգրկող երկրորդ խումբին դասերուն, իսկ ապագային համար պիտի ձեռնարկուին երրորդ մակարդակի դասերու՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի լեզուի եւ պատմութեան ամպիոնի մասնագէտներու գործակցութեամբ:
Ապա՝ խօսքը փոխանցուեցաւ Ատիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ ընկ. Ժագ Տամատեանին, որ խօսեցաւ Ներկայացուցչական Ժողովէն ետք ձեռնարկուած նոր վարչութեան ընտրութեան, Պատգամաւորական Ժողովին կողմէ քուէարկուած բանաձեւերուն, միութեան ցանկերու զտման ու բիւրեղացման աշխատանքին, Դեկտեմբերին հրապարակաւ տօնակատարուած Երեւանի հիմնադրութեան 2800ամեակի յաջող ձեռնարկին, միութեան գաթայի կտրումին, «Սօս-Վանի»ի Վարչութեան եւ Պարի Միաւորի «Աւետիս»ի շրջագայութեան մասնակցութեան, հայկական բովանդակութեամբ յունական թատերական խումբի մը կողմէ «Հրէշը լուսնի վրայ» ներկայացման այցելութեան եւ հայազգի մեծ երգչուհի Մարիքա Նինուի նուիրուած ապագայի գեղարուեստական երեկոյի մը:
Աւարտին՝ ընկերը զեկուցեց Օգոստոսի սկիզբին դէպի Հայաստան ու Արցախ «Սօս-Վանի»ի Վարչութեան կողմէ կազմակերպուող 12օրեայ սքանչելի շրջապտոյտի մը մասին, որուն յայտարարութիւններն ու մանրամասնութիւնները պիտի հրատարակուին յաջորդիւ:
Յարգանքի ոգեկոչում
Միութենական զեկոյցներէն ետք, Շրջանային Վարչութեան ատենապետը ժողովականները հրաւիրեց վայրկեանի մը յոտնկայս լռութեամբ յարգելու համար յիշատակը՝
— Նորոգ հանգուցեալ վեթերան համազգայնական Օննիկ Շանկայեանին, որ երկար տարիներու հարուստ ներդրում ունեցած է միութեան երգչախումբին ու թատերախումբին իր մասնակցութեամբ:
— Ծագումով հայ ֆրանսահայ յօրինող ու երաժիշտ Միշէլ Լըկրանի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման 100ամեակին առիթով անցեալ տարի հրաւիրուեցաւ նաեւ Հայաստան, ուր ելոյթ ունեցաւ ու պարգեւատրուեցաւ:
Միշէլ Լըկրան (Տէր-Միքայէլեան) մօտ 200 ժապաւէններու երաժշտութիւնը յօրինած է՝ արժանանալով օսքարներու եւ միջազգային այլ շքանշաններու եւ պարգեւներու:
— Շարլ Ազնաւուրին, որ անցեալ տարի հեռացաւ այս կեանքէն՝ անփոխարինելի բաց մը ստեղծելով միջազգային մակարդակով իր անզուգական երգերով, երաժշտութեամբ ու յօրինումներով:
Գաթայի կտրում
Նոր տարուան գաթաները կտրելու հրաւիրուեցան «Համազգային»ի վեթերան երկու ընկերուհիներ՝ Մարի Հաճեան եւ Մարի Տէտէեան:
Երկու ընկերուհիները, գաթան կտրելէ ետք, առիթ ունեցան կարօտով յիշելու տասնամեակներ առաջ «Համազգային»ի երգչախումբին ու թատերախումբին իրենց մասնակցութիւնը, եւ կոչ ուղղեցին աւելի երիտասարդ սերունդին՝ նուիրումով ու պարտաճանաչութեամբ տէր կանգնելու հայկական աւանդութիւններուն, արժէքներուն ու «Համազգային»ի մշակութային գանձերուն:
Գաթաները պատրաստուած էին վարչական անդամ ընկ. Լիլիթ Արզումանեանի կողմէ:
Օրուան բախտաւորը՝ ընկ. Երջանիկ Սոլաքեան տիրացաւ «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութեան հրատարակութիւն՝ «Սիրային զրոյց Երեւանին հետ» նորոգ հրատարակուած գիրքին:
Ողջոյնի իր խօսքը ուղղելու հրաւիրուեցաւ՝ «Համազգային»ի հայերէնի դասընթացքներուն մասնակցող յոյն եպիսկոպոս մը՝ Տէր Վիսարիոն, որ իր մեծ ուրախութիւնն ու խանդավառութիւնը յայտնեց «Համազգային»ի հայերէն լեզուի կազմակերպած դասընթացքներուն ու հայկական մշակութային ժառանգութեան արժէքներուն մակարդակին համար, փափաք արտայայտելով առիթ ստեղծելու՝ Հայաստան ալ այցելելու եւ մօտէն ծանօթանալու իր այսքան լսած ու կարդացած Հայաստանի քաղաքակրթութեան, հնագիտական վայրերու եւ բարձրարժէք բովանդակութեամբ թանգարաններու մասին:
