Յունաստանի «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի ընդհանուր անդամական ժողովը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի՝ 7 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թ. եւ Ռ. Աւետիքեան» սրահէն ներս, ի ներկայութեան միութեան Շրջանային Վարչութեան լրիւ կազմին, «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի անցեալի եւ այժմու խմբավարներ Հրայր Ա. Քհնյ. Նիկոլեանի եւ ընկ. Մկրտիչ Գրիգորեանի, ինչպէս նաեւ միութեան հին եւ նոր անդամներու:
Ժողովին բացումը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան անունով իր ատենապետ ընկ. Ժագ Տամատեան, որ ժողովականներուն գրաւոր տպագրեալ ներկայացուց օրուան օրակարգը, անհրաժեշտ բացատրութիւններ տալով օրուան ժողովի աշխատանքներու ընթացքին մասին:
Այնուհետեւ, ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն ձեռնարկելով՝ ժողովը նախագահ ընտրեց ընկ. Հրաչ Արզումանեանը եւ քարտուղար ընկ. Ռոզիկ Գասպարեանը, ինչպէս նաեւ բանաձեւի յանձնախումբ՝ ընկերներ Յովսէփ Պարազեան, Մարիա Տամատեան եւ Հռիփսիմէ Կարապետեան:
Վարչութեան երկամեայ գործունէութեան 2016-2018 տեղեկագիրը ներկայացուց ընկ. Արմիկ Պարազեան, իսկ հաշուեկշիռը՝ վարչութեան գանձապահ ընկ. Գէորգ Կիւլիւմեան: Տեղեկագիրը ներկայացուեցաւ ելեկտրոնիկ պաստառի վրայ: Անմիջապէս յետոյ կարդացուեցաւ նախորդ Ներկայացուցչական Ժողովին կողմէ ընտրուած հաշուեքննիչ յանձնախումբին քննչական զեկոյցը սոյն հաշուեկշիռին կապակցութեամբ, հաստատելով անոր ճշդութիւնն ու կանոնաւորութիւնը:
Վարչութեան հարցումներ ուղղուեցան զոյգ տեղեկագիրներու կապակցութեամբ, որոնց համապատասխանաբար տրուեցան լուսաբանական բացատրութիւններ:
Ապա՝ ընկ. Լիլիթ Արզումանեան եւ ընկ. Վերժին Կարապետեան ընթերցեցին «Համազգային»ի 10րդ Պատգամաւորական Ժողովի բանաձեւները:
Ինչպէս ծանօթ է, Պատգամաւորական Ժողովը գումարուած էր՝ ընթացիկ Մայիս-Յունիս ամսուան ընթացքին Երեւանի մէջ, ուր Յունաստանի շրջանը մասնակցած էր երկու պատգամաւորներով: Սոյն ժողովէն ընտրուած էր յառաջիկայ քառամեակին համար միութեան նոր Կեդրոնական Վարչութիւնը:
Հայաստանի ժողովին մասնակից պատգամաւորները անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուին ժողովականներուն՝ կարդացուած բանաձեւներուն կապակցութեամբ:
Ժողովը շարունակելով իր աշխատանքը անցաւ յաջորդ օրակարգին, որն էր Կիրակի՝ 18 Նոյեմբեր 2018ին, Ֆիքսի ակումբին մէջ գումարուելիք «Համազգային»ի 23րդ Ներկայացուցչական Ժողովի առաջարկներուն, որոնք բանաձեւուեցան ու վաւերացուեցան ժողովին կողմէ: Բանաձեւները կը վերաբերին միութեան Շրջանային Վարչութեան կողմէ, անցեալին նման, մանկական երգչախումբը վերակազմելու նախաձեռնութեան, հայախօսութեան, հայ գրականութեան, կրթադաստիարակչական ծրագիրներու, հայկական նիւթով տեսերիզներու (վիտէօ) տարածման, մանկական դաստիարակութեան՝ հայեցի միջոցներու օգտագործումով, եւայլն:
Ժողովի աւարտէն առաջ տեղի ունեցաւ պատգամաւորներու ընտրութիւն: Ընտրուեցան՝ 8 ընկերներ՝ Գէորգ Կիւլիւմեան, Հրաչ Արզումանեան, Արմիկ Պարազեան, Քարոլին Թութուշեան, Գայիանէ Մալխասեան, Լիլիթ Արզումանեան, Սեւան Մանոյեան, Լուիզա Պօղոսեան: Վարչութեան ձայնը պիտի ներկայացնէ ատենապետ ընկ. Ժագ Տամատեան:
«Յառաջ, նահատակ»ով փակուեցաւ ժողովը:
Օրուան ճոխ հիւրասիրութիւնը հոգացած էր վարչութիւնը:
Պարի Միաւորի ընդհանուր ժողովը
«Համազգային»ի Պարի միաւորը նոյնպէս ունեցաւ իր ընդհանուր ժողովը Գոքինիոյ «Զաւարեան» Կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահէն ներս, Երկուշաբթի՝ 5 Նոյեմբերի երեկոյեան՝ պարախումբի պարուսոյցի, օգնականներու, պարողներու եւ միաւորի անդամներու մասնակցութեամբ:
Միաւորի անցնող երկամեակի տեղեկագիրը կարդաց ընկ. Աննա Պօղոսեան, իսկ հաշուեկշիռը՝ ընկ. Դանիա Էլմասեան:
Հաշուեքննիչ յանձնախումբին կողմէ զեկուցագիրը կարդաց ընկ. Սոֆիա Միքայէլեան, որ հաստատեց անոր ճշդութիւնն ու կանոնաւորութիւնը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ պատգամաւորներու ընտրութիւնը:
Ընտրուեցան՝ ընկ. Անասթասիա Գույումճեան, Սոֆիա Միքայէլեան, Աննա Պօղոսեան, Ռոզինա Մարտիրոսեան, Մարի Տանկուրեան եւ Արմէն Միխայիլիտիս:
Միաւորի վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Անդրանիկ Շահպազեան:
ԹՂԹԱԿԻՑ