­Կի­րա­կի՝ 11 ­Յու­նիս 2017ին, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «Թ. եւ Ռ. Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յին ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած միօ­րեայ 21րդ ­ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղո­վը։
­Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը, ­Հա­մազ­գա­յի­նի միու­թե­նա­կան բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը՝ մաս­նա­ճիւ­ղեր, պա­րի միա­ւո­րը, ե­րաժշ­տա­նո­ցը, «­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեան» երգ­չա­խում­բի, «Ար­շա­ւիր ­Գա­զան­ճեան» թա­տե­րա­խում­բի, լու­սան­կար­չա­կան բա­ժան­մուն­քի վար­չու­թիւն­նե­րը, կա­նո­նագ­րա­յին-հրա­տա­րակ­չա­կան, հա­շո­ւեքն­նիչ, դի­մա­տետ­րի յանձ­նա­խումբ­նե­րը, յա­ւե­լեալ՝ բո­լոր փա­փա­քող հա­մազ­գայ­նա­կան­նե­րը։
­Ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ ­Մաս­նակ­ցող­նե­րու ընդ­հա­նուր թի­ւը կը հաս­նէր 30ի։
­Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղո­վի դի­ւան ընտ­րո­ւե­ցան նա­խա­գահ՝ ընկ. Անդ­րա­նիկ ­Շահ­պա­զեան, եւ քար­տու­ղա­րու­հի՝ ընկ. ­Լի­լիթ Ար­զու­մա­նեան։
­Բո­լոր կա­ռոյց­նե­րուն խօսք տրո­ւե­ցաւ ամ­փոփ կեր­պով ներ­կա­յաց­նե­լու ի­րենց մին­չայժ­մու՝ մօտ կէս տա­րո­ւան գոր­ծու­նէու­թեան ու ա­պա­գայ ծրագ­րում­նե­րու մա­սին։
­Ներ­կա­յու­թեան ստու­գու­մէն ետք, ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հը խօս­քը փո­խան­ցեց ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տին՝ միու­թե­նա­կան կարգ մը զե­կոյց­ներ ու յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու հա­մար միու­թեան յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիր­նե­րուն ու գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Ա­պա՝ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տրո­ւե­ցան ­Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին, աշ­խա­տան­քի ձե­ւին եւ օ­րո­ւան գլխա­ւոր աշ­խա­տան­քը հան­դի­սա­ցող ծրա­գիր-կա­նո­նագ­րի ու ժո­ղո­վա­վա­րա­կան կա­նոն­նե­րու յա­ջոր­դա­կան աշ­խա­տան­քի հանգ­րո­ւան­նե­րուն մա­սին, ո­րու ա­ւար­տին, սոյն կա­նո­նա­գիր­նե­րը պի­տի յղո­ւին ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան՝ առ ի վա­ւե­րա­ցում, որ­մէ ետք ալ ա­նոնք ան­ջա­տա­բար պի­տի տպագ­րո­ւին գրքոյ­կով եւ պի­տի տրա­մադ­րո­ւին բո­լոր մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ան­դամ­նե­րուն ու փա­փա­քող­նե­րուն։
Այս­պէս, ա­ռա­ւօ­տեան նիս­տին կար­դա­ցո­ւե­ցաւ ծրա­գիր-կա­նո­նա­գի­րի նա­խա­գի­ծը, բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տրո­ւե­ցան գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հար­ցա­կան­նե­րու շուրջ, որ­մէ յե­տոյ ժո­ղո­վա­կան­նե­րը կա­տա­րե­ցին ի­րենց թե­լադ­րանք­նե­րը, ա­ռա­ջարկ­նե­րը եւ պար­զե­ցին ի­րենց տե­սա­կէտ­նե­րը, ո­րոնք ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցան Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան եւ ա­նոր յա­ռա­ջա­ցու­ցած կա­նո­նագ­րա­յին-հրա­տա­րակ­չա­կան յանձ­նա­խում­բին կող­մէ՝ տո­ւեալ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լու հա­մար։ ­Յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ նաեւ, թէ կա­նո­նա­գիր­նե­րու աշ­խա­տան­քը բաց կը մնայ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րուն ալ, յա­ւե­լեալ հնա­րա­ւո­րու­թիւն տա­լով մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն ի­րենց ա­ռա­ջարկ­նե­րը ամ­բող­ջաց­նե­լու հա­մար, կա­նո­նա­գիր­նե­րը ի­րենց վերջ­նա­կան ձե­ւին հասց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով։
