Յունաստանի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Պարի Միաւորի վարչութիւնը ճաշկերոյթ-խնճոյք մը կազմակերպեց Կիրակի՝ 3 Դեկտեմբեր 2017ի երեկոյեան ժամը 7։30ին, Գոքիիոյ «Զաւարեան» Կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահներէն ներս։ Օրուան խնճոյքը տեւեց մինչեւ գիշերուան 12ը անց։
Ճաշկերոյթին նպատակն էր հասոյթ ապահովել ու զայն ամբողջութեամբ տրամադրել Համազգայինի «Նայիրի», «Նանօր» եւ «Մարալօ» պարախումբերու ապագայ ծրագիրներուն եւ գործունէութեան նպատականերու յաջողութեան, ի մասնաւորի նոր տարազի մը պատրաստութեան, որ առաջին անգամ ըլլալով պիտի հանդիսադրուի 2018 թուականին, Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի կեդրոնական հրապարակային հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունենալիք ելոյթին, ուր մեր պարախումբի տղաքն ու աղջիկները յատուկ պարով պիտի պանծացնեն հայոց պատմութեան յաջորդական ժամանակաշրջաններու ամէնէն յատկանշական ու անկիւնադարձային տարեթեւը՝ 28 Մայիս 1918ն, որ մեր պատմութեան ժամանակագրութեան մէջ առաջին անգամ ստեղծեց ազատ ու անկախ հանրապետութեամբ պետականութիւն։
Մեր պարախումբը կը գործէ իր պարային անցեալի ու ներկայի աւանդութիւններով եւ անոնցմով կ’ապրի ու կը գոյատեւէ, քանի հայկական պարը, ինչպէս հայկական երգն ու երաժշտութիւնը ինքնըստինքեան առանձին արժէք է, որ ազգային իւրայատկութիւններով կը սնուցանէ մեր նոր սերունդին աշխուժութիւնները։
Կը հաւատանք նաեւ, որ հայկական գեղարուեստը ընդհանրապէս եւ հայկական պարը առանձնապէս կը խթանեն նոր սերունդի ազգային կերպարն ու նկարագիրը եւ տարբեր մակարդակի կրթութիւն, դաստիարակութիւն կ’աւանդեն՝ նոր մարդոց ոգեւորութիւն եւ ներշնչում տալով։
Մենք մեր երիտասարդներուն հանդէպ վստահութիւն ունինք եւ երբեք ճիգ պիտի չխանայենք պարի զգացական արժէքներով շարունակելու մեզի վստահուած գործը։
***
Պարի միաւորի ճաշկերոյթ-խնճոյքին ներկայ եղան Համազգայինի եւ Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւնները, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան, պարողներ, ծնողներ, պարախումբի համակիրներ եւ անշուշտ մեր պարուսոյցը՝ ընկ. Էտկար Եղեան, իր օգնականներով։
Օրուան գեղարուեստական յայտագրին հայերէն եւ յունարէն երգերով հանդէս եկան ու խանդավառեցին ներկաները՝ Վահան Քէօսէյեան, Յովսէփ Թոփալեան եւ յոյն նուագող ու երգչուհի մը։
Խանդավառութիւնը չափազանց մեծ էր եւ պարի բեմին վրայ տասնեակներով ամէն տարիքի մարդիկ, բայց մանաւանդ երիտասարդներ ժամերով պարեցին ու զուարճացան հաճելի մթնոլորտի մը մէջ։
Օրուան ճաշատեսակը շատ ճոխ եւ իւրայատուկ էր, պատրաստուած՝ ուղղակի միաւորի անդամներուն կողմէ։
Միաւորի ատենապետ ընկ. Անդրանիկ Շահպազեան իր բացման խօսքէն ետք վարեց վիճակահանութեան բաժինը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ե՛ւ ճոխ ճաշերու տեսականիներուն, ե՛ւ վիճակահանութեան դրուած մօտ 20 նուէրներու մատուցողներուն ու նուիրատուներուն։
Միաւորի վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր նաեւ պատրաստելու եւ վաճառելու պարային բովանդակութեամբ գունազարդ կրավիւրներ, օրացուցային ոճով, որոնք քաջալերանքի արժանացան ներկաներուն կողմէ։
Վարձքը կատար բոլորին։
Բոլորս դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի ճանապարհի արժեւորումին։
Համազգայինի թղթակից