Գեղարուեստական բաժին
Զարմանալի պիտի ըլլար, եթէ մշակոյթի ծառայող միութիւն մը, թէկուզ մասամբ, անպատրաստից ու ինքնաբուխ, տեղւոյն վրայ պատրաստուած գեղարուեստական բաժին մը չունենար իր օրուան յայտագրին մէջ ներառուած:
Այսպէս, օրուան սեղանապետը՝ ընկ. Ժագ Տամատեան առաջին առիթով հրաւիրեց «Սօս-Վանի»ի նորընտիր վարչական անդամ ընկ. Հռիփսիմէ Կարապետեանին, որ «Նռենի» անուամբ ժողովրդային երաժշտութեան վրայ հայկական տարազով բեմին վրայ շատ գեղեցիկ արտայայտչականութեամբ մենապար մը կատարեց:
Ընկ. Արմիկ Պարազեան երկու երգեր մեկնաբանեց՝ Գուսան Շահէնի «Զեփիւռի նման»ը եւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Մահմուր աղջիկ»ը, հայ տաղանդաւոր բանաստեղծուհիի ծննդեան 100ամեակին առիթով:
Ընկ. Լիլիթ Արզումանեան սկիզբը ասմունքեց «Իմ հարազատ Երեւանը», ապա՝ երգեց «Պարտէզում վարդ է բացուել» ժողովրդային երգը:
Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ «Համազգային»ի Պարի Միաւորի վերընտրուած վարչութեան ատենապետ ընկ. Անդրանիկ Շահպազեանին, որ ներկայացուց պարախումբի երեք խումբերուն՝ «Նայիրի», «Նանոր» եւ «Մարալօ»ի գործունէութիւնը եւ ծանրացաւ այս տարուան աւարտին ներկայացուելիք տարեկան պարախումբի համերգին վրայ՝ նոր պարերով, նոր տարազներով ու բազմաթիւ անակնկալներով, ինչպէս նաեւ Շաբաթ՝ 16 Մարտին «Զաւարեան»ի մէջ կազմակերպուելիք ճաշկերոյթին, որուն նպատակն է հասոյթ ապահովել պարախումբի նոր տարազներու գնման պահանջքով:
Ապա՝ հրաւիրուեցաւ արհեստավարժ երաժիշտ ու տաղանդաւոր տուտուկահար պրն. Տիգրան Սարգսեան, որ իր ծիրանափողով նուագեց «Ծիծեռնակ»ը, «Հորովել»ը, «Սարերի վրով մեռնեմ»ը, «Քելէ Լաօ»ն իսկ աւարտին ալ հայրենասիրական բովանդակութեամբ ասմունք մը կատարեց: Խօսք տրուեցաւ նաեւ «Համազգային»ի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի սիրուած խմբավար ընկ. Մկրտիչ Գրիգորեանին, որ մեծ խանդավառութեամբ պարզեց ամիսներէ ի վեր կատարուող երգչախումբի փորձերը՝ իրագործելու համար ընթացիկ տարուան Մայիս 10ին ծրագրուած երգչախումբի տարեկան համերգը, հայ եւ յոյն գեղարուեստասէր հասարակութեան առջեւ, հայ եւ օտար եւ առաջին անգամ լսուելու կոչուած հարուստ երգացանկով:
Երաժշտանոցի պատասխանատու ընկ. Գոհար Չիմանեան դաշնակի վրայ նուագեց «Բարի արագիլ»ը, «Ծիծեռնակ»ը եւ այլ երգեր՝ ընկերացութեամբ ներկայ եղող երգչախումբի անդամ-անդամուհիներուն, ինչպէս նաեւ տուտուկահար Տիգրան Սարգսեանի:
Դարձեալ դաշնակի վրայ արհեստավարժ երաժիշտ-յօրինող-դաշնակահար Ստեփան Թէքիրեան նուագեց ու ֆրանսերէն երգեց Շարլ Ազնաւուրի «Hier encore»ը, նուիրուած հայազգի մեծ երգիչի յիշատակին: Նուագեց նաեւ հայկական ժողովրդային այլ երգեր՝ խանդավառութեան ու յուզումի մթնոլորտ մը ստեղծելով:
Դաշնակի վրայ երկու կտոր նուագեց նաեւ մեր երգչախումբին մասնակցող Յունաստան հաստատուած ուքրանացի տիկին մը՝ Սվեթլանա Օսիփովա՝ թիւ մէկ եւ թիւ երկու «Գարնանային վալս»երով:
Օրուան սեղանապետի բարի մաղթանքներով վերջ գտաւ գաթայի կտրումն ու ընկերացող գեղարուեստական յայտագիրը:
Եւ այսպէս «Համազգային»ը, որպէս թիրախներ ու հեռանկարներ ունեցող միութիւն, անվհատ կերպով կը շարունակէ իր ազգային ու մշակութային գործունէութիւնը, որովհետեւ «Համազգային»ն ու համազգայնականը առանց մշակոյթի ու հայկական արժէքներու մարտահրաւէրներուն ու ակնկալութիւններուն չեն կրնար ապրիլ:
«Համազգային»ը միշտ երիտասարդ պիտի մնայ, որպէսզի ապրի նաեւ մեր ապագան:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