Այս աշ­խա­տան­քի ա­ւար­տին, կար­դա­ցո­ւե­ցաւ նաեւ CID (Counsil International Dance)-­Պա­րի ­Մի­ջազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի հա­յե­րէն նոր կա­նո­նագ­րու­թիւ­նը պատ­րաս­տո­ւած ­Հա­մազ­գա­յի­նի կող­մէ, որ ուղ­ղա­կիօ­րէն կ’որ­դեգ­րո­ւի UNESCOի պա­րի հա­մաշ­խար­հա­յին հաս­տա­տու­թեան կող­մէ։ (­Տես «Ա­զատ Օր»ի մէջ լոյս տե­սած պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը՝ Ուր­բաթ-­Շա­բաթ 8-9 ­Յու­նիս 2017ի թի­ւին մէջ)։
­Ճա­շի դա­դա­րէն ա­ռաջ, ա­նակն­կալ հե­ռա­ձայ­նով մը ժո­ղո­վա­կան­նե­րը տե­ղե­կա­ցան ­Հա­մազ­գա­յի­նի նախ­կին վար­չա­կան, երգ­չա­խում­բի եւ թա­տե­րա­խում­բի ան­դամ՝ ընկ. ­Մալ­խաս ­Մալ­խա­սեա­նի մա­հո­ւան գոյ­ժը։ ­Նո­րոգ հան­գու­ցեալ ըն­կե­րոջ թարմ յի­շա­տա­կը յար­գո­ւե­ցաւ ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն կող­մէ վայր­կեա­նի մը յոտն­կայս լռու­թեամբ։

***
­Յետ­մի­ջօ­րեայ նիս­տին, սկսո­ւած աշ­խա­տան­քը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ­Ժո­ղո­վա­վա­րա­կան կա­նոն­նե­րու վե­րա­բե­րող յօ­դո­ւած­նե­րու ըն­թերց­մամբ ու քննարկ­մամբ։ ­Հոս եւս ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րո­ւե­ցան ա­ռա­ջարկ­ներ, թե­լադ­րանք­ներ ու անհ­րա­ժեշտ լրա­ցում­ներ։
­Ժո­ղո­վը իր ա­ւար­տին հաս­նե­լէ ա­ռաջ, վեր­ջին օ­րա­կար­գը կ’ընդգր­կէր յու­նա­կան կա­նո­նա­գի­րը, որ ա­ռա­ւե­լա­բար կը նա­խա­տե­սէ օ­րի­նա­կան ու ի­րա­ւա­կան այն­պի­սի յօ­դո­ւած­ներ, ո­րոնք ուղ­ղա­կի առն­չո­ւած են հա­մազ­գայ­նա­կան միու­թե­նա­կան կա­ռոյ­ցի հե­զա­սահ գոր­ծու­նէու­թեան հետ՝ մարզ­պե­տա­րան­նե­րու, քա­ղա­քա­պե­տու­թիւն­նե­րու, հար­կա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, պե­տա­կան սպա­սար­կու­թիւն­նե­րու, դրա­մա­տու­նե­րու, կտակ­նե­րու-ժա­ռանգ­նե­րու, միու­թե­նա­կան նիւ­թա­կան գոր­ծառ­նու­թիւն­նե­րու, ­Հա­յաս­տա­նի ու սփիւռ­քեան կա­ռոյց­նե­րու հետ ուղ­ղա­կիօ­րէն յա­րա­բե­րո­ւե­լու բազ­մաբ­նոյթ կա­րե­լիու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լով։
­Ներ­կա­նե­րը գո­հու­նա­կու­թիւն ար­տա­յայ­տե­ցին կա­տա­րո­ւած ընդ­հա­նուր ու ամ­բող­ջա­կան աշ­խա­տան­քին կա­պակ­ցու­թեամբ։
Օ­րո­ւան ժո­ղո­վա­կան ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցի նա­խա­տե­սու­թեամբ վերջ գտաւ երկ­րորդ նիստն ալ, ազ­գա­յին քայ­լեր­գի յոտն­կայս եր­գե­ցո­ղու­թեամբ։

***
­Նիս­տի փա­կու­մէն ետք, Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը ա­ռան­ձին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ ո­րոշ կա­ռոյց­նե­րու հետ, լու­ծե­լու հա­մար դի­մագ­րա­ւո­ւող կազ­մա­կեր­պա­կան ու յա­րա­կից դժո­ւա­րու­թիւն­ներ ու մղում տա­լով միու­թե­նա­կան յա­ռա­ջի­կայ ծրագ­րում­նե­րու։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